«ՕԹԱՆ-ը Ուքրանիոյ Եւ Վրաստանի Միջոցով Սեւ Ծովու Շրջանին Մէջ Պիտի Աւելցնէ Իր Զինուորական Ներկայութիւնը» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

NATO-ՕԹԱՆ- դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ

«ՕԹԱՆ-ը Ուքրանիոյ Եւ Վրաստանի Միջոցով Սեւ Ծովու Շրջանին Մէջ Պիտի Աւելցնէ Իր Զինուորական Ներկայութիւնը» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

02 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

Ի պատասխան Խրիմի մէջ Ռուսիոյ զինուորական ներկայութեան ուժեղացման` ՕԹԱՆ սեւծովեան շրջանին մէջ Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի միջոցով իր զինուորական ներկայութիւնը պիտի աւելցնէ: «Ի.Էյ.Տէյլի» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ընդառաջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ:

«Մենք կը տեսնենք, որ Ռուսիան կը մեծցնէ Խրիմի մէջ իր զինուորական ներկայութիւնը, ուստի մենք պէտք է աւելցնենք սեւծովեան շրջանին մէջ մեր ներկայութիւնը եւ այդ հարցը քննարկենք մեր գործընկերներուն` Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի հետ: Մենք սերտօրէն կը համագործակցինք Սեւ ծովու շրջանին մէջ մեր արժէքաւոր գործընկերներուն` Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ երեք երկիրներու` Թուրքիոյ, Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ հետ: ՕԹԱՆ-ը արդէն շրջանին մէջ զգալի զինուորական ներկայութիւն ունի, մենք վերջերս այնտեղ ծովուժի ռազմափորձեր կատարած ենք, ինչպէս նաեւ ռումանական հրամանատարութեան տակ Ռումանիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի վարժական գունդ տեղակայած ենք», ըսած է Սթոլթենպերկ:

Ան նաեւ յայտնած է, որ 2 դեկտեմբերին ՕԹԱՆ-ի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման առցանց նստաշրջանին պիտի մասնակցին նաեւ Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները:

Սթոլթենպերկ նաեւ յայտարարած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Պիելոռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն պատճառով Ռուսիան հզօրացուցած է իր զինուորական ներուժը:

«Ռուսիան կ՛արդիականացնէ իր հիւլէական զինանոցը եւ նոր հրթիռներ կը գործարկէ, նոր ուժեր կը տեղակայէ Հիւսիսէն մինչեւ Սուրիա եւ Լիպիա: Ռուսական զինուորական ներկայութեան ուժեղացում կը տեսնենք նաեւ Պիելոռուսիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող ճգնաժամերու պատճառով», ըսած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ – ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/491413

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail