Ակնարկ. Ամերիկեան Նախաբան` Կարգաւորման Վերաբանակցութիւններու

Ակնարկ. Ամերիկեան Նախաբան` Կարգաւորման Վերաբանակցութիւններու

10 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ: / Անդրադարձ. Լեռնային Ղարաբաղ. Լոնտոնի Եւ Անգարայի Յաղթանակը՝ Սորոսին Եւ Հայերուն Պարտութիւնը – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ /

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ Ֆիլիփ Ռիկըրի յայտարարութիւնը, որ իր պետութիւնը դեռ շատ հարցեր ունի Ռուսիոյ միջնորդութեամբ զինադադարի եւ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին, ուշագրաւ է տարբեր առումներով: Ան աւելցուցած է նաեւ, որ իր պետութիւնը չափազանց մտահոգ է Արցախի պատերազմին Թուրքիոյ ներգրաւուածութեամբ:

Այստեղ քննադատութիւնը հիմնականին մէջ ուղղուած է Անգարային, սակայն առաջին բաժինը կը վերաբերի Ռուսիոյ Դաշնութեան:

Ռիկըրի յայտարարութեան մէջ պարզ է, որ կայ ամերիկեան անհանգստութիւն ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափէն դուրս Անգարա-Մոսկուա համակարգաւորման մասին: ԵԱՀԿ-ի, այս պարագային Ուաշինկթընի շրջանցումը զինադադարի հաստատման կամ ընդհանրապէս պատերազմի գործընթացին մէջ կարելի չէ բացատրել զուտ ներամերիկեան ընտրական իրադարձութիւններով Միացեալ Նահանգներու զբաղուածութեամբ: Արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւնները եւ յատկապէս պատերազմական գօտիները չէին կրնար դուրս մնալ ամերիկեան շահագրգռուածութեան շրջածիրէն:

Ուաշինկթընը ռազմական գործողութիւններու իբրեւ հետեւանք առաջին հերթին հանգիստ կ՛ընկալէր իրանեան սահմաններու կարգավիճակի փոփոխութիւնները: Թէ՛ իրանեան սահմանամերձ շրջաններու մէջ ահաբեկչական տարրերու տեղակայումը, թէ՛ սահմանագօտիի ռազմական ներկայութեան փոփոխութիւնը ընդհանրապէս կը բխէին Ուաշինկթընի շահերէն:

Ուաշինկթըն գոհ էր նաեւ, որ Անգարայի եւ Մոսկուայի ձեռամբ խնամքով անտեսուեցաւ Թեհրանի առաջարկը հրադադարի բանակցութիւնները Մոսկուա-Անգարա-Երեւան- Պաքու-Թեհրան ձեւաչափով իրականացնելու: Թեհրանը դուրս մնաց գործընթացէն:

Չմոռնանք, որ Նախիջեւան-Ազրպէյճան ցամաքային կամրջումը ըստ էութեան ամերիկեան առաջադրանք էր թէ՛ Կոպըլի ծրագիրի տեսքով, թէ՛ քիուեսթեան առաջարկով: Ռիկըրը նոյն յայտարարութեան մէջ նշած էր. «Կը յիշեմ իմ ասպարէզի սկիզբն էր, երբ մենք Մինսքի խմբակի համանախագահութեան յառաջատար դիրքի վրայ էինք եւ աշխուժ բանակցութիւններ կը վարէինք 2000- 2001-ին Քի Ուեսթի մէջ: Մենք իսկապէս կը մտածէինք, որ մօտ ենք կարգաւորման կամ համարեա՛ այնտեղ էինք: Սակայն այդ մէկը դարձաւ պատրանք»:

Քի Ուեսթի մէջ այն, ինչ որ կ՛առաջարկէին Միացեալ Նահանգները, կարգաւորման տարազի տակ տարածաշրջանին մէջ հիմնական առումով իրանեան ելքի եզակիութիւնը չէզոքացնող այլընտրանքային ուղի էր: Հիմա այդ «պատրանք»-ը որոշակիօրէն ուրուագծուած է յայտարարութեան 9-րդ կէտին մէջ: Հակամարտող կողմերու ապաշրջափակման առաջադրանքը ըստ էութեան ամերիկեան հայեցակէտով կը նպաստէ Իրանի շրջափակման:

Հիմա, յայտարարութեամբ հաստատուած այդ կէտը պէտք է բանաձեւել կարգաւորման փաստաթուղթին մէջ: Այդ պատճառով ալ Ռիկըրը կը խօսի բանակցութիւնները ԵԱՀԿ-ի հարթութիւն վերադարձնելու անհրաժեշտութեան մասին, ուր իր պետութիւնը ուղղակի դեր վերցուցած է:

Թեհրանի անուղղակի դուրս մղումէն ետք հիմա Ուաշինկթընը ուղղակի կը միջամտէ գործընթացներուն: Չեն բացառուիր Անգարայի եւ Պաքուի ռազմական գործարքներու կրճատման միտուած ճնշամիջոցները, Մոսկուային ուղղուած ուղղակի պահանջները եւ հակամարտութեան կարգաւորման առաջադրանքին տակ Ուաշինկթընի վերադարձը իբրեւ աշխուժ միջնորդ: Այս պատճառով ալ արտաքին գործոց նախարարի օգնականի պաշտօնակատարը ըսած էր, որ «Միացեալ Նահանգները կը շարունակեն հաւատալ, որ այստեղ երկարաժամկէտ ռազմական լուծում չկայ: Տասնամեակներ առաջ Հայաստանի յաղթանակը ռազմադաշտին մէջ վերջ չդրաւ հակամարտութեան: Մենք փորձեցինք դիւանագիտութեան միջոցով հեռու պահել կողմերը բռնութենէն: Կը կասկածիմ, թէ ռազմական լուծումը կրնայ այս անգամ եւս ուրիշ արդիւնքի յանգիլ»:

Այս հաստատումը համազօր է առ այն, որ այսօրուան համապատկերը ընդամէնը ռազմական գօտիի ուժերու յարաբերութեան ժամանակաւոր փոփոխութիւն է, ինչպէս եղած էր նախապէս յօգուտ հայկական կողմին: Իսկ կարգաւորումը պայմանակացուած է ԵԱՀԿ-ով. այս պարագային` Միացեալ Նահանգներով:

Կը թուի, որ բուն բանակցութիւնները պիտի թեւակոխեն աշխարհաքաղաքական հարթութիւն` հակամարտող կողմերուն վերապահելով ձեւական մասնակցութիւն:

«Ա.»

God above, down Armenian Army – The Lions of the Mountain – The Republic Artsakh defense army

aztagdaily.com/archives/492426

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail