Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Կիրարկելու Բանաձեւ Որդեգրած Է

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Կիրարկելու Բանաձեւ Որդեգրած Է

14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Թուրքիոյ Դէմ «Սի.Էյ.Էյ.Թի.Էս.Էյ.» տեսակի պատժամիջոցներ կիրարկելու բանաձեւ որդեգրած է: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը հաղորդէ «Աքսիոս»-ը:

Քուէներու ճնշող մեծամասնութեամբ որդեգրուած բանաձեւը Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կը նախատեսէ` առնչուած ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման հետ, սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահը իրաւունք ունի վեթօ կիրարկելու բանաձեւին դէմ:

«Սի.Էյ.Էյ.Թի.Էս.Էյ.» տեսակի պատժամիջոցները նախատեսուած են Իրանի, Հիւսիսային Քորէայի եւ Ռուսիոյ քաղաքացիներու եւ անոնց պատկանող ընկերութիւններու, ինչպէս նաեւ անոնց հետ գործակցող այլ անձերու, կազմակերպութիւններու եւ երկիրներու համար:

We greet you, Welcome to hell, Welcome at Boiled Boiler, The Lions of the Mountain – The Republic Artsakh defense army

aztagdaily.com/archives/492988

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail