«Էրտողանի Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը Նման Է Ստրկատիրական Համակարգով Առաջնորդուող Ցեղի» Կ՛ըսէ Կուսակցութեան Հիմնադիրներէն Մէկը

«Էրտողանի Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը Նման Է Ստրկատիրական Համակարգով Առաջնորդուող Ցեղի» Կ՛ըսէ Կուսակցութեան Հիմնադիրներէն Մէկը

02 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը նման է ստրկատիրական համակարգով առաջնորդուող ցեղի, որուն անդամները կը վախնան իրենց ղեկավարէն եւ կը վարանին իրենց միտքերը ազատ արտայայտելէ: «Ահվալ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է կուսակցութեան հիմնադիրներէն Քեմալ Ալպայրաքը:

Կուսակցութեան նախկին անդամին համաձայն, երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը պետութիւնը եւ դատական համակարգը կ՛օգտագործէ իբրեւ «վրէժխնդրութեան գործիք»:

«Այդ կուսակցութիւնը խօսեցաւ գիտութեան, իրաւունքի եւ ժողովրդավարութեան մասին, սակայն ընտրեց սակաւապետութեան ուղին: Խօսեցաւ ազգը միաւորելու մասին, սակայն զայն պառակտեց», ըսած է Ալպայրաք:

Անոր համաձայն, իշխող կուսակցութեան մէջ վախի մթնոլորտ կը տիրէ եւ ի սպառ կը բացակայի խօսքի ու բանավիճելու ազատութիւնը:

«Վախի մթնոլորտը միտք չի ծնիր, իսկ այնտեղ, ուր միտք չկայ, ստրկութիւն է», աւելցուցած է ան:

Վերը աստուած, վարը Հայկական Բանակ – Լեռնային առիւծները, Արցախի Պաշպանութեան Բանակ

aztagdaily.com/archives/491414

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail