Թուրքիան Իր Զինուած Ուժերը Պէտք Է Դուրս Հանէ Լեռնային Ղարաբաղէն եւ Հարաւային Կովկասէն․ Արա Այվազեան

Թուրքիան Իր Զինուած Ուժերը Պէտք Է Դուրս Հանէ Լեռնային Ղարաբաղէն եւ Հարաւային Կովկասէն․ Արա Այվազեան

07 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

Թուրքիան պէտք է իր զինուորականներն ու իր հետ կապուած զինեալները դուրս հանէ Լեռնային Ղարաբաղէն։ Այս մասին ՌԴ ԱԳ նախարարի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան:

«Թուրքիան՝ իբրեւ Արցախի ժողովուրդի դէմ ազրպէյճանական յարձակման գլխաւոր հրահրիչ եւ ոգեշնչող այսօր ալ կը շարունակէ վարել տարածաշրջանի համար կործանարար քաղաքականութիւն:

Ատիկա կը պարտաւորեցնէ միջազգային հանրութիւնը գործի դնելու բոլոր հնարաւոր լծակները` ստիպելու համար Թուրքիոյ զերծ մնալու ցանկացած գործողութիւններէ, որոնք կրնան ալ աւելի սրել լարուածութիւնը: Թուրքիան պէտք է դուրս հանէ իր զինուած ուժերու անձնակազմը եւ անոր հետ փոխկապակցուած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն եւ ընդհանրապէս Հարաւային Կովկասէն:

Դեռ չկան օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչները դուրս հանելու յստակ ազդակներ: Հակառակը՝ առկայ են հաւաստի տեղեկութիւններ, որ Ազրպէյճանը կը ծրագրէ ընդլայնել զինեալ ահաբեկիչներու եւ վարձկաններու տարածման աշխարհագրութիւնը եւ անոնցմով վերաբնակեցնել Արցախի գրաւուած շրջանները»,- նշած է Այվազեան։

yerakouyn.com/2020/12/07/թուրքիան-իր-զինուած-ուժերը-պէտք-է-դուր/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail