«Արցախեան Պատերազմին Մէջ Մենք Պէտք Էր Հայաստանին Աջակցէինք» Կ՛ըսէ Իրանի Խորհրդարանի Երեսփոխանը

«Արցախեան Պատերազմին Մէջ Մենք Պէտք Էր Հայաստանին Աջակցէինք» Կ՛ըսէ Իրանի Խորհրդարանի Երեսփոխանը

«Արցախեան Պատերազմին Մէջ Մենք Պէտք Էր Հայաստանին Աջակցէինք» Կ՛ըսէ Իրանի Խորհրդարանի Երեսփոխանը

15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

Իրանի խորհրդարանի անդամ Ահմատի Պիղաշ խորհրդարանական նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է արցախեան պատերազմին, Թուրքիոյ վարած արտաքին քաղաքականութեան ու քննադատած Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Իրան Ինթըրնեշընըլ»-ը:

Իրանցի երեսփոխանը իր խօսքին մէջ նշած է, թէ իրանցի հիւլէական գիտնականներուն դէմ կատարուած մահափորձերը նաեւ Էրտողանի վարած քաղաքականութեան արդիւնքն են:

«Մեր գիտնականներու սպանութիւններուն մէջ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուէն պակաս չէ նաեւ Էրտողանի դերը», ըսած է ան:

Իրանեան խորհրդարանի անդամը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է նաեւ արցախեան վերջին պատերազմին եւ կարծիք յայտնած, որ ուժերու հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար Իրան պէտք էր Հայաստանին աջակցէր` նոյն ատեն հետեւողականօրէն լսելով Գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի խօսքերը. «Շրջափակուած տարածքները պէտք է ազատուին»:

Վերը աստուած, վարը Հայկական Բանակ – Լեռնային առիւծները, Արցախի Պաշպանութեան Բանակ

aztagdaily.com/archives/493102

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail