Զարիֆ Կոշտ Պատասխան Տուած Է Էրտողանի` Պաքուի Շքերթի Ընթացքին Արտասանած Խօսքին

Զարիֆ Կոշտ Պատասխան Տուած Է Էրտողանի` Պաքուի Շքերթի Ընթացքին Արտասանած Խօսքին

12 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառումով պատասխանած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Պաքուի զինուորական շքերթի ընթացքին կատարած յայտարարութեան:

«Նախագահ Էրտողանին չեն տեղեկացուցած, որ Պաքուի շքերթին ընթացքին անոր արտասանածը կը վերաբերի Արազէն հիւսիս գտնուող Իրանի հողերու իրանեան հայրենիքէն բռնի կերպով տարանջատուելուն», կը գրէ Զարիֆ` աւելցնելով. «Ան չի՞ գիտեր, որ ատով կը խարխլէ Ազրպէյճանի հանրապետութեան գերիշխանութիւնը: Ոչ ոք կրնայ խօսիլ մեր սիրելի Ազրպէյճանի մասին» (Զարիֆ նկատի ունի Իրանի հիւսիս-արեւելքի պատմաաշխարհագրական երկրամասը` իրանեան Ազրպէյճանը):

Յայտնենք, որ 10 դեկտեմբերին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած շքերթի ընթացքին Էրտողան արտասանած էր ազրպէյճանցի բանաստեղծ Պախթիար Վահապզատէի բանաստեղծութենէն հատուած մը` Հարաւային Ազրպէյճանի եւ Հիւսիսային Ազրպէյճանի տարանջատման մասին:

Թեհրանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Էրտողանի
Յայտարարութիւններուն Համար Իրանի
Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն Կանչուած Է

Թեհրանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը այդ երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութիւններուն պատճառով Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ:

«Թուրք դեսպանին յայտնած են, որ տարածքային յաւակնութիւններու եւ ռազմատենչ կայսերական ծաւալապաշտութեան դարաշրջանը արդէն երկար տարիներէ ի վեր աւարտած է», նշած է ան:

Խաթիպզատէի համաձայն, «ընդգծուած է, որ Իրան ոչ ոքի կ՛արտօնէ խախտել իր տարածքային ամբողջականութիւնը»:

Յայտնենք, որ Էրտողան 10 դեկտեմբերին Պաքուի զօրահանդէսին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ մէջբերած էր ազրպէյճանցի բանաստեղծ Պախթիար Վահապզատէի հետեւեալ խօսքը. «Արաքսը մեզմէ բաժնեցին, երկաթներով ու քարերով լեցուցին, ես քեզմէ չէի բաժնուեր, մեզի ստիպողաբար բաժնած են»: Էրտողան այս ձեւով ակնարկած էր, թէ Ազրպէյճանի տարածքները նուաճուած են:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի ուշ իր կարգին իր մօտ կանչեց Անգարայի մէջ Իրանի դեսպանը` իր դժգոհութիւնը յայտնելու «Թեհրանի կողմէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հասցէին կատարուած անհիմն պնդումներուն» նկատմամբ:

Իրանի Հաղորդակցութեան Նախարարը, Ի Պատասխան
Էրտողանի, Հրապարակած Է Սեֆեւեան Պարսկաստանի Քարտէսը

Իրանի հաղորդակցութեան նախարար Ազարի Զահրոմի, պատասխանելով Էրտողանի ու Պաքուի ամբարտաւան յայտարարութեան, հրապարակած է Սեֆեւեան Իրանի քարտէսը:

Քարտէսը յստակօրէն ցոյց կու տայ Մեծ Հայքը, Միջագէտքը, Սեֆեւեան Իրանի կայսրութիւնը, ներառեալ` 1918 թուականին ժամանակաւորապէս ստեղծուած Ազրպէյճանի պետութեան ամբողջ տարածքը:

Վերը աստուած, վարը Հայկական Բանակ – Լեռնային առիւծները, Արցախի Պաշպանութեան Բանակ

aztagdaily.com/archives/492828

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail