105 Տարի Ետք Նոյն Քաղաքական Աւազակները, Զոհերը Եւ Բարեսէր Ամբարիշտ Հանդիսատես «Մանիթու»-ները

Ֆրանսական «Լիպերասիոն» թերթի 13 նոյեմբերի «Հրաժեշտ արմատներուն» խորագրով յօդուածին ընկերացող լուսանկարը

105 Տարի Ետք Նոյն Քաղաքական Աւազակները, Զոհերը Եւ Բարեսէր Ամբարիշտ Հանդիսատես «Մանիթու»-ները

24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ –

Ներխուժողին, նախայարձակին, աւազակին, չարագործին, ոճրագործին եւ զոհին նոյն աչքով նայող այսպէս կոչուած քաղաքակիրթ աշխարհի անզօրութեան, վատութեան եւ շահախնդրուած մեղսակցութեան ողբերգութեան թատրոնը կը բեմադրուի:

Բեմը` հայաշխարհ Արցախն է:

Քաղաքական որձեւէգութեան մեծ մանիթուները, իրենք զիրենք հիւսիսային Ամերիկայի ցեղախումբերու հաւատացած աշխարհի վրայ ամէն բան ստեղծած ՈԳԻ-ին ժառանգորդ համարելով` տնաքանդ (չ)արդարութիւն կը վճռեն եւ հաւաքականութիւնները կը դատապարտեն կորսնցնելու տուն, տեղ, պատմութիւն, իրաւունք, եւ` դառնալու անհող:

Քաղաքակիրթ կոչուած նոր ժամանակներու գաղթականներ, անտուն, անանցեալ անկողմնացոյց թափառող յաւերժի գաղթականներ:

Դեռ նուազագոյն մարդկայնութիւն պահած մարդը, մէկ բեւեռէն միւսը, որ կը կարծէ, թէ Մարդկային Իրաւանց կանոններով պաշտպանուած է, ի՞նչ կը մտածէ, երբ հեռատեսիլի պզտիկ պատուհանէն կը դիտէ իր տունը, հայրերու գերեզմանները լքելու դատապարտուած եւ գաղթական դարձող Արցախի հայերը: Ինչպէս 1915-ին: Ասոնք քալելով պիտի չանցնին անապատներէն: Բեռնակառքերով պիտի երթան այլ տեղ նոր կեանք ստեղծելու: Իսկ այդ հողէն ծնած, այդ հողով ապրած, այդ հողը ապրեցուցած հայր, մայր, պապիկ եւ մամիկ ո՞ր նոր կեանքը պիտի սկսին, ի՞նչ ընելու համար:

Մեծ մանիթուները` Մոսկուա, Փարիզ, Նիւ Եորք, Փեքին, Պերլին, Լոնտոն կամ այլուր, պատմութեան դառն կատակով` նաեւ Երեւան, ափսո՜ս, թուղթի վրայ մարդոց ճակատագիր որոշողները, տեսա՞ն, կը տեսնե՞ն, կ՛ուզե՞ն տեսնել, կը զգա՞ն, իր տունը ուրիշին ձգելու դատապարտուած հայուն ահաւոր ցաւը, երբ ան մեկնելէ առաջ կրակի կու տայ իր ձեռքերով շինած տունը` ափ մը հող վերցնելով իրեն հետ որպէս ցաւի յիշատակ:

Նորոյթ է empahie բառին գործածութիւնը: Նոյնիսկ թուրքերը կը գործածեն զայն:

Փակագիծ մը բանանք եւ փորձենք հասկնալ, թէ ի՞նչ է empathie-ն: Ան կ՛ենթադրէ, եսը գերանցելով, զգալ ուրիշի յուզումը, ինքզինք դնել անոր վիճակին մէջ, հասկնալ անոր գաղափարները, բաժնել անոր զգացումները: Ան համազգացողութիւն է: Ո՛չ թնդանօթ է, ո՛չ ալ սպայակոյտի քարտէս:

Հայաշխարհ Արցախի գիւղեր եւ քաղաքներ զինու զօրութեամբ կը դատարկուին իրենց ազգաբնակչութենէն: Մարդիկ անտուն պիտի դառնան: ՏՈՒՆ-ը միայն բնակելի տարածք չէ, պատսպարան չէ, կեանք է, կենսատու, հոգիի եւ միտքի աւազան: Եթէ Փութին, Լաւրով, Կութերեզ, Մաքրոն, Թրամփ, Պայտըն, Մերքել, ուրիշներ, նաեւ` Փաշինեան, անկուշտներ` Ալիեւ եւ Էրտողան, իրենք ալ ունենային նուազագոյն empathie, համազգացողութիւն, Արցախի հայը չէին դատապարտեր իր տունը կրակի տալու… եւ փարիա դառնալու` անիծելով ոճրագործները եւ անոնց մեղսակիցները:

Ա՞յս է ճանապարհը մանիթուներու ջատագոված խաղաղութեան:

Փակագիծ մը` ժողովուրդներու ներկային վրայ:

Միջազգային ժողովներ կը գումարուին, ճառեր կը խօսուին, բանաձեւեր կը քուէարկուին բազմանուն ԲՆԻԿ ժողովուրդներու ի նպաստ. մաորիներ, քեշուաներ, այմարաներ, քանաքներ, պորորոներ, նամպիքուարաներ… Ըստ գնահատումներու,անոնք շուրջ 400 միլիոն են` ցրուած 90 երկիրներու մէջ: ԲՆԻԿ-ի սահմանումը չի վերաբերիր միայն հեռաւոր երկիրներու, որոնք ծնունդ առած են Ամերիկայի գիւտէն ետք: ԲՆԻԿ-ի հարց կայ նաեւ գաղութարար երկիրներու միջին եւ ծայրագոյնԱսիա եւ Ովկիանիա թափանցման հետեւանքով:

ԲՆԻԿ ժողովուրդները կը պահանջեն իրենց իրաւունքներու ճանաչումը, կը պայքարին իրենց հողի եւ մշակոյթի կողոպուտին դէմ:

Բայց ԲՆԻԿ-ի ըմբռնումը եւ իրաւունքը անտեսուած են քաղաքակիրթ կոչուած ՀԻՆ ԱՇԽԱՐՀին մէջ:

Հայոց ԲՆԻԿ-ի իրաւունքը ոտնակոխուած է, անոր բազմադարեան հայրենիքը օտար եւ ներխուժող ցեղերու եւ ժողովուրդներու կողմէ բզկտուած է օրէնք մշակող եւ օրէնքի գործադրութեան հսկող միջազգային մեղսակցութիւններով, որոնք դաշնագրեր կը ստորագրեն, կը պատռեն, նորը կը ստորագրեն: Դարերու վրայ տարածուող անարդարութիւն եւ ոճիր, որուն վերջին արարը կը խաղցուի մեր անմիջական ներկային մէջ:

Բեմը Կովկասն է, զոհը` հայկական Արցախը:

Դար մը առաջ բեմը Արեւմտահայաստանն էր:

ԲՆԻԿ-ի իրաւունքը միջազգային արդարութեան եւ խաղաղութեան նախապայման է, որ եթէ չիրագործուի, տիրակալները պարտաւորուած պիտի ըլլան ժամանակ առ ժամանակ ցեղասպանութեան դիմելու` ԲՆԻԿ-ի հողին տէր ըլլալու համար: Մէջք կոտրելով, հրասայլերով եւ անօդաչու սարքերով պարտադրուած խաղաղեցումը խաղաղութիւն չէ, արդարութիւն չէ: Ինչպէս գրականութեան համար ըսած է բանաստեղծը, վտարեցէ՛ք բնականը, ան քառասմբակ կը վերադառնայ: Խաղաղեցումը ո՛չ արդարութիւն է, ո՛չ խաղաղութիւն, այլ` սկիզբ պառակտումներու:

Այսօր իր տունէն, հայրերու գերեզմաններէն եւ սրբավայրերէն հեռանալու դատապարտուած ժողովուրդը բնականը վերահաստատելու երազը պիտի ունենայ միշտ: Այսինքն անարդար խաղաղեցումը միայն ժամանակաւոր է:

Մոսկուան խաղաղեցում պարտադրեց, որուն հետեւանքով իր բազմադարեան ԲՆԻԿ աշխարհէն դուրս կը դրուի հայը: Ինչպէս դար մը առաջ դուրս դրուած էր Արեւմտահայաստանէն` իրականացնելով թրքական խաղաղեցումը: Զոյգ պարագաներուն ալ խաղաղեցումը համերաշխութիւն, համագործակցութիւն, փոխըմբռնում չէ: Պալար է, որ ապագան կը թունաւորէ: Շաւարշ Միսաքեան իր յուշերուն մէջ կը խօսի Թուրքիոյ հայ լրտեսներու եւ մատնիչներու մասին: Պատմութիւնը կը յիշէ Անիի բանալիները թշնամիին յանձնող Վեստ Սարգիսը: Գէթ ԱՅՍՕ՛Ր, մեր պատմութեան դառն փորձերէն ետք, մեր ժողովուրդին, ինչպէս կ՛ըսուի` հպարտ հայերուն, պէտք է խնայուի կրկին Վեստ Սարգիս ըլլալու եւ մեր Տան բանալիները յանձնելու տխրութիւնը…Խնայուէր…

Եւ միշտ պէտք է հետապնդել ՀԱՅ ԲՆԻԿԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ, այսօր` Ամարաս, Տիգրանակերտ եւ Ղազանչեցոց եկեղեցիով Շուշի, երէկ, այսօր եւ միշտ` Անի, Վան, Մուշ, Սասուն, Կարս… Տեղ մը դաշնագիր ստորագրած են այսօրուան իրաւարարներուն նախորդները` արդարութիւն ընելու համար, եղած են խոստմնադրուժ, անբարոյութիւն, որ կը շարունակուի…

Անվարան պէտք է բարձրաձայնել իրաւունքը, ներսը եւ դուրսը, զինաթափ չըլլալ: Այլապէս մեր ազգի անունն ալ օր մը կ՛արձանագրուի մեռած ազգերու ցանկին վրայ եւ կը զբաղեցնէ պատմաբանները` վասն բանգիտութեան, ոչ` արդարութեան եւ իրաւունքի:

Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ այսօր Կովկասի մէջ կրկնուող ՏԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆն է հայութեան:

Անվարան պէտք է ըսել. լռողները մեղսակից են, նոյնիսկ եթէ պիտի զրկուինք «Մեծ»-երու հաճոյախօսութիւններէն:

Իւրայիններու պարագային մեղսակիցը մեղմասացութիւն է վատին նկատմամբ:

Պէտք է յիշել, եւ մանաւանդ մեր ժամանակակիցներուն յիշեցնել պայծառատեսութեան պահու մը ըսուած քննադատական խօսքեր, որոնք յաճախ նաեւ ինքնաքննադատութիւն են: Ուինսթըն Չըրչիլ ըսած է.

«1915-ին, թուրք կառավարութիւնը սկսաւ եւ անխնայ իր աւարտին հասցուց Միջին Ասիոյ հայոց տարագրութիւնը եւ ջարդը, վատահամբաւ արարք մը… Միջին Ասիոյ այս ցեղի բնաջնջումը կատարեալ եղաւ այնքան, որ կարելի էր այդ ծաւալով… Ոչ մէկ կասկած կայ, որ այս ոճիրը ծրագրուեցաւ եւ գործադրուեցաւ քաղաքական նպատակներով»*:

Ինչ որ կը պատահի այսօր, շարունակութիւնն է մեծ ոճիրին` միշտ թուրք կառավարութեան ձեռքով, նո՛յն քաղաքական նպատակով, բնաջնջելու համար ԲՆԻԿ հայը, անոր պատմական հայրենիքը ծուատելու համար:

Լռողները եւ խիղճ հանդարտեցնող իրաւարարները, հանդիսատեսները եւ կրաւորականութեամբ ոճիրը ընդունողները մեղսակից են:

Այս պէտք է ըսել դուրսի եւ ներսի համար:

Այսօր, կէս գիշերին, հայապատկան հողեր կը յանձնուին թուրքին, եւ անոնց հայ բնիկները կը դառնան հայրենազուրկ գաղթական:

Սիամանթօ պէտք է ըլլալ` գոռալու համար. «Ո՛վ մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնեմ քո ճակատին»…

Բայց թուքով իրաւունք չի վերականգնիր:

14 նոյեմբեր 2020, Նուազի-լը-Կրան

* The world crisis, vol. 5, «The Aftermath» (Charles Scribner՛s Sons, 1929)

Ֆրանսական «Լիպերասիոն» թերթի 13 նոյեմբերի «Հրաժեշտ արմատներուն» խորագրով յօդուածին ընկերացող լուսանկարը

aztagdaily.com/archives/490351

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail