ԵԱՀԿ-ի նախագահող Գերմանիան կը խոստանայ աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան

11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

ԵԱՀԿ-ի մէջ 2016 թուականին նախագահող Գերմանիան կը խոստանայ աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնել սառեցուած հակամարտութիւններու կարգաւորման, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:

Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է Ատրպէյճանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Հայտրուն Թեմփելը:

«Իբրեւ ԵԱՀԿ նախագահող երկիր` Գերմանիան մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ շարունակուող հակամարտութիւններու կարգաւորման, որոնք մենք կ՝անուանենք «սառեցուած» հակամարտութիւններ: Անոնց շարքին է նաեւ այն հակամարտութիւնը, որուն մէջ ներգրաւուած է Ատրպէյճանը: ԵԱՀԿ նախագահութեան ծիրին մէջ խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը պիտի ըլլան ամենակարեւոր առաջնահերթութիւնները Գերմանիոյ համար»,- յայտնած է Թեմփելը:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail