Թուրքերը Զայրացած են, որ Ֆրանսացի Գործիչը Կիսուած է Պատմական Հայաստանի Քարտէզով
02 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:
Թրքական մամուլը խայտառակ որակած է Ֆրանսայի Օվերն-Ռոն-Ալբեր երկրամասի ղեկավար, պետական գործիչ Լորան Վոգիէի կողմէ կատարուած գրառումը եւ անոր կցուած նկարը։
Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Լորան Վոգիէն Twitter-ի իր էջին վրայ գրառում ըրած է Հայաստան ուղարկուելիք օգնութեան՝ դեղերու եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու հաւաքագրման վերաբերեալ։ Գրառման հետ՝ ֆրանսացի գործիչը կցած է պատմական Հայաստանի քարտէզը, որ կը ներառէ այժմեան Թուրքիոյ արեւելեան տարածքները։
Ֆրանսացի պետական գործիչին կողմէ հրապարակուած յիշեալ քարտէզը, բնականաբար, զայրացուցած է թուրք օգտատէրերը եւ լայն արձագանգ գտած թրքական մամուլի մէջ։
Յօդուածներէն մէկուն մէջ կը նշուի, որ իբր հայերը նախայարձակ եղած են Ղարաբաղի թրքաբնակ շրջաններու վրայ ու ատկէ ալ սկսած է պատերազմը, որմէ ետք Ֆրանսան Հայաստանին կ՝ուղարկէ մարդասիրական օգնութիւն։
yerakouyn.com/2020/12/01/թուրքերը-զայրացած-են-որ-ֆրանսացի-գործ/