ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Նկատմամբ Անկիրթ Վերաբերմունք Ցուցաբերելով` Ալիեւ. «Ես Ձեզ Չեմ Հրաւիրած, Այստեղ Գալը Ձեր Գաղափարը Եղած Է»

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Նկատմամբ Անկիրթ Վերաբերմունք Ցուցաբերելով` Ալիեւ. «Ես Ձեզ Չեմ Հրաւիրած, Այստեղ Գալը Ձեր Գաղափարը Եղած Է»

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Նկատմամբ Անկիրթ Վերաբերմունք Ցուցաբերելով` Ալիեւ. «Ես Ձեզ Չեմ Հրաւիրած, Այստեղ Գալը Ձեր Գաղափարը Եղած Է»

14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի պատուիրակութիւնը 12 դեկտեմբերի առաւօտեան հասած է Պաքու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոսսիափրիմաւերա» կայքը:

Դիւանագէտները հանդիպած են Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Հանդիպումին ներկայ եղած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ստեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Պոչառնիքով եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անտրէյ Քասփրչիք:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպումի ընթացքին Ալիեւ ըսած է. «Ցաւօք սրտի, Մինսքի խմբակը որեւէ դեր չէ խաղացած տագնապի լուծման հարցին մէջ: Հակառակ անոր որ ատոր համար 28 տարուան ընթացքին լիազօրութիւն ունեցած է: Ես 17 տարի մասնակցած եմ բանակցութիւններուն: Սակայն նոյնիսկ եթէ Մինսքի խմբակը հանդէս եկած է գաղափարներով եւ փորձած է ստեղծագործաբար մօտենալ հարցին, ատիկա որեւէ արդիւնք չէ տուած», ըսած է Ալիեւ:

Անոր համաձայն, տագնապի լուծումը ամբողջովին փոխած է շրջանին մէջ իրավիճակը: «Ներկայ պահուն ամբողջովին նոր իրավիճակ ստեղծուած է», շեշտած է Ալիեւ` համաձայնելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի գնահատականին հետ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը արդէն պատմութեան գիրկը անցած է:

Ալիեւ աւելցուցած է, որ Պաքու այցելելու նախաձեռնութիւնը համանախագահներունը եղած է, եւ ինք զիրենք չէ հրաւիրած: «Այստեղ գալը ձեր գաղափարը եղած է: Կրնամ անգամ մը եւս ըսել ատիկա տեսախցիկին առջեւ: Ես Մինսքի խմբակը չեմ հրաւիրած, սակայն երբ ինծի տեղեկացուցին, որ Մինսքի խմբակը կ՛ուզէ գալ, ըսի` թող գան, ես դէմ չեմ: Թերեւս ինծի ըսելու բան ունին», ըսած է Ալիեւ:

«Ազրպէյճան յաջողեցաւ այս տագնապը ինք լուծել, պատերազմի դաշտին մէջ պարտութեան մատնեց Հայաստանը եւ անոր ստիպեց անձնատուութեան յայտարարութիւն ստորագրել», յայտնեց Ազրպէյճանի նախագահը` աւելցնելով. «Շրջանի հայ բնակչութեան վերաբերեալ բացարձակապէս հարց չկայ` մեկնելով անկէ, որ անոնք ազրպէյճանական կառավարման տակ աւելի լաւ կեանք պիտի ունենան»:

«Հայաստանի նախկին նախագահներ Սերժ Սարգսեանն ու Ռոպերթ Քոչարեանը պատերազմի ոճրագործներ են», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մենք իրականութեան մէջ պարտութեան մատնեցինք Սարգսեանն ու Քոչարեանը: Անոնք փորձեցին պատասխանատուութիւն բեռցնել ներկայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուսերուն, որ իշխանութեան հասաւ պատահաբար` Սարգսեանի եւ Քոչարեանի վարչակարգերուն դէմ ցոյցերու ալիքի ընթացքին»:

Ալիեւ աւելցուց, որ իր երկիրը իրաւական քայլերու սկսած է հայերուն կողմէ իրենց բռնագրաւած ազրպէյճանական քաղաքներուն մէջ քանդումներուն դէմ` նշելով. «Շրջանին մէջ ռուս խաղաղապահներու տարածուելէն ետք կայունութիւն հաստատուեցաւ, սակայն հայկական միլիսներու մնացորդը երէկ ահաբեկչական արարքներ գործեց»:

Ալիեւ յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի դրութեան վերահսկումի ռուս-թրքական միացեալ հսկողութեան կեդրոն պիտի ստեղծուի Աղտամի շրջանին մէջ:

«Մենք կը գտնուինք Աղտամի շրջանին մէջ հսկողութեան կեդրոնի ստեղծման փուլին մէջ: Ռուս-թրքական հսկողութեան կեդրոնը պիտի վերահսկէ զինադադարի դրութեան պահպանումին: Կը կարծեմ` ատիկա շրջանային համագործակցութեան լաւ դրսեւորում է: Նոյն ատեն ատիկա Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ լաւ համագործակցութեան խորհրդանիշ է», ըսած է Ալիեւ:

aztagdaily.com/archives/492970

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail