«Անգարան Արջի Ծառայութիւն Կը Մատուցէ. «Պաքուն Պէտք Է Զգուշանայ Անգարայէն» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Իրանի Նախկին Դեսպանը

«Անգարան Արջի Ծառայութիւն Կը Մատուցէ. «Պաքուն Պէտք Է Զգուշանայ Անգարայէն» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Իրանի Նախկին Դեսպանը

«Անգարան Արջի Ծառայութիւն Կը Մատուցէ. «Պաքուն Պէտք Է Զգուշանայ Անգարայէն» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Իրանի Նախկին Դեսպանը

14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

Ազրպէյճանի մէջ Իրանի նախկին դեսպան Մոհսեն Փաքային Պաքուին խորհուրդ տուած է զգուշանալ Անգարայէն` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հասցէին Թեհրանի քննադատութենէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

«Էրտողանը, բանաստեղծութիւնը կարդալով, ցոյց տուած է պատմութեան, աշխարհագրութեան չիմացութիւնը, ստեղծագործութեան իմաստն ու շրջանի իրավիճակը չհասկնալը: Ան բարձրացուցած է Իրանէն ազրպէյճանական շրջաններու անջատման սուր հարցը, ինչպէս նաեւ կասկածի տակ դրած Ազրպէյճանի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Իր բարեկամութեամբ Անգարան արջի ծառայութիւն կը մատուցէ Պաքուին: Պաքուն պէտք է զգուշանայ Անգարայէն», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Իրանի նախկին դեսպանը:

Նախապէս Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ հաղորդած էր, որ Թեհրանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը այդ երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութիւններուն համար Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է:

«Թուրք դեսպանին յայտնած ենք, որ տարածքային յաւակնութիւններու եւ ռազմատենչ կայսերական ծաւալապաշտութեան դարաշրջանը արդէն երկար տարիներէ ի վեր աւարտուած է», նշած էր ան:

Խաթիպզատէի համաձայն, «ընդգծուած է, որ Իրան ոչ մէկուն թոյլ պիտի տայ խախտել իր տարածքային ամբողջականութիւնը»:

Աւելի ուշ յայտնի դարձած էր, որ Թուրքիան ի պատասխան արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչած է Անգարայի մէջ Իրանի դեսպանը: «Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Անգարայի մէջ Իրանի դեսպանին իր դժգոհութիւնը յայտնած է նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հասցէին Թեհրանի անհիմն մեղադրանքներուն կապակցութեամբ», հաղորդած էր «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

Վերը աստուած, վարը Հայկական Բանակ – Լեռնային առիւծները, Արցախի Պաշպանութեան Բանակ

aztagdaily.com/archives/492971

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail