Անսահմանադրականօրէն Շուշին ծախողը, շուշին յանձնողը, մեր մշակոյթը պղծողը, եւ սահմանադրականօրէն ինք իր ժողովուրդին ճնշողը
22 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020 – ՍՓԻՒՌՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Անսահմանադրականօրէն Շուշին ծախողը, շուշին յանձնողը, մեր մշակոյթը պղծողը, այսինքն ինքզինք տակաւին մեր ներկայացուցիչ կարծողը, վարչապետի աթոռին քամուած մնացողը, վաղը յանկարծ կրնայ ըսել սփիւռքը մեզի պէտք չէ, «ինչպէս Շուշին» տարակարծութիւն ստեղծելով սփիւռքի մէջ:
Տակաւին չեմ խօսիր, այս անխելք որոշումով, ինչ որակի նիւթականի վնաս կրեց սփիւռքը:
Ոչ պարոն նիկոլ, դուն մեր տեղը չես կրնար որոշել, մենք հաւաքաբար կը որոշենք մեր տեղը, ես կը խրատեմ քեզ պարտուած տուն երթաս կամովին, որով սոս-ցանցերու մէջ շուշուկներ կան նեմեսիս-ի, մնացածը քեզի կը ձգէմ որ մտածես թէ ինչ կրնայ ըլլալ:
Ոչ պարոն նիկոլ, դուն մեր տեղը չես կրնար որոշել, անսահմանադրական սեփական որոշում առնելը հեշտ չէ, բայց դուն առիր, ժողովուրդն ալ անսահմանադրականօրէն կամ սահմանադրականօրէն քեզի եւ ազգային ժողովի ներկայացուցիչներու տուն ղրկելը հեշտ չէ, բայց ժողովուրդը իր պարտականութիւնը պիտի ընէ հաստատ:
Մենք հաւաքաբար կը որոշենք մեր տեղը,
– Այս վարկեանէն սկսեալ սկզբունք կը դնենք մեր հայրենասիրութիւնը օգտագործող հայաստանի հանրապետութեան պաշտօնեաներու առաջ, որ այլեւս չեն կրնար օգտագործել մեզ վասն ոչինչի:
– Միասնաբար պէտք է որոշենք, սփիւռքը եւ հայաստանի հանրապետութեան պաշտօնեաները թէ ինչ հիմքերու վրայ կը գործակցին, պէտք է գիտնալ նպատակը եւ ռազմավարական ուղղին:
– Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութենէ ի վեր, սփիւռքը զանազան ռազմավարական ծրագիրներու ուղութիւններ ներկայացուց հանրապետութեան պաշտօնեաներու, հանրապետութեան պաշտօնեաներու առաջին պատասխանը կ՛ըլլայ որ իրենք պետութիւն են եւ մենք պետութիւն չենք:
Առաջին օրէն մինչեւ այսօր տեսանք որ ամենամեծ պաշտօնեայէն մինչեւ փոքրիկ պաշտօնեան իրենց ուղեղներու մակարդակը սոս-ցանցերու մակարդակէ աւելի չէ, ահաւասիկ փաստը, հանրապետութեան առաջին ներկայացուչի մանկական դեմքը,
«հայր մը երբ յարդիմանէ իր փոքրիկին, անմիջապէս փոքրիկը ինքզինք պաշտպանելու համար,
արտահայտելով թէ ինք բան չէ ըրած, պզտիկ քոյրը եւ մէծ եղբայրը ըրած են:
Այսինքն միշտ ուրիշն է սխալողը, ինքը երբեք:
Սփիւռքը այսօր ժամանակաւորապէս կը խզէ իր կապերը այս մակարդակի քաղաքական մարտավարութիւն վարող քաղաքական ներկայացուցիչներու հետ, եւ կապերը աւելի կը սերտացնէ ուղղակիօրէն զինուորական մասնագետներու եւ հայկական բանակի հետ:
Սփիւռքին մի պարտադրեք որ ձեզ ըսէ, դուք ձեր ճամբով, մենք մեր ճամբով:
Այսինքն եթէ միասնաբար պիտի չի որոշենք մեր ռազմավարութիւնը, ապա սփիւռքը պարտադրանքի տակ պիտի ըլլայ մինակը գործադրէ իր ծրագրած ռազմավարութիւնը:
Ազատութիւն կամ Մահ բոլոր անոնց որ կը շեղուին իսկական ռազմավարական ուղղիէ:
Հարմանտայեան Արմենակ 22 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020 -ՓԱՐԻԶ