Արցախեան Պատերազմին Վերաբերեալ Հայաստանի, Ատրպէյճանի Եւ Ռուսիոյ «Յայտարարութիւնը» Պէտք Է Մերժուի
20 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ –
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
9 Նոյեմբեր 2020ին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարները համաձայնագիր ստորագրեցին՝ զայն կոչելով «Յայտարարութիւն», դադրեցնելու համար 45օրեայ պատերազմը Արցախի մէջ եւ Ատրպէյճանին վերադարձնելու նախապէս հայերուն պատկանող տարածքները:
Այս ցնցող յայտարարութիւնը ըրաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ տագնապ ու յուսահատութիւն ստեղծելով ամբողջ աշխարհի հայերու շրջանակին մէջ: Գոյութիւն ունի չորս պատճառ, թէ ինչո՛ւ հայերը արձագանգեցին այսպիսի յոռետեսութեամբ եւ վիշտով.
1) Հայաստանի պաշտօնեաներէն 45 օր անընդմէջ լսելէ ետք՝ «Յաղթելու ենք», յանկարծ մեզի ըսուեցաւ, որ իրականութեան մէջ կրած ենք ջախջախիչ պարտութիւն: Նոյնիսկ մեր զոհուած զինուորներուն թիւը շատ աւելի փոքր կը հաղորդուէր՝ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան վերջին յայտարարութեան համաձայն: Դժբախտաբար, կը սպասուի, որ կորուստներուն վերջնական թիւը ըլլայ հազարներով:
2) Ասիկա թերեւս ամէնէն մեծ կորուստն էր 105 տարի առաջ գործուած Հայոց Ցեղասպանութենէն ի վեր: Հայերը բարոյալքուած եւ խաբուած են իրենց ղեկավարներուն կողմէ: Անոնք ցնցուած են մինչեւ իրենց հոգիին խորքը: Ասիկա նուաստացուցիչ անձնատուութիւն էր: Հայոց Ցեղասպանութեան յետնորդները, որոնք իրենց ծիներուն մէջ դեռ կը կրեն այդ ահռելի ողբերգութեան սերունդէ սերունդ փոխանցուած ցաւը, խորապէս ազդուած են այս սարսափելի պարտութենէն, որ բացաւ իրենց հին, չբուժուած վէրքերը:
3) Հազարաւոր հայ երիտասարդ զինուորներու զոհուիլը այս պատերազմին խորապէս վշտացուցած է համայն հայութիւնը: Շատերը կը մտածեն՝ արդեօք անոնց զոհաբերութիւնը ապարդի՞ւն էր:
4) Հայերը կորսնցուցին իրենց պատմական տարածքներուն զգալի մէկ մասը՝ իրենց տուներուն, եկեղեցիներուն, յուշարձաններուն եւ գերեզմանատուներուն հետ միասին: Ինչպէս մէկ դար առաջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան հետեւանքները այսօրուան սերունդին մէջ տակաւին կը մխան, նոյնպէս ալ այս վերջին աղէտը մնայուն ազդեցութիւն պիտի ունենայ համայն հայութեան հոգեվիճակին վրայ:
Այս խնդրայարոյց «Յայտարարութեան» հրապարակումէն ետք մեծ վիճաբանութիւններ ծագեցան Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ: Հայ ժողովուրդը, որ մէկ մարդու պէս համախմբուած էր պատերազմին ընթացքին, յանկարծ բաժնուեցաւ. անոնք սկսան իրարու կոկորդ կրծելու: Երեւանի մէջ պատահեցան շատ տգեղ միջադէպեր, որոնք, յոյսով եմ, չեն հասնիր Սփիւռք: Ոչ մէկ հայ պէտք է բռնութեան ենթարկէ ուրիշ հայ մը կամ ոչնչացնէ ոեւէ մէկուն ունեցուածքը: Թէեւ մենք շատ լուրջ խնդիր ունինք, բայց միմեանց վրայ յարձակիլը ոչինչ կը լուծէ: Միեւնոյն ատեն, անոնք, որոնք Երեւանի մէջ բողոքի ցոյցեր կ՛իրականացնեն, պէտք է թոյլ տրուի անոնց այդ ընել՝ առանց կառավարութեան կողմէ որեւէ հետապնդումի ենթարկուելու: Մարդոց ազատ խօսքի իրաւունքը պէտք է յարգէ յատկապէս այն ղեկավարը, որ եկած է իշխանութեան՝ քարոզելով ժողովրդավարական իրաւունքներ եւ արժէքներ:
Յաջորդ հակասութիւնը՝ այս պարտութեան պատասխանատուները յայտնաբերելն է: Հոս դարձեալ ունինք երկու հակադիր ճամբար: Վարչապետ Փաշինեան եւ անոր համախոհները կը խոստովանին, որ վարչապետին այլ բան չէ մնացած, բացի եռակողմ «Յայտարարութիւնը» ստորագրելէ եւ Ատրպէյճանին աւելի շատ տարածքներ զիջելէ, փրկելու համար կեանքը հազարաւոր հայ զինուորներու, որոնք այլապէս պիտի գերեվարուէին կամ սպաննուէին: Այս տեսակէտին կողմնակիցները կը մեղադրեն նախորդ նախագահները՝ ազգին հաշուոյն իրենք զիրենք հարստացնելու իսկ ռազմական ուժը խեղճացնելու մէջ: Փաշինեան կ՛ըսէ, որ եթէ ինք հրաժարէր ստորագրելէն «Յայտարարութիւնը», ապա հետեւանքը շատ աւելի վատ պիտի ըլլար հայ ազգին համար: Ատրպէյճան կը գրաւէր մնացած Արցախը:
Իսկ անոնք, որոնք դէմ են Փաշինեանի դիրքորոշման, կը նշեն, որ վարչապետը պարզապէս իր կրած պարտութեան համար պատասխանատուութիւնը կը նետէ նախորդներուն վրայ: Անոնք կը մատնանշեն, թէ Փաշինեան որոշում կայացուցած է «Յայտարարութիւնը» միայնակ ստորագրելու՝ խորհրդակցելով միայն Արցախի նախագահին եւ զօրավարներուն հետ: Փաշինեան տեղեակ չէ պահած նոյնիսկ Հայաստանի նախագահը, վերջերս հրաժարած արտաքին գործոց նախարարը կամ Հայաստանի խորհրդարանը: Անոնք բոլորը այս չարաբաստիկ յայտարարութեան մասին գիտցած են լրատուական միջոցներէն: Ասիկա սպասելի չէր վարչապետէն, որ եկած է իշխանութեան իբրեւ ժողովրդավարութեան եւ թափանցիկութեան պաշտպան: Խորհրդատուութիւն տեղի չէ ունեցած նոյնիսկ Մինսկի խումբի միջնորդ երկու այլ անդամներու՝ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ: Փաշինեան չյարգեց նաեւ այն խոստումը, որ տուած էր 17 Օգոստոս 2018ին, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ գտնուող 300 հազար մարդոց առջեւ՝ յայտարարելով, որ «Արցախի վերաբերեալ գաղտնի ոչ մէկ թուղթ կը ստորագրէ»: Ան աւելցուցած էր, որ «եթէ նման իրավիճակ ըլլայ, ես կու գամ ու կը կանգնիմ հոս, ձեզի կը ներկայացնեմ բոլոր մանրամասնութիւնները, եւ դուք կ՛որոշէք՝ պիտի ընդունի՞նք այդ տարբերակը, թէ ոչ»: Փաշինեան ներկայիս կը պնդէ, որ այս «Յայտարարութիւնը» պարզապէս զինադադար է, այլ ոչ թէ համաձայնութիւն արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ: Ակնյայտ է, սակայն, որ ստորագրուած «Յայտարարութիւնը» աւելին է քան հրադադար: Ատիկա եօթը շրջաններու վերադարձն է եւ առաւել՝ Արցախի մեծ մասի զիջում: Իբրեւ հետեւանք, Փաշինեանի հակառակորդները կը պահանջեն անոր հրաժարականը:
Իմ կարծիքով, կայ շատ աւելի պարզ բացատրութիւն: 1994ի զինադադարէն ի վեր Հայաստանէն ներս թէ դուրս գտնուող հայերը ամբողջովին դէմ էին ազատագրուած տարածքները Ատրպէյճանին վերադարձնելու գաղափարին: Այդպէս կը մտածէին նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարները, բացառութեամբ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին, որ կը փափաքէր տարածքային զիջումներ ընել Ատրպէյճանի, եւ իբրեւ հետեւանք՝ անոր ստիպեցին հեռանալ պաշտօնէն: Հայաստանի հետագայ նախագահները լաւ գիտէին, որ հայ ժողովուրդը չ՛ընդունիր Արցախի հարցով տարածքային զիջումներ: 1994ի զինադադարէն ի վեր տեղի ունեցած են տասնեակ մը ապարդիւն հանդիպումներ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եւ ղեկավարներու միջեւ, Մինսկի խումբի՝ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ: Հայկական դիրքորոշումը այն էր, որ մենք կը քննարկենք Արցախի շուրջ որոշ տարածքներ վերադարձնելու հարցը, եթէ Ատրպէյճան ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Հայերը աւելի շատ փաթեթային գործարք կ՛ուզէին, քան փուլային լուծում: Պատճառը այն էր, որ եթէ հայերը նախապէս զիջէին յարակից տարածքները, ապա Ատրպէյճան այնպիսի դիրքի վրայ պիտի յայտնուէր, որ պիտի կարենար գրաւել նաեւ Արցախը: Այդ ընթացքին հայերը եւ ամբողջ աշխարհը բազմաթիւ անգամ յայտարարած են, որ Արցախի հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի եւ պէտք է լուծուի խաղաղ բանակցութիւններու ճամբով: Այնուամենայնիւ, նախագահ Ալիեւ կը շարունակէր սպառնալ ռազմական ուժի կիրառումով վերադարձնել կորսնցուցած տարածքները: Օգտագործելով քարիւղային իր հսկայական եկամուտը՝ Ատրպէյճան Իսրայէլէն, Ռուսիայէն եւ այլ երկիրներէ գնեց միլիառաւոր տոլարներ արժող ժամանակակից զէնքեր: Հայաստան նոյնպէս գնած է որոշ զէնքեր, բայց միջոցներ չունէր այդ մրցավազքին մէջ հասնելու Ատրպէյճանին: Հայերը լուրջ չէին վերաբերած Ալիեւի սպառնալիքներուն: Ի վերջոյ, Ատրպէյճան ապահովեց թուրք զինուորականներու աջակցութիւնն ու մասնակցութիւնը եւ իր կողքին կռուելու համար հաւաքագրեց քանի մը հազար իսլամ ծայրայեղական ահաբեկիչ վարձկաններ: Հեռակառավարուող անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրթիռներով բարձր արհեստագիտական պատերազմը կործանեց հայ զինուորականութիւնը եւ նուաճուեցաւ այն, ինչէն Հայաստանն ու Արցախը պատրաստ չէին հրաժարելու՝ հակառակ հայ զինուորներու հերոսական ջանքերուն:
Ուստի, հարցնելու փոխարէն, թէ ո՛վ է մեղաւոր այս ձախողութեան համար, պէտք է ընդունիլ, որ մենք բարձր գին վճարեցինք՝ անկարող ըլլալով հակազդել Ատրպէյճանի եւ ՆԱԹՕի մէջ երկրորդ ամէնէն հզօր ռազմական ուժ ունեցող Թուրքիոյ հզօր զէնքերուն: Ինչպէս խոստովանեցաւ Փաշինեան, եթէ ինք աւելի կանուխ զիջէր Արցախի շրջակայքի որոշ տարածքներ, ապա այս անձնատուութիւնը չէր ըլլար: Այսուամենայնիւ, եթէ մենք հրաժարէինք այդ տարածքներէն առանց Արցախի վերջնական կարգավիճակի մասին համաձայնութեան մը գալու, ապա Ատրպէյճան այդ ժամանակ կը յարձակէր եւ կը գրաւէր նոյնիսկ Արցախը:
Կան երկու հիմնական փաստեր, զորս բոլորս պէտք է ընդունինք.
1) Հզօր կողմը միշտ ալ կը յաղթէ պատերազմը, անկախ անկէ, թէ որքա՛ն արդար է տկար կողմին իրաւունքը: Հայերը չօգտագործեցին վերջին 26 տարիները՝ Արցախը անառիկ ամրոց դարձնելու համար: Անոնք պէտք է ունենային պաշտպանական համակարգ՝ Արցախը անօդաչու թռչող սարքերու հարուածներէն պաշտպանելու համար:
2) Երբ դուն տկար ես եւ քեզ փրկելու համար յոյսդ կը դնես ուրիշներու վրայ, ապա կը հիասթափիս եւ կը պարտուիս: Հայերը անընդհատ կ՛ըսէին՝ մենք մինակ մնացեր ենք: Ասիկա զարմանալի չէ: Բոլոր երկիրները որոշումներ կը կայացնեն՝ մեկնելով իրենց ազգային շահերէն:
Փաշինեանի ստորագրած «Յայտարարութիւնը» կործանարար է: Մենք պէտք է միջոց մը գտնենք նուազագոյնի հասցնելու մեր կորուստները: Բացի Արցախի մէջ եւ շրջակայքը գտնուող տարածքները կորսնցնելէն, մենք պէտք չէ համաձայնէինք Հայաստանի տարածքով Ատրպէյճանին միջանցք տրամադրել՝ Նախիջեւանին կապուելու համար: Ասիկա թոյլ կու տայ Թուրքիոյ, որ ցամաքային ճամբով շրջանցէ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանի ու անոր սահմաններէն դուրս կապուի թրքական այլ հանրապետութիւններու հետ: Ասիկա Թուրքիոյ փանթուրանական երազանքի իրականացումն է, զոր մենք ամէն գնով պէտք չէ արտօնէինք:
Ի վերջոյ, «Յայտարարութեան» գրութիւնը, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան համաձայն համարժէք է պայմանագիրի, պէտք է ներկայացուի Հայաստանի Սահմանադրական դատարան եւ Ազգային ժողով՝ վաւերացման համար: Հակառակ պարագային, անիկա իրաւական ուժ չ՛ունենար: Հայաստան պէտք է ներգրաւէ նաեւ Ֆրանսան եւ Ամերիկան՝ Մինսկի խումբի միջնորդ միւս երկու անդամները, բանակցային գործընթացին մէջ աւելի լաւ արդիւնք ստանալու համար:
Թէեւ Փաշինեան խոստովանեցաւ, որ իբրեւ գլխաւոր հրամանատար ինք պատասխանատու է Հայաստանի պարտութեան համար, ան կը մերժէ հրաժարական տալ: Ուստի պէտք է տեղի ունենայ հանրաքուէ՝ տեսնելու համար, որ արդեօք հայ հասարակութիւնը հաւանութիւն կու տա՞յ, թէ կը մերժէ «Յայտարարութիւնը»: Եթէ հայերը մերժեն ատիկա, ապա Փաշինեանին բան չի մնար, բացի հրաժարական տալէն: Ընտրուած նոր ղեկավարը, որ, յոյսով եմ, նախորդ վարկաբեկուած վարչակարգերէն մէկը չ՛ըլլար, պիտի փորձէ բանակցիլ վերատեսութեան ենթարկուած համաձայնագիրին շուրջ՝ համարելով, որ տապալած Փաշինեանի ստորագրած պայմանագիրը անվաւեր է: Այս տարբերակը, սակայն, Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ նոր յարձակումի վտանգ կը պարունակէ:
Կը յուսամ, որ Հայաստանի նոր ղեկավարները ողջախոհութեամբ կ՛անցնին այս ցնցումային փորձէն եւ իրենց ուժերը կը կեդրոնացնեն հզօր բանակ ստեղծելու վրայ, որպէսզի կարենան դիմակայել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետագայ բոլոր յարձակումներուն: Վերջապէս, ճիշդ ժամանակն է, որ Հայաստան ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը կամ անոր միացումը Հայաստանին՝ այդպիսով իսկ ներդնելով անսպասելի նոր գործօն մը Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն մէջ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց` ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց` ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
asbarez.com/arm/380583/արցախեան-պատերազմին-վերաբերեալ-հայա/