Գանատայի Հայկական Լրատուամիջոցներ Կը Դատապարտեն ՀՀ Իշխանութիւններուն Կողմէ Լրագրողներու Դէմ Գործադրուող Բռնարարքները

02 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Դեկտեմբեր 1-ին, ՀՀ վարչապետի հրաժարականի պահանջով բողոքի ցոյցի ընթացքին ոստիկանները բռնի ուժ գործադրած են «Երկիր Մեդիա» հեռուստաընկերութեան նկարահանող լրագրողին նկատմամբ։

Ոստիկանները նախ ձերբակալած են լրագրողը՝ ապա ազատ արձակած։

խօսքի ազատութեան դէմ այս խախտումը, որուն գլխաւոր հիմք կը ծառայեն այս իշխանութիւններու կամայականութիւնները, ազատ լրատուամիջոցներուն լռեցնելու վերջին փորձերն են:

Մենք՝ Իբրեւ Գանատայի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներ, մեր սկզբունքներուն անյարիր կը նկատենք նման բռնութիւններ եւ կը պահանջենք, որ ժողովուրդն ու լրատուամիջոցները ազատօրէն արտայատուին։

Կը դատապրտենք այս ընթացքը եւ կոչ կ՚ուղղենք ողջահոխութեան սահմաններուն մէջ գործելու, յատկապէս՝ լրագրողներու գործունէութեան ազատութիւնը ընձեռելու։

«Հայ Հորիզոն Հեռուստաժամ» Մոնթրէալ

«Նոր Հայ Հորիզոն Հեռուստաժամ» Թորոնթօ

«Թորոնթոհայ» ամսաթերթ

Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի ռատիոժամ

Trik Trak Radio

ՀՅԴ Գանատայի պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»

yerakouyn.com/2020/12/02/գանատայի-հայկական-լրատուամիջոցներ-կ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail