Թուրք Ակադեմիկոսներ Ձոյց Կ՛իրականացնեն Պետութեան Կողմէ Իրականացուող Բռնութեան Դեմ

11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Թուրքիոյ մէջ մեծ թիւով ակադեմիկոսներ Յունուար 11-ին Սթամպուլի Թաքսիմ հրապարակին վրայ եւ Անգարայի մէջ կ’իրականացնեն հաւաք` յորդորելով թրքական իշխանութիւնները դադարեցնել երկրի շարք մը գաւառներու մէջ գլխաւորապէս քիւրտ ազգաբնակչութեան դէմ իրականացուող բռնութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Բողոքի ցոյց իրականացնելու գաղափարին հեղինակը «Յանուն խաղաղութեան ակադեմիկոսներու նախաձեռնութիւն»-ն է:

«Իբրեւ Թուրքիոյ տարբեր համալսարաններու մէջ աշխատող 1000-է աւելի ակադեմիկոսներ եւ հետազօտողներ` մենք կը յայտարարենք, որ չենք ըլլար Ճիզրէ, Տարկեչիթ, Սուր, Սիլոփի, Սիլվան գաւառներուն եւ այլ վայրերու մէջ բոլոր քաղաքացիներու եւ գլխաւորապէս քիւրտերու նկատմամբ իրականացուող յանցանքին մեղսակիցը: Այս տարածքներուն մէջ իրականացուող յանցագործութիւններուն պատասպանատու կը համարենք պետութիւնը` ուզելով, որ պատասխան տայ: Միաժամանակ կը յորդորենք, որ պետութիւնը անյապաղ սկսի բանակցութիւններ վարել»,- յայտնած են ցոյցի կազմակերպիչները:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail