Անդրադարձ. Լեռնային Ղարաբաղ. Լոնտոնի Եւ Անգարայի Յաղթանակը՝ Սորոսին Եւ Հայերուն Պարտութիւնը – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
05 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Այս է խորագիրը ֆրանսացի լրագրող Թիերի Մէյսսանի (1) 24 նոյեմբեր, 2020-ի յօդուածին (2), որ լոյս տեսաւ Վոլթէր Նէթուըրքի (Voltaire Network) կայքէջին մէջ: Ստորեւ՝ թարգմանաբար կը ներկայացնեմ յօդուածը.
«Փենթակոնը (Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւն), որ ծրագրած էր Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը՝ գրաւուեցաւ (ծրագիրը) իր դաշնակից Բրիտանիոյ կողմէ: Սակայն մեծ պետութիւններէն որեւէ մէկը մտահոգուած չէր ատոր պատճառելիք մարդկային կորուստներով: Աւելին՝ մինչ Լոնտոնը եւ Անգարան վերանորոգեցին իրենց պատմական դաշինքը՝ Ուաշինկթընը եւ Մոսկուան ոչինչ շահեցան, մինչ Ճորճ Սորոսը եւ Հայութիւնը շատ բան կորսնցուցին:
«44 օր պատերազմէն ետք, Հայաստանը ստիպուեցաւ զինադադարի համաձայնութիւն կնքել Ազրպէյճանի հետ, իր հողերուն մէկ մասին կորուստը ընդունելով: Սակայն, ինչպէս տեղեկացուցինք հարցաքննութեան ձեւով, Միացեալ Նահանգներուն նախնական ծրագիրն էր, թոյլ տալ, որ Թուրքիան մասամբ ջարդէ հայ բնակչութիւնը, ապա միջամտէ, տապալէ Էրտողանի վարչակարգը եւ խաղաղութիւն վերահաստատէ (3): Սակայն այս ծրագիրը ձախողեցաւ: Ծրագիրը բրիտանական խաղով մը ուղղութիւնը փոխեց: Գաղտնաբար, Լոնտոնը օգտուելով Միացեալ Նահանգներու ընտրութիւններուն խառնաշփոթէն՝ դաւադրութեամբ գողցաւ Ուաշինկթընի ծրագիրը: Ան կացութիւնը օգտագործեց, զրկելու համար Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի քարտէսէն, եւ շարունակելու 19-րդ դարու «Մեծ Խաղը» (4): Այն ժամանակ Լոնտոնը Օսմանեան կայսրութեան դաշնակիցն էր Ռուս ցարական կայսրութեան դէմ: Երբ Մոսկուան անդրադարձաւ՝ զինադադար պարտադրեց կասեցնելու համար սպանդը:
«Մեծ Խաղը»
«19-րդ դարուն ընթացքին Բրիտանիոյ եւ Ռուսիոյ կայսրութիւնները կատաղի մրցակցութեան մէջ էին, Կովկասը եւ ամբողջ Կեդրոնական Ասիան իրենց հակակշիռին ենթարկելու համար: Այս դրուագը Անգլիոյ մէջ կը ճանչցուի իբրեւ «Մեծ խաղ», իսկ Ռուսիոյ մէջ՝ «Ստուերներու մրցաշարք»: Ռուսիան սկսաւ այս խաղը յաղթել, երբ գրաւեց Լեռնային Ղարաբաղը, որուն շնորհիւ ընդարձակեց իր գերիշխանութիւնը Կովկասի վրայ:
«Այս պատմական նախընթացին վրայ հիմնուելով, Լոնտոնը կը հաւատայ, որ վերաշահելով Լեռնային Ղարաբաղը, պիտի կարենայ ականահարել Ռուսիոյ ազդեցութիւնը Կովկասի մէջ եւ ապա Կեդրոնական Ասիոյ մէջ: Բրիտանիոյ այժմու վարչապետ Պորիս Ճոնսընը (որուն մեծ հօր հայրը թուրք էր- ՅՉ), կը յաւակնի Ուինսթըն Չըրչիլի կայսերական քաղաքականութեան շարունակողը ըլլալ, եւ որուն կենսագիրն է ան: Այժմ ան զինուորական արդիականացումի մեծածախս ծրագիրը հրապարակեց (5):
«Վերսկսելու համար «Մեծ Խաղը», 29 յուլիս 2020-ին Ռիչըրտ Մուրը, որ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնն էր՝ նշանակեց Էմ Այ 6-ի (Բրիտանիոյ արտերկրի գաղտնի սպասարկութիւն) տնօրէն: Ան նախապէս Թուրքիոյ դեսպան եղած է, սահուն կերպով թրքերէն կը խօսի եւ բարեկամացած է նախագահ Էրտողանի հետ: Ան այս նոր պաշտօնը ստանձնեց 1 հոկտեմբեր 2020-ին, ազերիներուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ յարձակումէն չորս օր ետք:
Ռիչըրտ Մուրի առանցքային դերակատարութիւնը
«Ռիչըրտ Մուրը անձնական բարեկամն է գահաժառանք իշխան Չարլզի, որ կը հովանավորէ Օքսֆորտի իսլամական հետազօտութիւններու կեդրոնը, ուր քսանհինգ տարի վերապատրաստուած են «Իսլամ եղբայրներ» շարժումին մտաւորականները: Թուրքիոյ նախկին նախագահ ԱպտալլաԿիւլը նաեւ այս կեդրոնի տնօրէնն է: Իբրեւ Անգարայի մօտ դեսպան (2014-2017), Ռիչըրտ Մուր ընկերակցեցաւ նախագահ Էրտողանին, որ Եղբայրութեան հովանաւորը դառնայ: Ան նաեւ դերակատար էր 2014-ին Սուրիոյ դէմ պատերազմէն Բրիտանիոյ դուրս գալու ծրագիրին: Լոնտոնը մտադիր չէր հետապնդել այնպիսի հակամարտութիւն, ուր ան ներգրաւուած էր գաղութային նպատակներով, որ սակայն վերածուեցաւ Միացեալ Նահանգներու կայսերական գործողութեան (Ռամսֆելտ / Սեպրովսքի ռազմավարութիւն):
« Ռիչըրտ Մուր վերջերս այցելեց Եգիպտոս եւ Թուրքիա: Ան 9 նոյեմբերին (այն օրը, երբՌուսիան Ղարաբաղի մէջ զինադադար պարտադրեց), նախագահ Սիսիի կողմէ ընդունուեցաւ, սակայն 11 նոյեմբերին իր բարեկամ Էրտողանի հետ չհանդիպեցաւ, այլ անոր խօսնակին հետ Սպիտակ պալատին մէջ:
Միացեալ Նահանգներուն դիմաց՝ Սորոսը հաշուի չառնուիր:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ազերի-թուրք պատերազմին Ուաշինկթըն հաւատաց, որ իբրեւ թակարդ, կրնայ ապաւինիլ նախագահ Արմէն Սարգսեանին եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որ Ճորճ Սորոսի մարդոցմէ է (6):
«Ճորճ Սորոսը ամերիկացի շահադէտ մըն է, որ իր ուրոյն քաղաքական օրակարգը կը հետապնդէ, սակայն Սի Այ Էյ-ի հետ համագործակցելով (7): Դժբախտաբար, անգլիացիները Սորոսի հետ նոյն յարաբերութիւնը չունին. ան իր հարստութիւնը կը պարտի անգլիական սթերլինի դէմ գործողութեան («Սեւ Չորեքշաբթիին», 16 սեպտեմբեր, 1992), արդարեւ, անոր ծածկանունն է «Մարդը որ կոտրեց Բրիտանիոյ դրամատունը»:
«Դաւաճան Անգլիոյ» երկակի խաղը:
«Լոնտոնը նախ Ուաշինկթընին թոյլ տուաւ, որ առաջին քայլը առնէ: Ամերիկացիները կը խրախուսէին «Մէկ ազգ Երկու-պետութիւն» (Թուրքիա եւ Ազրպէյճան) գաղափարը՝ բռնի կերպով վերջ դնելու համար Արցախի Հանրապետութեան:
«Էմ Այ 6-ը օգնեց իր թուրք գործընկերոջ, ծայրահեղական վարձկանները Ազրպէյճան փոխադրելու համար (8), սակայն ռուսերը մեռցնելու համար եւ ոչ թէ հայերը: Սակայն Ղարաբաղի մէջ տակաւին ռուսեր չկային: Սորոս հակադարձեց ղրկելով քիւրտ վարձկաններ հայկական կողմին օգնելու (9) (այս բաժինը իրականութեան չի համապատասխաներ, Էրտողանի յայտարարութեան վրայ հիմնուած է – ՅՉ):
«Ամերիկայի խաղը հետապնդել ձեւացնելով՝ Լոնտոնը Պաքուի եւ Անգարայի նեցուկ կանգնեցաւ: Առաջին օրերուն, Մինսքի խմբակի երեք ուժերը (Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան միջնորդ, Խորհրդային միութեան քայքայումէն ետք) իմա՝ Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ Ռուսիա, փորձեցին պատերազմը կանգնեցնել եւ բանակցութիւններու վերսկսիլ: Երբ իւրաքանչիւրը յաջորդաբար նկատեց Ազրպէյճանի մերժումը, անոնք ՄԱԿ-ի Ապահովական Խորհուրդին բանաձեւ մը ներկայացուցին: Ուաշինկթընի համար համակարգուած ուղեգիծ մըն էր այս չէզոքութենէն դուրս գալով, դատապարտելու համար «մէկ ազգ երկու պետութիւնը»:
«Առաջին օրերուն հայերը ինքզինքնին կրցան պաշտպանել, լաւագոյնս, որ կրնային: Սակայն նախագահը, Արմէն Սարգսեան, փոխեց ռազմական անձնակազմի ծրագրերը եւ ռազմաճակատ բերաւ անփորձ կամաւորներ (պէտք է ըլլայ վարչապետը՝ Նիկոլ Փաշինեան, ըստ իր աղբիւրին, որ զօր. Մովսէս Յակոբեանի մամլոյ ասուլիսն է – ՅՉ) (10): Սարգսեան երկու՝ հայկական եւ բրիտանական հպատակութիւն ունի: Հետեւանքը եղաւ հայկական բանակին կոտորածը:
«Յանկարծ Միացեալ Թագաւորութիւնը յայտարարեց, որ բանաձեւը եթէ քուէարկութեան դրուի, ինք վեթոյի պիտի ենթարկէ: Հիասթափուած՝ Միացեալ Նահանգները 25 հոկտեմբերին հրապարակաւ մեղադրեց Ազրպէյճանը: Սակայն երկու շաբաթ եւս անցնելէ ետք, Ռուսիան անդրադարձաւ, որ Ամերիկան խառնաշփոթ նախագահական ընտրապայքարի մէջ կլանուած, այլեւս չէր հետապնդէր Ղարաբաղի հարցը:
Ռուսիան կը սուլէ խաղին աւարտը նախքան շատ ուշ ըլլալը:
«Միայն 6 հոկտեմբերի շուրջն էր, որ Ռուսիան վստահ եղաւ ամերիկեան ծուղակին մէջի անգլիական ծուղակին: Շուտով ան եզրակացուց, որ Անգլիան վերսկսած է «Մեծ Խաղը» եւ կը պատրաստուէր գողնալ իր ազդեցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: 7 հոկտեմբերին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կը հեռաձայնէ իր թուրք պաշտօնակիցին բանակցելով հայերուն համար շատ աննպաստ զինադադար մը: Էրտողան հասկնալով, որ պիտի չկարենայ դիմադրել Միացեալ Նահանգներուն, անոր կացութեան բնականոնացումէն ետք, կը համաձայնի միայն հողեր շահիլ եւ կը հրաժարի վերստին Հայոց ցեղասպանութիւն գործադրելէ: Այնուհետեւ նախագահ Փութին իր ազերի գործընկեր Իլհամ Ալիեւը եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Քրեմլին հրաւիրեց: Ան փրկեց այն, ինչ որ դեռ կարելի էր փրկել՝ ստիպելով իր զրուցակիցներուն զինադադար կնքել 10 հոկտեմբերին, Էրտողանի բանակցած պայմաններով: Անոր առաջնահերթութիւնն էր ռուսական ռազմական ներկայութիւնը ապահովել, խաղաղապահ ուժերու միջոցով եւ դադրեցնել արիւնահեղութիւնը: Ապա ան դիմեց ռուս ժողովուրդին՝ յայտարարելու, որ իր երկրի շահերը փրկած է՝ փրկելով Հայաստանը աւելի սարսափելի պարարտութենէ:
«Հայերը շատ ուշ անդրադարձան, որ Ռուսիայէն հեռանալով Միացեալ Նահանգներուն յարիլը, Նիկոլ Փաշինեան գրաւը սխալ ձիուն վրայ դրած էր: Անոնք յետադարձ ակնարկով հասկցան, որ նախորդ իշխանութիւնը որքան ալ փտած ըլլար, հայրենասէր էր, մինչ Սորոսին մարդիկը դէմ էին ազգութեան գաղափարին, եւ ուրեմն իրենց երկրին անկախութեան:
«Ժողովրդային բողոքի ցոյցեր եւ հրաժարականներ իրար յաջորդեցին. Սպայակոյտի պետը, արտաքին գործոց նախարարը, պաշտպանութեան նախարարը, սակայն ո՛չ թէ վարչապետը: Իր կարգին, ազերի նախագահ Իլհամ Ալիեւը ցնծութեան մէջ է: Ան շռայլ կերպով կը ծաղրէ Եւրոխորհուրդը եւ Եւրոմիութեան խորհրդարանը, հռչակելով իր յաղթանակը եւ յայտարարելով գրաւած տարածքները վերակառուցելու մասին: Անգլիացիները նոր առանձնաշնորհներ պիտի ունենան Պրիթիշ Փեթրոլիումին, եւ Ազերի ոսկիի յանգերուն մէջ»:
Այս յօդուածին կարեւոր մասը իրականութեան կը համապատասխանէ, ինչպէս նշուած էր «Արցախը զոհ Ամերիկայի ռազմավարութեան» յօդուածաշարքիս մէջ:
Արդարացի հարցումներ կ՛ուղղեմ այստեղ. Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, արտաքին գործոց նախարարութիւնը, յատուկ ծառայութիւնները, պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը եւ այսպէս կոչուած փորձագէտները տեղեակ չէի՞ն այս ահաւոր դաւադրութենէն, որուն մէկ մասը գաղտնի չէր նոյնիսկ: Կ’ուզեմ հաւատալ, որ Միացեալ Նահանգներուն եւ Անգլիոյ կողմէ Թուրքիոյ երկրորդ անգամ ցեղասպանութիւն գործադրելու կանաչ լոյս տրուած ըլլալէն, տեղեակ չէին, անոնք, որոնց վստահուած է մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին ապահովութիւնը: Արդեօք դաւադրութիւնը աւարտին հասա՞ւ:
30 նոյեմբեր 2020
aztagdaily.com/archives/491890