Human Rights Watch-ը Անարդար Կը Գտնէ Հայ Գերիներու՝ Պաքուի Կողմէ Վարկաբեկումը
03 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՇԽԱՐՀ – Human Rights Watch:
2 Դեկտեմբերին հրապարակուած տեղեկագիրի մը մէջ, մարդկային իրաւանց պաշտպան Human Rights Watch միջազգային կազմակերպութիւնը անարդարանալի համարեց Արցախէ դէմ Ազրպէյճանի ռազմական գործողութեան ընթացքին հայ գերիներու վարկաբեկումը ատրպէյճանցիներու կողմէ։
Տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, որ ատրպէյճանական ուժերը գերի առած են բազմաթիւ հայ զինուորականներ, որոնցմէ շատեր ենթարկուած են բռնութիւններու եւ նուաստացումի: Այդ մասին կը վկայեն տեսանիւթերը, որոնք Հոկտեմբերէն լայնօրէն տարածուեցան համացանցային ընկերային ցանցերու վրայ:
Տեսանիւթերը ցյոց կու տան, թէ ատրպէյճանցիները ինչպէս կ՛ապտակեն, կը հարուածեն եւ կը նուաստացնեն հայ գերիները, ակնյայտ ճնշումներու միջոցաւ պարտադրելով անոնց, որ համբուրեն Ազրպէյճանի դրօշակը, գովաբանեն Ալիեւը, հայհոյեն Փաշինեանին եւ յայտարարեն, որ «Լեռնային Ղարաբաղը Ազտրպէյճան է»:
Տեղեկագիրը կարելէ է կարդալ՝ այցելելով http://asbarez.com/198877/ կայքէջը։
yerakouyn.com/2020/12/03/human-rights-watch-ը-անարդարանալի-կը-գտնէ-հայ-գերիներ/