Հայաստան, Արցախ Եւ Սփիւռք՝ Յետպատերազմեան Հրամայականներ. Յ. Պալեան

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Հայաստան, Արցախ Եւ Սփիւռք՝ Յետպատերազմեան Հրամայականներ. Յ. Պալեան

02 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Յետպատերազմեան եզրը մեղմ բառ է, նոյնիսկ եթէ օտարներուն համար այդպէս կարելի է բնորոշել Հայաստանի, Արցախի եւ ազգի կացութիւնը: Դուրսէն դիտողի եւ թիւ-թուականով պատմութիւն արձանագրողի վերաբերում:

Հայ ազգի, մեր զոյգ պետութիւններու եւ նոյն աւազանին մէջ ինքզինք գտած սփիւռքի պարագային, հարկ է խօսիլ ՅԵՏ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ եւ ՅԵՏ ՄԵԾ ԱՂԷՏի մասին, գիտնալու՝ թէ ո՛ւր ենք, գնահատենք կացութիւնը, անխարխափ մտածենք ելքի մասին:

ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ. թշնամին յաղթած է եւ մենք պարտուած: Մեզի պարտադրած են տիքթաթներ եւ մենք ստորագրած ենք անոնց տակ: Դարեր շարունակ հայրենի հողեր կորսնցնելէ ետք, անոնք մասամբ վերանուաճած էին հաւատքի կռիւով: Հիմա զանոնք կրկին կը կորսնցնենք:

ՄԵԾ ԱՂԷՏ. Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք կը դիմագրաւեն յետպատերազմեան աղէտ. պատերազմի հազարաւոր զոհեր եւ հաշմանդամներ: Որդիներ, հայրեր: Կրկին որբեր, անօգնական մայրեր եւ ծնողներ: Հաշմանդամներ՝ որոնց նկատմամբ արիւնաքամ երկիրը պատասխանատուութիւն ունի:

Աւերուած տուներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ այլ կառոյցներ հարկ է վերաշինել: Վերաբնակեցնել հայրենիքի բռնագրաւուած տարածքներէն այլ վայրեր ապաստանած ժողովուրդը: Ինչպէ՞ս, ի՞նչ միջոցներով կարելի կ’ըլլայ իրականացնել վաղուան համար արդիւնաւէտ վերաբնակեցումը:

Քայքայուած տնտեսութիւն եւ պատերազմի պատճառած աստղաբաշխական կորսուած-ծախսուած գումարներ: Ինչպէս կ’ըսուի Սոթքի հանքին կիսով գրաւման համար, Հայաստան կորսնցուցած է իր գլխաւոր հարկատուներէն մին: Եւ այդպէս բաներ:

Այս անմիջականօրէն ՏԵՍԱՆԵԼԻ ՊԱՏԿԵՐՆ Է ԱՂԷՏԻՆ:

Լռած են զէնքերը: Արդէն կ’ուրուագծուի այլ ՄԵԾ ԱՂԷՏը. ԳԱՂԹԸ: Կ’ունենա՞նք, կը ստեղծե՞նք միջոցները առաջքը առնելու ՆՈՐ ԳԱՂԹԻ եւ կորսնցնելու Արցախի տէր ըլլալու կոչուած արդէն քիչ համրանքը: Առաջքը առնելու նաեւ պատերազմական ծախսերու հետեւանքով յառաջանալիք Հայաստանի տնտեսական տագնապին, եւ կրկին բանալով դռները Հայաստանէն ԱՐՏԱԳԱՂԹին, մասնաւորաբար երիտասարդներուն, որ երկիրը պիտի դատարկէ իր կենսունակ ուժէն, որոնք իրենց ետին պիտի ձգեն հաշմանդամները, տարեցները եւ թոշակառուները:

Համագումար՝ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՎԱՂՈՒԱՆ ԱՂԷՏԸ:

Կարելի է շարունակել մորմոքը, մնալ պատին առջեւ, աղօթել կամ հայհոյել: Յետոյ ի՞նչ: Պատմութեան օրէնք է: Եղած են եւ պիտի ըլլան պարտուած երկիրներ, որոնք անկարող եղած են ուժին ուժ հակադրելու:

Պիտի չխօսիմ այն մասին, որ թշնամին պատրաստուած եւ զինուած էր, ունէր զինակից եւ օժանդակողներ, զէնք մատակարարողներ: Մեր ժողովուրդը, ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի, չէր պատրաստուած պատերազմի, որուն համար անհրաժեշտ են մարդուժ, զէնք, ճարտարագիտութիւն, դրամ եւ դաշնակիցներ:

Այս բոլորը արդէն ուսանելի անցեալ է:

Այսօր պէտք է խօսիլ եւ գործել ՅԵՏՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՎ:

Կան պատմութեան դասերը: Ուրիշ ժողովուրդներ ալ, տարբեր համեմատութիւններով, աւելի կամ նուազ վատ, գտնուած են ԱՂԷՏի մէջ, բայց փոխանակ աւաղելու, պահու պահանջած հոգեկան ուժով նայած են ապագային, մէկտեղած են ուժերը, ունեցած են հեռանկար, եւ ի վերջոյ յաջողած են վերականգնիլ:

Թէեւ բաղդատելին պէտք է բաղդատել, բայց օրինակի արժէքը միշտ ճամբացոյց է:

Մտածման այս ծիրէն ներս յիշեմ ոչ հեռու անցեալէն երեք պարագաներ. Ճաբոնը, Գերմանիան, Ֆրանսան: Այս երեք երկիրները աւերուած եւ արիւնաքամ հասան երկրորդ աշխարհամարտի աւարտը: Ճաբոնը աւերակ էր եւ ունեցած 3 միլիոն զոհ, Գերմանիան նոյնպէս աւերակ՝ եւ 5 միլիոն զոհ, Ֆրանսան աւելի քան 1 միլիոն զոհ: Բայց վերականգնեցան: Հարց պէտք է տալ. ինչպէ՞ս: Փոքրիկ Խորհրդային Հայաստանը, իր կարգին 300.000 զոհ տուած է աշխարհամարտին:

Վերականգնելու համար զօրավար տը Կոլ, կառավարութեան պետը, պահպանողական եւ կաթողիկէ հաւատացեալ, գործակցեցաւ համայնավարներուն հետ, մանաւանդ՝ իշխանութեան չկառչեցաւ եւ զայն չծառայեցուց անձնական շահերու: Գերմանիոյ մէջ երկու քաղաքական մեծ դէմքեր, Քոնրատ Ատենաուէր եւ Լիւտվիկ Էրհարտ իմաստուն կերպով գործակցեցան եւ ստեղծեցին այսօրուան տնտեսապէս հզօր Գերմանիան: Վերականգնեցաւ նաեւ Ճաբոնը եւ դարձաւ հզօր՝ գիտութեամբ, ճարտարարուեստով եւ գրականութեամբ:

Ինչպէ՞ս յաջողեցան: Գաղտնիք չկայ. ղեկավարում, աշխատանք եւ օրէնք:

Բոլոր համեմատութիւնները պահելով, արդէն ոչ փայլուն վիճակի մէջ գտնուող Հայաստանը այսօր կը ներկայանայ որպէս պարտուած եւ պարտադրաբար մեծ զիջումներ ըրած երկիր, ենթակայ կազմալուծման վտանգի: Անհատապաշտական, կողմնապաշտական, զինուորական, քաղաքական եւ տնտեսական ձախողումներ, կրթական եւ դատական-իրաւական խառնաշփոթութիւններ, ղեկավարական անփորձութիւն ստեղծած են ներկայ դրութիւնը: Աւելցնենք ցոյցերը:

Երկիրը եւ պետութիւնը ոչ ոքի սեփականութիւն են, անոնք ազգի հաւաքական կամքի արտայայտութիւնն են եւ պէտք է որ ղեկավարուին, տեսութիւններու եւ սկսնակի փորձադաշտ չեն:

Այսօր, եւ ո՛չ վաղը, վաղը ուշ է, Հայաստան կարիք ունի հեղինակութիւն ունեցող իրաւ ղեկավարութեան մը, անմիջական մրցակցութիւնները եւ թշնամութիւնները գերանցող: Ազգը եւ հայրենիքը ոչինչ կը շահին սկսած եւ չաւարտող փոխադարձ վարկաբեկումներէն եւ դատապարտութիւններէն: Այս ընթացքով, երկրին մէջ հեղինակութիւն պիտի չմնայ, եւ գրեթէ քաղաքացիական կռիւի մթնոլորտի մէջ պիտի շարունակուի փլուզումը:

Հարց կրնայ տրուիլ, թէ ո՞ւր կարելի է գտնել վստահութիւն ներշնչող եւ միաւորող հեղինակութիւն ունեցող ղեկավարութիւնը:

Յաճախ կրկնուեցաւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնիութիւն գեղեցիկ եւ յուզիչ տարազը: Այլընտրանք չկայ, այդ եռամիասնութեան մէջ կը գտնուի վստահութիւն ներշնչող եւ միաւորող հեղինակութիւն ունեցող ղեկավարութիւնը, մեր գրպանի անցագիրները եւ բնակութեան վայրերը գերանցելով:

Հեղինակութիւնը միայն նախագահը, վարչապետը կամ նախարարը չէ, այլ նաեւ ակադեմիկոսը, տնտեսագէտը, մտաւորականը, փորձ ունեցող մասնագէտը: Եթէ ամերիկեան մեծ դրամատան մը տնօրէններէն մին, որ հայ մարդ էր, կը գործուղղուի հեռաւոր երկիրներ մասնագիտական նպաստ բերելու համար, եթէ հարաւ-ամերիկեան երկրի մը արդարադատութեան նախարարը հայ է, եթէ արաբական երկրի մը կեդրոնական դրամատան փոխ-տնօրէնը հայ է, եւ շարքը կարելի է երկարել, ինչո՞ւ Հայաստանը պիտի չօգտուի անոնց կարողականութենէն (potentiel): Այս չի նշանակեր, որ Հայաստան չունի անոնց հաւասար պատրաստուած անձեր, այլ այն՝ որ պէտք է օգտուիլ մեր տասնըհինգ միլիոնի կարողութիւններու դրամագլուխէն: Այսինքն պէտք է մեկնիլ այն գաղափարէն, որ համայն հայոց կարողականութիւնը պէտք է ծառայէ ազգին, ոչ միայն բարեսիրութիւնները,- հիմնադրամ եւ այլ,- ազգի առաջնորդները այդ պէտք է ընեն առանց տարբեր շահախնդրութիւններու տուրք տալու:

Ազգային պատասխանատուութեամբ գործելու եղանակը յետպատերազմեան բացասական հետեւանքներու առաջքը կրնայ առնել: Այս միացման եւ կարողութիւններու մէկտեղման հրամայականով պէտք է առաջնորդուին պարտութեան մէջ յայտնուած եւ վերականգնումի պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ունեցող ղեկավարը եւ ղեկավարութիւնները:

ԱՂԷՏը բազմերես է եւ աւերիչ:

Ճապկումներով չենք կրնար բարձի թողի ընել հազարաւոր մահերը, որոնք վաղը պիտի ըլլան յուշ լուսանկար, անոնց ընտանիքները եւ մերձաւորները պիտի սգան: Բայց ղեկավարութիւնը ինք պարտաւոր է դէպի առաջ շարժել երկիրը եւ ազգը:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար եղած Ռոլան Տիւմա, 2015ին լոյս տեսած գիրքի մը մէջ գրած է.

«Պատերազմի ժամանակ յարգալիր պէտք է ըլլալ մեռնողներու յիշատակին եւ վերապրողներու ցաւին հանդէպ: Այդ բոլոր զոհերը մենք կը ճանչնայինք, թերեւս կը սիրէինք: Անոնք սոսկ դեղնած լուսանկարներ չեն կամ անուն մը դամբանաքարի մը վրայ»*:

Այսինքն՝ չմոռնալ, բայց շարունակել գիտակից յանձնառութեամբ, որ չըլլայ փուճ խօսք:

Վերականգնիլ, յառաջդիմել, հզօրանալ, տէր մնալ իրաւունքին:

Ինչպէ՞ս: Ո՞վ պիտի իրականացնէ այդ, որոնցմով:

Հոս է կը սկսի քաղաքական անձերու պատասխանատուութիւնը, որոնք պիտի գործեն անմիջականի գերանցումով, իրենց աչքերը յառած գալիքին:

Ազգի անդամի իրատեսութիւնը եւ խստաբիբ պահանջատիրութիւնը կենսական են, որպէսզի նախ ինք գիտակցի, սխալի եւ պարտութեան պարագային, իր իսկ պատասխանատուութեան:

Հիմնական է ժողովուրդի իր բնական ողջախոհութեան վրայ հիմնուած կատարելիք ընտրանքը. իր կեանքին, ներկային եւ գալիքին առաջնորդութիւնը վստահելու համար հաւատք, հեղինակութիւն եւ ազգի արժէքներու գիտակցութիւն ունեցող բանիմաց ոչ-սիրողական, անձէն անդին յառող եւ ինքզինք հաւաքականի ծառայութեան կոչած ղեկավարին, որ ո՛չ ըսէ նահանջին, պարտութեան, յուսալքման, հայրենիքը եւ ժողովուրդը տանի իրաւունքի, արդարութեան, յաջողութեան:

Ղեկավար՝ որ միշտ պէտք է գիտնայ, որ ինք հոն է ժողովուրդի կամքով եւ ժողովուրդին համար: Որ ինք հաւասարներուն մէջ առաջինն է, բայց ոչ հաւասարներուն տէրը: Ան նոր պիտի չծնի:

Առանց տուրք տալու ազգավնաս ամբոխահաճութեան, առանց քէներու եւ կիրքի գործիք դառնալու, առանց աւատապետական եւ կողմնապաշտական ախտի, իր կացութեան իրապէս գիտակից ժողովուրդը, հակա-ֆէյսպուքեան եւ հակա-թուիթըրեան ընդոծին ողջախոհութեամբ, իր ծոցին մէջ պիտի գտնէ իր առաջնորդը:

Այս համազգային վերաբերումով դուրս կու գանք յետպատերազմեան մեր պարտեալի, սգաւորի, ընկճուածի եւ յուսալքուածի այլապէս աւերիչ հոգեվիճակէն, պայման՝ պայքարելու, տոկալու, տեւելու, վերականգնելու:

Եթէ շարունակենք կրկնել անցեալի խարխափումները, ազգը կ’առաջնորդենք փակուղի, ինչ որ ցանկութիւնն է մեր կեղծ բարեկամներուն եւ բացայայտ թշնամիներուն:

Վստահիլ եւ վստահութիւն ներշնչել: Այս է առողջ կապը առաջնորդին եւ ժողովուրդին միջեւ:

Շատ սիրած եմ եւ կը կրկնեմ ֆրանսացի իմաստասէր Ռընէ լը Սէնի խօսքը, որ «ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»: Կրնա՞նք հաւաքական մտածողութիւն եւ գործելակերպ դարձնել այս պարզ միտքը, յաջողելու, յառաջդիմելու եւ ազգ-համայնքի համերաշխութեամբ հզօրացնելու:

Այս կ’որդեգրե՞նք որպէս քաղաքական եւ ղեկավարական առաջնորդող սկզբունք եւ այդպէս գործել, ներսը եւ դուրսը, որպէսզի մեր հասարակութիւնը դառնայ անձնուրաց, գիտակից եւ արդարութեան հետամուտ քաղաքացիական համայնք, մէկտեղուելով եւ համակարգուելով:

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ – ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

yerakouyn.com/2020/12/02/հայաստան-արցախ-եւ-սփիւռք՝-յետպատերազ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail