Յունաստանը, Կիպրոսը, Ֆրանսան, Եգիպտոսն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Միջերկրականի Մէջ Միացեալ Ռազմափորձերու Սկսան
02 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Յունաստանի, Կիպրոսի, Ֆրանսայի, Եգիպտոսի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ծովուժերը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու սրման պայմաններուն մէջ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ միացեալ ռազմափորձերու սկսած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Կրիք Ռիփորթըր»-ը:
«Մետուզա» անունը ստացած ծովուժի ռազմափորձերը սկսած են նախանցեալ օր եւ պիտի տեւեն մինչեւ 6 դեկտեմբեր:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ռազմափորձերու մեկնարկի լոյսին տակ յայտարարած է, որ «ատիկա անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, թէ որո՛նք լարուածութիւն կ՛ուզեն, կը խուսափին երկխօսութենէն եւ կը հրաժարին խաղաղութենէն»:
yztagdaily.com/archives/491412