Բողոքի Ցոյց Թաւրիզի Մէջ Թուրքիոյ Հիւպատոսարանին Առջեւ. «Էրտողանը Չէ Իմացած Մէջբերուած Բանաստեղծութեան Զգայնութեան Մասին» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու
14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՇԽԱՐՀ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չէ իմացած Պաքուի մէջ 10 դեկտեմբերին տեղի ունեցած զինուորական շքերթի ժամանակ իր մէջբերած բանաստեղծութեան զգայնութեան մասին:
Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական դիւանագիտութեան պետը այս մասին յայտնած է իր իրանցի պաշտօնակիցին` Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:
Շեշտելով երկու երկիրներուն միջեւ սերտ բարեկամական յարաբերութիւնները` Չաւուշօղլու նշած է. «Անգարան, ակնասկած, կը ճանչնայ Իրանի տարածքային ամբողջականութիւնը»:
Իրանցի նախարարը եւս ընդգծած է Իրանի եւ Թուրքիոյ բարեկամական յարաբերութիւնները եւ յոյս յայտնած, որ երկու կողմերն ալ ապագային կ՛ընդլայնեն երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Յիշեցնենք, որ Էրտողան Պաքուի մէջ զօրահանդէսի ընթացքին մէջբերած էր ազրպէյճանցի բանաստեղծ Պախթիար Վահապզատէի խօսքերը. «Արաքսը մեզմէ բաժնեցին, երկաթներով ու քարերով լեցուցին, ես քեզմէ չէի բաժնուեր, մեզ ստիպողաբար բաժնած են»: Նման ձեւով Էրտողան ակնարկած էր, որ Ազրպէյճանի տարածքները գրաւուած են: Իրանեան կողմին ընկալումով` խօսքը Արաքսէն հարաւ ինկած` մայր Իրանի տարածքներու բռնագրաւման մասին է:
Մեծ թիւով իրանցիներ շաբաթ օր բողոքի ցոյց կատարած են Իրանի Արեւելեան Ազրպէյճան նահանգի մայրաքաղաք Թաւրիզի մէջ` Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը:
Ցուցարարները հաւաքուած են Էրտողանի խօսքերը դատապարտող եւ իսլամ ժողովուրդները պառակտելու փորձերու համար Իսրայէլը մեղադրող պաստառներով:
Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի նախագահ Մճթապա Զոնուրի իր կարգին մեղադրած է Էրտողանը` կոչ ուղղելով` ներում հայցելու Իրանէն: Ան Էրտողանին առաջարկած է դաս քաղել Իրաքի բռնապետ Սատտամ Հիւսէյնի ճակատագիրէն եւ արագ ներում հայցել միացեալ եւ պատուական իրանցի ժողովուրդէն:
Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան թուիթըրեան էջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Ապպաս Զոհուրի, անդրադառնալով Թուրքիոյ նախագահի վերջին յայտարարութեան, յայտնած է, որ Իրանի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը զգայնութեամբ եւ լրջութեամբ կը դիմակայեն շրջանի պատմական իրողութիւններուն նկատմամբ թիւր հայեացքները:
«Արտաքին գործոց նախարար Զարիֆի դիրքորոշումը, Թուրքիոյ դեսպանը արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչելը, Իրանի ամբողջ ժողովուրդին արձագանգը ցոյց տուին, թէ Իրանի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը ինչպիսի՛ զգայնութեամբ եւ լրջութեամբ պիտի դիմակայեն շրջանի պատմական իրողութիւններուն նկատմամբ թիւր հայեացքները», նշած է դեսպանը:
Իրանի խորհրդարանը երէկ հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութիւնը, «որ ոտնձգութիւն կը կատարէ Իրանի իսլամական հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան նկատմամբ»:
214 իրանցի երեսփոխաններ իրենց բողոքը արտայայտեցին Էրտողանի վերջին յայտարարութեան դէմ` նշելով. «Պառակտում յառաջացնող արտայայտութիւններու օգտագործումը Էրտողանի կողմէ, որ բարի դրացիական յարաբերութիւններ, իսլամական աշխարհի միութեան համար ջանքեր եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատում կ՛ակնկալէ, շատ զարմանալի եւ անընդունելի կը նկատուի, եւ մենք զայն բուռն կերպով կը դատապարտենք»:
«Այդ արտայայտութիւնները, որոնք մեզի կը յիշեցնեն իրանցի ժողովուրդի մէկ կարեւոր մասին հարկադիր ու ոչ կամաւոր անջատման պատճառով Մեծն Իրանի մարմինին հասցուած ցաւը, բանաստեղծութիւն մըն է, գրուած բանաստեղծի մը կողմէ եւ կարդացուած սիրելի իրանցիներու կողմէ, որոնք բաժանումէն տխրած են», շեշտեցին անոնք:
aztagdaily.com/archives/492969