Վատիկանի Փակ Արխիւներուն Մէջ Գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերող Բոլոր Փաստաթուղթերը Կը Հրատարակուին

ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր».– Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, 21 Նոյեմբերին Հռոմի Սանթա Մարիա Մաժորիթի եկեղեցւոյ Քահանայապետական արեւելագիտութեան հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած է հիմնարկի փրոֆեսէօր հայր Ճորճ Հանրի Ռոյսենի բացառիկ եօթնհատորեակի շնորհահանդէսը:

Ներկայ էին Քահանայապետական արեւելագիտութեան հիմնարկի նախագահ Տաւիտ Նազար, Սանթ Էճի-տիօ համայնքի հիմնադիր Անտրէա Ռիքարտի եւ Սանթ Էճիտիօ համայնքի նախագահ Մարքօ Իմփալիացցօ, Հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրեր, հասարակական-քաղաքական հատուածի ներկայացուցիչներ եւ իտալահայ գաղութի անդամներ: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն։

Գիրքին մէջ կը ներկայացուին Վատիկանի փակ արխիւներուն մէջ գտնուող ու Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող բոլոր փաստաթուղթերը՝ համիտեան ջարդերէն մինչեւ յետ-Ցեղասպանական՝ քեմալական կառավարման շրջանի տարիներ, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ ամբողջական պատկերացում կազմելու ոճրագործութեան բոլոր հանգրուաններուն մասին՝ ցեղասպանութեան նախապատրաստութենէն մինչեւ գործադրութիւն։

Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առած է Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեան, որ իր խօսքին մէջ յատկապէս նշած է, որ եօթնհատորեակը ցեղասպանագիտութեան ոլորտին մէջ լրջագոյն ձեռքբերում է եւ պատմութիւն, որ նաեւ թուրքերունն է: «Հայր Ռոյսէնի աշխատանքը մեզ օգնում է յարաբերուել փաստերի հետ: Այն մեզ օգնում է ընթերցել անցեալը՝ դասեր քաղելով ապագայի համար», յայտնած է ան:

Այս առիթով դեսպան Մինասեան հայր Ճորճ Հանրի Ռոյսէնին յանձնած է Հայաստանի նախագահին կողմէ շնորհուած պատուոյ շքանշանը՝ հայագիտութեան զարգացման եւ հոգեւոր արժէքներու տարածման առումով ունեցած նշանակալի աւանդին համար:

ԱԶԱՏ ԽՕՍՔ
Ազատ Խօսք – Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
կայք էջ : www.azadkhosk.com
Խմբագիր – Երան Գույումճեան
Թիւ (53) Դեկտեմբեր 2015

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail