«Խորհրդանշականօրէն» Արցախի եւ Մայր Հայաստանի Միաւորման Վերաբերեալ Պատմական Որոշումէն 31 Տարի Ետք Նոյն Օրը Ֆիզիքապէս Կը Խզուի Մեր Միացումը՝ Ձգելով Զուտ Մէկ «Պորտալար». Արտակ Բեգլարեան
02 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Մեր սերունդը մեծ պարտքեր ունի տալու նախորդ ու գալիք սերունդներուն, եւ արդէն մեկնարկած է Արցախեան շարժման նոր ու աւելի ծանր փուլը, որուն վերջնարդիւնքը մեծապէս կախուած է մեր իսկ սերունդէն։ Այս մասին, Facebook-ի իր էջին միջոցով կը յայտնէ Արցախի ՄԻՊ Արտակ Բեգլարեան:
««Խորհրդանշականօրէն» Արցախի եւ Մայր Հայաստանի միաւորման վերաբերեալ պատմական որոշումէն 31 տարի ետք, նոյն օրը, ֆիզիքապէս կը խզուի մեր միացումը՝ ձգելով զուտ մէկ «պորտալար»…
Ինծի համար ասիկա ոչ միայն ազգային, այլ նաեւ անձնական դժբախտութիւն է, քանի որ հայրս՝ Արտիոմ Սուրէնի Բեգլարեանը, 28 տարի առաջ զոհուած է Քաշաթաղի հիւսիսային բնակավայրերու ազատագրման ժամանակ, այն բնակավայրերու, որոնք այսօր կը յանձնուին գերութեան: Անկախ այս միջանկեալ զարգացումէն, որ խստօրէն կը տարբերի մեր նահատակներուն երազանքներէն, միեւնոյն է՝ ես հպարտ եմ իմ ընտանիքի զոհաբերութեամբ յանուն Հայրենիքի…
Մեր սերունդը մեծ պարտքեր ունի տալու նախորդ ու գալիք սերունդներուն, եւ արդէն մեկնարկած է Արցախեան շարժման նոր ու աւելի ծանր փուլը, որուն վերջնարդիւնքը մեծապէս կախուած է մեր իբկ սերունդէն:
Ի դէպ, ես Արցախեան շարժման մեկնարկի ծնունդ եմ եւ այդ համազգային զարթօնքը դիմաւորած եմ մօրս փորին մէջ, իսկ ՀՀ Սահմանադրութեան ընդունումէն եօթը տարի առաջ՝ յուլիսհինգեան ծնունդէս ետք՝ ծնողներս վերջին պահուն անունս դրին Արտակ՝ միւս քննարկուող տարբերակի՝ Արցախի փոխարէն:
Այնպէս որ ես ի ծնէ, այնուհետեւ՝ գիտակից կեանքիս սկիզբը երդուած եմ կեանքս նուիրել Հայրենիքին ու Արցախեան շարժման՝ մինչեւ յաջող վերջնարդիւնք կամ ցմահ: Ես երդումէն ու պարտքէս փախչող տեսակ չեմ…»,- գրած է ան:
yerakouyn.com/2020/12/01/խորհրդանշականօրէն-արցախի-եւ-մայր-հ/