Խմբագրական. Երկրորդ Հանրապետութիւն. Նախ` Կարգավիճակը (Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան 24-Ամեակին Առիթով)

2 սեպտեմբեր 2015
Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման օրուան նշումը բազմախորհուրդ բովանդակութիւն կը պարփակէ: Այլեւս դասականացած համոզումներ են Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխիք ըլլալու հանգամանքը, մեր երկրորդ Սարդարապատի կարգավիճակը, երկրորդ պետութիւն ունենալու իրականութիւնը եւ նման բախտորոշ իրողութիւններ` ամրագրուած ծով զոհողութիւններով:

Հերթական փորձը` կեդրոնանալու ամէնէն նորագոյն եւ հրատապ երեւոյթներուն վրայ, որոնք սերտօրէն առնչուած են հայկական երկրորդ հանրապետութեան այսօրուան խնդիրներուն հետ, բնականաբար հիմնականին մէջ ունի զինուորաքաղաքական նշանակութիւն:

Արցախեան այսօրուան սահմաններուն անխորտակելիութիւնը փաստ է ոչ միայն Պաքուին եւ Անգարային, այլ նաեւ համայն աշխարհին, յատկապէս տարածաշրջանի զինուորաքաղաքական իրադարձութիւններուն մօտէն հետեւող միջազգային կառոյցներու պատասխանատուներուն համար:

Հակառակ այս իրողութեան, Պաքուի անընդհատ կրկնուող ոտնձգութիւնները ոչ թէ տարածք վերագրաւելու նպատակը կը հետապնդեն, այլ առաջնային իմաստով ներքին սպառման համար են: Ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, հետախուզաթափանցման գործողութիւնները, դիպուկահարներու աշխուժութիւնը եւ անվերջանալի կրակահերթերը գետնի վրայ որեւէ արդիւնքի չեն յանգած: Այս տիպի ոչ ճակատային, գիշերային կամ թաքուն փորձերը կը շարունակուին` ընդգծելու համար իրավիճակի կիսապատերազմական ըլլալը: Այն, որ Պաքուն իբրեւ թէ չէ հրաժարած իր «կորսնցուցած» տարածքներէն եւ թէ յարձակողական վարքագիծը կը շարունակուի` վերատիրանալու համար ազրպէյճանական իրաւունքներուն:

Այս վարքագիծը անշուշտ խախտում է միջազգային համաձայնութիւններու: Միջնորդական ամէն հանդիպման վերընդգծուող ուժի կիրարկումը բացառելու, բացառապէս խաղաղ լուծումը գերադասելու, ռազմական պիւտճէները սահմանափակելու եւ նման սկզբունքներ կոպտօրէն խախտուած են Պաքուի կողմէ: Խնդիրը այն է, որ իւրաքանչիւր պատահարի առիթով, խնամքով անուշադրութեան մատնելով միջազգային կառոյցները պատասխանատուութեան հաւասարեցում կը յայտարարեն երկու կողմերուն:

Մերթ ընդ մերթ թէկուզ աննկատ անուղղակիօրէն հաւասարեցումի խաղը կը խախտի եւ զգուշաւորութեամբ Պաքուին կ՛ուղղուի զինադադարը պահպանելու կոչը: Մերթ ընդ մերթի այս շարքին կարելի է նկատել նաեւ ամերիկացի համանախագահին վերջին յայտարարութիւնը, որ Արցախի տագնապի լուծման համար ամէն բանէ առաջ Արցախի կարգավիճակին յստակացումը նկատեց լուծելի առաջնային կէտը: Պաշտօնական Ստեփանակերտի արձագանգը այս առումով համաձայնելու Ուորլիքի յայտարարութեան չուշացաւ: Այս կը նշանակէ, որ Արցախի անկախ հանրապետութեան ճանաչումը մեկնակէտն է բանակցային միւս խնդիրներու լուծման:

Ուորլիքի յայտարարութիւնն ու Ստեփանակերտի արձագանգը կը յուշեն այլ անշրջանցելի կէտ մը եւս: Առանց Ստեփանակերտի մասնակցութեան որեւէ բանակցութիւն չի կրնար յանգիլ լուծումի: Ինքնորոշուած Արցախն է, հանրաքուէով անկախութիւնը ամրագրած հանրապետութիւնը, ժողովրդավար հասարակարգով ղեկավարուող իրողապէս անկախ տարածքը, այնտեղ ապրող բնակչութիւնը ներկայացնող պետութիւնը, որ կարգաւորման լուծման իր համաձայնութիւնը պիտի յայտնէ:

Մինչ, Արցախի պետութեան ներկայացուցիչներու աշխուժ մասնակցութիւնը տարբեր պետական հաստատութիւններու նախաձեռնած լսումներուն, քննարկումներուն, նիստերուն եւ փոխադարձաբար տարբեր պետութիւններու ներկայացուցիչներուն այցելութիւնները Ստեփանակերտ նախադրեալներ են Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման:

Հայկական երկրորդ հանրապետութիւնը կայացած է: Միջազգային ընտանիքը հաշուի կը նստի այս փաստացի իրականութեան հետ:
http://www.aztagdaily.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail