Փաթրիք Տէվէճեան
Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը Նոյեմբեր 25ին քննարկած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին պատժելիութիւնը նախատեսող նոր օրէնքի նախագիծը, զոր ներկայացուցած էր Վալերի Պուայէ:
Այս քննարկումին, Փաթրիք Տէվէճեան խօսք առած եւ շատ դիպուկ ձեւով պաշտպանած է նախագիծը:
Նախկին նախարար, Հօ-տը-Սէնի Նահանգային Խորհուրդի նախագահ, երեսփոխան Տէվէճեան ըսած է, թէ ինք կը յարգէ անհատներու ազատօրէն արտայայտուելու իրաւունքը եւ որոշ անձեր կրնան, -հաճոյքի համար իսկ- ժխտել ցեղասպանութիւնը, ինչպէս եղած է Շօայի ալ պարագային, նոյնիսկ եթէ ատիկա պատուաբեր չըլլայ անոնց:
“Ինծի համար հարցը այդ չէ։ Բուն խնդիրը պետական ժխտողականութիւնն է” ըսած է Տէվէճեան, շարունակելով. “կրնա՞նք արտօնել, որ պետութիւն մը գայ եւ Ֆրանսայի մէջ կատարէ կազմակերպեալ քարոզչութիւն։ Այս մէկը ոչ մէկ կապ ունի արտայայտութեան ազատութեան հետ։ Ձանձրացայ ստանալէ այս տեսակի փաստաթուղթեր, որոնք կը ղրկուին օտար երկրի մը կառոյցներուն կողմէ եւ կանոնաւորաբար կը բաշխուին Ֆրանսայի մէջ, հաղորդակցութեան կարեւոր պիւտճէներու տրամադրութեամբ՝ գործակալութիւններու, որոնք ցեղասպանութեան ժխտումը առեւտուրի վերածած են։ Արտօնելի՞ է որ մեր երկրին մէջ՝ օտար պետութիւն մը գայ եւ նման քարոզչութիւն ծաւալէ, թիրախ առնելով ֆրանսացի քաղաքացիներուն որոշ մէկ հատուածը, որոնք ճիշդ է որ օտար ծագում ունին, բայց ի վերջոյ Ֆրանսացի են միւսներուն նման, ապաստան, ազատութիւն գտած են Ֆրանսայի մէջ, եւ որոնք կրկին կը հալածուին, -ինչպէս հալածուեցան անոնց ծնողները այդ նոյն պետութեան կողմէ-, տարածումովը նման քարոզչութեան որ կ՚անարգէ անոնց ինքնութիւնը, քանի որ ցեղասպանութիւնը անպայմանօրէն մէկ բաղադրիչն է այդ ինքնութեան (…)։
Իմ երկրորդ դիտարկումս հետեւեալն է. յիշողութեան օրէնքներու վերաբերող ճառերը սկսած են յոգնեցնել զիս։ Նախ, ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ պատմաբաններու ազատութեան. ցաւով պէտք է հաստատեմ, որ շատ բուռն քայլեր հարկ եղան որպէսզի քանի մը պատմաբաններ սկսին հետաքրքրուիլ եւ այդ մասին խօսիլ մեր երկրին մէջ
(…) Ֆրանսայի մէջ միայն մէկ պատմաբան հետաքրքրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով… Իվ Թէրնոնը, որ արդէն երկար տարիներէ ի վեր կը գրէր, կը խօսէր, կը մեկնաբանէր կատարեալ անապատի մը մէջ։
(…) Բայց երբ կը լսեմ, որ պատմաբաններ կը գանգատին, թէ «պատմութիւնը օրինակարգելու փորձերով» կ՚ոտնակոխուի պատմաբանի իրենց ազատութիւնը (մինչդեռ բնաւ կապ չունի ատոր հետ)…։ Ստիպուած եմ յիշեցնելու, որ օրինակ՝ Յուլիս 14ի տօնակատարութիւնը նոյնպէս յիշողութեան օրէնք մըն է, մեր ազգային («ՆՅ» – ֆրանսական) ինքնութեան հիմնադիր արժէք է եւ որ քաղաքականութիւնը -բառին ազնուական իմաստով-, հիմնուած է յիշողութեան եւ Պատմութեան որոշ ընկալումի վրայ։ (…) Հետեւաբար շատ պէտք չէ չարախօսել յիշողութեան օրէնքներուն դէմ, քանի անոնք ապագայի ալ հիմնադիր արժէքներն են”։
ԱԶԱՏ ԽՕՍՔ
Ազատ Խօսք – Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
կայք էջ : www.azadkhosk.com
Խմբագիր – Երան Գույումճեան
Թիւ (53) Դեկտեմբեր 2015