Ակնարկ. Տարածաշրջանային Հարթակի Ձեւաւորման Շարժառիթները
12 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՇԽԱՐՀ:
Պաքուի զօրահանդէսին Ազրպէյճանի նախագահին հնչեցուցած յոխորտանքները հայկական տարածքներու պատկանելիութեան առումով նորութիւն չեն: Նման առիթներու Պաքուն յայտնաբար պիտի շարունակէ բարձրաձայնել, իր տարածքներուն մասին նման յերիւրանքներ:
Նման յայտարարութիւններ ներքին սպառման համար նկատառելի նիւթեր են, մանաւանդ պատերազմի արդիւնքի անմիջականութեան լոյսին տակ: Առաւելապաշտ մօտեցումները Ալիեւ ընտանիքի իշխանութեան վերահաստատման նպաստող քայլեր են, որոնք ըստ երեւոյթին կը քաջալերուին Անգարայի կողմէ:
Հեռու է պատահականութեան տեսութիւնը` Պաքուի զօրահանդէսը Արցախի Սահմանադրութեան հանրաքուէի օրուան զուգադիպեցնելը: Եւ երբ նկատի կ՛ունենանք նաեւ այս պայմաններուն մէջ Թուրքիոյ նախագահին մասնակցութիւնն ու ուղերձը, աւելիով կը հաստատուին Ալիեւի իշխանութեան գլխաւոր երաշխիքի հանգամանքը, ներքին շուկայի թիրախաւորման փաստը եւ պատերազմի արդիւնքը համապետական եւ համաժողովրդային մակարդակներով օգտագործելու գործողութիւնը:
Զօրահանդէսի երկու գլխաւոր ուղերձները նկատի ունենալով, դիպաշարին հետեւողը կը վերահամոզուի Անգարայի կողմէ Պաքուի ուղղակի կառավարման իրականութիւնը: Ուղերձներու բովանդակութիւնները համակարգուած են: Աւելի ճիշդը, Անգարան կը թելադրէ Պաքուին ըսել այն, ինչ որ Անգարան կ՛ուզէ փոխանցել միջազգային հանրային կարծիքին:
Ալիեւի ըսածները այս պարագային կարեւոր են այնքանով, որ Անգարան պիտի հակակշռէ զանոնք եւ ներկայանայ իբրեւ Պաքուն զսպող գործօն: Իբրեւ յառաջիկայ պատերազմը իբրեւ թէ սանձող, կանխարգիլող կարեւորագոյն եւ Ազրպէյճանի համար անփոխարինելի ռազմաքաղաքական գերագոյն միաւոր:
Այսպէս: «Զանգեզուրը, Գոյչան (Սեւան), Իրեւանը (Երեւանը) մեր պատմական հողերն են», յայտարարած է Ալիեւ: Իսկ 1990-ական թուականներու իրադարձութիւններն ու անոնց յաջորդած Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը կոչած է «շրջափակում» եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէկ մասին «վերադարձը» որակած է «տարածքային ամբողջականութեան վերականգնում»:
Պարզ է ըսուածը. Ազրպէյճան տակաւին «ազատագրած» է իր տարածքներէն մաս մը. այդ տարածքները ինչպէս արցախեան, այնպէս նաեւ հայաստանեան են` պատմականօրէն: Եւ երբ կ՛աւելցնէ, թէ Պաքուն բազմիցս յայտարարած էր, որ եթէ տարածքները չվերադարձուին, ապա իր իրաւունքներուն կը վերատիրանայ պատերազմով, ըսել կ՛ուզէ պարզապէս, որ մնացեալը եւս, եթէ չվերադարձուին, Ազրպէյճան պատրաստ է պատերազմի:
Հիմա Անգարան, Էրտողանի ճամբով աշխարհին կը փորձէ հասկցնել, որ պատերազմի շարունակութիւնը կանխարգիլողը ինքն է:
Այսպէս, ըստ Էրտողանի «մենք այսօր եղբօրս (Ալիեւի, «Ա.») հետ քննարկած ենք վեց երկիրներէ` Ազրպէյճանէն, Թուրքիայէն, Իրանէն, Վրաստանէն, Ռուսիայէն եւ Երեւանի ցանկութեան պարագային նաեւ Հայաստանէն բաղկացած հարթակի ստեղծման հաւանականութիւնը: Ատիկա լաւ համագործակցութիւն պիտի ըլլար շրջանի զարգացման համար»: Ան աւելցուցած է, որ Թուրքիան պատրաստ է «դռները բանալու» Հայաստանի համար: Անոր համաձայն, Անգարան «խնդիրներ չունի հայ ժողովուրդին հետ»:
Առանց մոռնալու Երեւանը ամբաստանելու տարածքներ բռնագրաւած ըլլալու, հայկական ուժերը ռազմական ոճիրներ գործած ըլլալու, կոչեր արձակելու` պատերազմէն դասեր քաղելու եւ արեւմտեան կայսերապաշտութեան ծուղակներուն չներքաշուելու, միաժամանակ Ռուսիոյ դրական դերը ընդգծելու հրադադարի հաստատման մէջ` Էրտողանը խառն ուղերձներու մէջ հիմնականին մէջ խաղաղարարի, իրաւարարի, սահման բացողի եւ հայ ժողովուրդին հետ հարց չունեցողի դերով փորձած է ներկայանալ:
Ուղերձը յստակ է. Անգարան ներկայ է հարաւային Կովկասի մէջ եւ Ռուսիոյ առընթեր հիմնական դերակատար` խաղաղութեան, կայունութեան եւ հետագայ գործակցութեան գործընթացներուն մէջ: Այս նպատակով ալ յայտարարած, որ կը նախաձեռնէ տարածաշրջանային հարթակ` վեց երկիրներու մասնակցութեամբ:
Հարթակին գործառոյթներն ու բովանդակային բաժինը յստակ չեն: Յստակ են սլաքին ուղղութիւնները: Տարածաշրջանային բեւեռ` Անգարայի հայեցակէտով իր դէմ պատժամիջոցներ կիրարկող երկիրներուն դէմ: Այդ հարթակին վրայ նոյն երկիրներուն կողմէ մեկուսացման ենթարկուած Իրանն ու Ռուսիան եւս հրաւիրուած են: Մնացեալը` ածանցեալ նշանակութիւն ունին, որոնց աշխարհագրական դիրքը տարածաշրջանային օրակարգերու բախման համար նկատառելի ենթահող է:
«Ա.»
aztagdaily.com/archives/492794