Հեքիաթի եւ Առասպելի շղարշեն անդին,,,,,,

08 յունուար 2016
ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ
Այ­սօր կը տօ­նենք Հ.Յ.Դ. հիմ­նադ­րու­թեան 125ա­մեա­կը։ Իս­կա­պէս, ի՞նչ կը տօ­նենք ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ Կը տօ­նենք հե­քիա՞­թը, կը տօ­նենք ա­ռաս­պե՞­լը։ Ա­պա­հով կը զգա՞նք մեր ար­ժէք­նե­րով։

Հ.Յ.Դ.ն հայ կեան­քին մէջ իր բազ­մա­կող­մա­նի ու բազ­մահ­նար դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ ա­նե­րե­ւոյթ հե­քիաթ մը, ե­րե­ւե­լի ա­ռաս­պել մը հան­դի­սա­ցաւ, շեշ­տա­կիօ­րէն ներգ­րա­ւե­լով ու մեր դիւ­ցազ­նա­ կանա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին մղե­լով հա­զա­րա­ւոր անձ­նու­րաց­ներ, ո­րոնք ի­րենց սե­փա­կան նո­ւի­րու­մի ու անձ­նա­զո­հու­թեան օ­րի­նա­կով՝ պան­ծա­ցու­ցին ա­նի­րա­ւո­ւած հա­յու ի­րա­ւուն­քի ու ա­զա­տու­թեան խիղճն ու գի­տակ­ցու­թիւ­նը, քա­ղա­քա­կան ու ռազ­մա­կան կամք ստեղ­ծե­լով ընկ­ճո­ւած մեր ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր խա­ւե­րուն մէջ։

Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հո­գե­ւոր եւ մտա­ւոր վե­րել­քը պայ­քա­րի հա­մո­զու­մով կ’ըլ­լայ, գա­ղա­փար­նե­րու նոյ­նա­ցու­մով կ’ըլ­լայ։ Ինք­նու­թիւ­նը կը ճշդէ գա­ղա­փա­րը եւ գա­ղա­փա­րը իր ինք­նու­թեան խոր­քը։

Եւ այս­պէս, մեր ժո­ղո­վուր­դը ճանչ­ցաւ ա­ռաս­պե­լին եւ հե­քիա­թին ար­ժէ­քը։ Մա­նա­ւանդ հի­նե­րը։ Եւ դեռ՝ ա­ւե­լի հի­նե­րը։

Բայց չենք կրնար ի­րա­պաշտ ախ­տա­ճա­նա­ցու­մը չը­նել այն ի­րա­կա­նու­թեան, որ որ­քան ժա­մա­նա­կը կը սա­հի, մեր հե­քիա­թի ու ա­ռաս­պե­լի ար­ժէ­քը կը տժգու­նի, դիւ­ցազ­ներ­գու­թիւ­նը կը զի­նա­թա­փո­ւի։

Պար­տինք ճանչ­նալ, որ դիւ­րա­հա­ղորդ հե­քիաթ­ներն ու ա­ռաս­պել­ներն ալ ի­րենց ա­ւան­դու­թեան ա­րո­ւես­տը կը կրեն հի­նէն ե­կող ի­րենց հայ­րե­նա­նո­ւէր ժա­ռան­գա­կա­նու­թեան բո­վով։ Հաս­տա­տենք նաեւ, որ ազ­գե­րուն մէջ լաւ եւ գէշ հե­քիաթ­ներն են, զուսպ թէ չա­փա­զան­ցո­ւած ա­ռաս­պել­ներն են, ո­րոնք հե­րո­սա­կան շեշտ, նկա­րա­գիր ու հա­մե­մա­տու­թիւն կու­տան ե­րա­զին, սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին կազ­մա­ւո­րու­մին, ո­րոնք այդ ե­րա­զին գոյ­նը զա­նա­զա­նել կը սոր­վին եւ Վար­դա­նան­ցի, Վար­դա­նի, Ա­ւա­րայ­րի վկա­յա­կո­չու­մը կա­տա­րե­լով՝ Վար­դա­նանց պա­տե­րազ­մը «հե­րո­սա­կան» կը բնո­րո­շեն, Վար­դա­նը՝ «կար­միր» եւ Ա­ւա­րայ­րը՝ հա­մայ­նա­կուլ։

Կը յի­շենք, կը պա­տո­ւենք, կը տօ­նենք, մին­չեւ այ­սօ՛ր։

Սար­դա­րա­պատ, Ղա­րա­քի­լի­սէ, Բաշ Ա­պա­րան, Ար­ցախ։

Կը յի­շենք, կը պա­տո­ւենք, կը տօ­նենք, մին­չեւ այ­սօ՛ր։

Սե­բաս­տա­ցի Մու­րատ, Քե­ռի, Բաբ­գէն Սիւ­նի, Անդ­րա­նիկ, մին­չեւ Բե­կոր, Թա­թուլ Կր­պէեան, Լիզ­պո­նի հինգ հե­րոս­ներ։

Կը յիշնք, կը պա­տո­ւենք, կը տօ­նենք, մին­չեւ այ­սօ՛ր, ո­րով­հե­տեւ պատ­մու­թիւ­նը, հե­րո­սու­թիւ­նը, յաղ­թա­նակ­նե­րը թէ բա­րո­յա­կան յաղ­թա­նակ­նե­րը խո­րա­պէս ու ա­նու­րա­նա­լիօ­րէն դրոշ­մո­ւած են մեր հոգ­ւոյն ու ազ­գա­յին ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը միա­ւո­րող ի­մա­ցա­կան մարմ­նա­ւո­րու­մի մը մէջ, որ հայն է, որ իր ազգն է, որ իր ա­զա­տու­թիւնն է։ Ա­զա­տու­թիւ­նը ան­փո­խա­րի­նե­լի դրա­մագ­լուխ է։

Ուս­տի հար­ցումս կը կրկնեմ. պէտք է յստակ գիտ­նալ, յստակ հասկ­նալ, թէ ի՞նչ կը տօ­նենք, կամ թէ՝ ի՞նչ կը մի­տինք տօ­նե­լու, ար­ժա­նա­վա­յել կեր­պով ո­գե­կո­չե­լով ե­րէ­կին այ­սօ­րը եւ այ­սօ­րին ե­րէ­կը։

Ա­տե­նօք՝ յե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րը յե­ղա­փո­խու­թիւն կ’ա­նո­ւա­նէինք։ Հի­մակուան­նե­րը ինչ­պէ՞ս յե­ղա­փո­խու­թիւն կո­չել։ Կը դժո­ւա­րա­նանք ա­նուն գտնե­լու, ա­նուն տա­լու։ Հի­մա կազ­մա­ւո­րո­ւող մարդն ու իր յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը յա­ւե­լեալ ու­սում­նա­սի­րու­թեան ու հիմ­նա­ւոր վեր­լու­ծու­մի կը կա­րօ­տին։

Ո­րե­ւէ կու­սակ­ցու­թիւն, ոե­ւէ կու­սակ­ցա­կան, ա­ռանց ազ­գա­յին յե­ղա­փո­խու­թեան մը պոր­տա­լա­րին չծնաւ։

Ուղ­ղա­կի կամ կողմ­նա­կի բաղ­դա­տա­կան­ներ կա­տա­րե­լու նո­ւա­զա­գոյն տրա­մադ­րու­թիւն կամ դի­տա­ւո­րու­թիւն չկայ մտքիս մէջ, սա­կայն ազ­գա­յին մնա­յուն ու գե­րա­դա­սող ար­ժէք­նե­րը ճիշդ գնա­հա­տե­լու, պատ­մա­կան ե­ղե­լու­թիւն­նե­րու ախ­տա­ճա­նա­չում­նե­րը ման­րազ­նին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ ճշգրիտ ու ուղ­ղա­հա­յեաց հու­նի ու հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու մէջ տես­նե­լու պար­կեշ­տու­թիւ­նը մեր բո­լո­րիս դերն ու պարտքն է։ Բայց խիղ­ճի բնո­րո­շու­մը ինչ­պէ՞ս կ’ըլ­լայ։ Նե­րե­ցէք, շո­ւա­րե­ցու­ցի ձեզ։

Հ.Յ.Դ.ի ծնուն­դը, յե­ղա­փո­խա­կան պայ­քա­րը, սփիւռ­քեան բազ­մա­ճիւղ հայ­րե­նա­նո­ւէր դե­րա­կա­տա­րու­թիւնն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ան­կախ հայ­րե­նիք ստեղ­ծե­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը՝ ան­կա­խա­ցու­մի ա­ռաս­պե­լա­յին հա­մե­մա­տու­թիւն­ներ՝ քա­նա­կա­կան ու ո­րա­կա­կան ա­ռա­ւե­լու­թիւն­ներ կը կրեն իր քա­ղա­քա­փի­լի­սո­փա­յա­կան էու­թեան, եւ ա­ռաս­պե­լա­կա­նա­ցած ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան մէջ։

Չ­տես­նե՞նք, չգնա­հա­տե՞նք, որ իր ժա­մա­նա­կի հո­րի­զո­նին մէջ Հ.Յ.Դ.ն տիե­զե­րա­կան գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն մը ստեղ­ծեց, իր տե­սա­կին մէջ նոր նմոյշ մը զար­գա­ցուց եւ զայն մարմ­նա­ւո­րեց ստեղ­ծա­գործ յե­ղա­փո­խու­թեամբ, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեամբ, ըն­կեր­վա­րու­թեամբ, հայ կեան­քին մէջ ար­դա­րու­թեան ու ի­րա­ւուն­քի ներշն­չող գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն մը խո­րաց­նե­լով։ Յա­ջորդ օ­րը միշտ կա­րե­ւոր ե­ղած է։

Յատ­կա­պէս մեր վեր­ջին հա­րիւ­րամեա­կին, հայ կեան­քը ինք­նամ­փոփուե­ցաւ լա­րո­ւած պա­րա­նի մը վրայ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­ներ պահ­պա­նե­լու հար­կադ­րան­քով։ Դ­ժո­ւար բան մը։

Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը գոր­ծեց յանձ­նա­պաս­տան հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րով, մեր ա­զա­տագ­րա­կան նո­րա­գոյն պայ­քա­րի հե­րո­սա­պա­տում­ներն ալ ա­ռաս­պե­լա­կա­նաց­նե­լով։ Քա­ղա­քա­կան խօս­քը միշտ իր ար­ժէ­քը եւ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ու­նի, թէ­կուզ եր­բեմն սուղ վճա­րած ենք՝ մեր չմտա­ծո­ւած խօս­քե­րուն, մեր բռնկող ու բռնկեց­նող ճա­ռե­րուն հա­մար։ Ա­մէն բան գին մը ու­նի. վճա­րենք թէ չվճա­րենք…։

Հայ դա­սա­կան կամ ա­ւան­դա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­ներ, զի­րենք այս­պէս ա­նո­ւա­նող հան­դի­սա­տես­ներ կը մի­տին հա­մո­զե­լու, թէ նո­րը ի­րենք են։ Ա­ւան­դա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը կը ճգնի՞ն նոր ձե­ւով մտա­ծե­լու, դաս­տիա­րա­կե­լու, գոր­ծե­լու, մեր դի­մագ­րա­ւած խնդիր­նե­րը ար­մա­տա­պէս լու­ծե­լու։ Այս ձե­ւով տեղ մը չենք ա­ռաջ­նոր­դո­ւիր։ Քիչ մը լրջա­նանք։

Ժա­մա­նա­կա­կից կեան­քի մե­զի պար­տադ­րող տաղտ­կա­լի ու ե­րե­րող ընտ­րանք­նե­րուն դի­մաց ինչ­պի­սի՞ ճա­նա­պարհ կ’ընտ­րենք։ Հին թէ նոր Պի­ղա­տոս­նե­րու ժա­մա­նա­կը ան­ցած է, քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ռազ­մա­վա­րու­թիւնն ալ փո­խո­ւած է։

Ճանչ­ցած ենք, որ գա­ղա­փար­նե­րը, գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն­նե­րը Հ.Յ.Դ.ի հա­մար ան­սա­կար­կե­լի բա­ներ ե­ղած են, իսկ դաշ­նակ­ցա­կան եր­դո­ւեա­լը միշտ ու ա­մէն պա­րա­գա­յի սոսկ ի­մաս­տով ոչ թէ կու­սակ­ցու­թեան, այլ կու­սակ­ցու­թեան ճամ­բով ազ­գի ու հայ­րե­նի­քի զի­նո­ւոր դա­ւա­նած է, ո­րով­հե­տեւ ազ­գի ազ­գակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րը ի­րեն ներշն­չած է իր իսկ կու­սակ­ցու­թեան տա­ղա­չա­փուած գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան ամ­բող­ջու­թիւ­նը, ու իր կեանքն ու էու­թիւ­նը նոյ­նա­ցու­ցած ու հաշ­տե­ցու­ցած է տո­ւեալ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան խիղ­ճին ու ապ­րում­նե­րուն հետ, թէ­կուզ իր պատ­մու­թիւ­նը չա­րա­շա­հող­նե­րը յար­ձա­կած են իր վրայ՝ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րը ա­ղա­ւա­ղե­լու մի­տու­մով։ Իսկ հի­մա, ին­չո՞վ կը յու­զո­ւինք։ Ս­խալ­ներ կը գոր­ծենք, բայց չենք սոր­վիր։

Ո՞վ կրնայ հին թէ նոր ժա­մա­նա­կը փո­խել։ Ժա­մա­նա­կի ի­րա­կան փո­խար­ժէ­քը առ­կախ մնաց ու կը մնայ ինք­նա­գո­յա­տեւ­ման մեր բնազ­դին դի­մաց։

Ան­ցեա­լին կ’ը­սէինք. ա­նո­րոշն ու թե­րա­հա­սը կը ներգ­րա­ւեն։ Հի­մա կ’ը­սենք. ան­տար­բերն ու թե­րագ­նա­հա­տո­ւա­ծը կը ներգ­րա­ւեն։ Կ­’ե­րե­ւի ձա­խո­ղե­ցանք մեր գնա­հա­տում­նե­րուն մէջ։

Ներ­կա­յիս, այս­պէս ար­ժե­չա­փո­ւող բա­րե­կար­գո­ւած քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը դան­դա­ղած է, իսկ անդ­րոշմ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը դար­ձած է ա­ւե­լի քան ա­նար­ժա­նա­հա­ւատ։

Մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն փո­խո­ւած է Ս­փիւռ­քի-Ս­փիւռք­նե­րու դե­րը։ Դիւ­րին կա­նոն­ներ չմնա­ցին։ Պէտք է ձե­ւը գտնել լաւ հասկ­նա­լու հա­մար, թէ ի՞նչ կ’անց­նի կը դառ­նայ մեր շուրջ։

Այ­սօր, հայ կեան­քի դերն ալ փոխուած է. հե­ռու չէ մեր ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թե­նէն, բայց մա­սամբ հե­ռու է ան­ցեա­լէն։ Մեր պատ­մա­կան ող­բեր­գու­թեան կրկնու­թիւ­նը կ’ապ­րինք գի­տակ­ցա­բար թէ են­թա­գի­տակ­ցա­բար։

Շուր­ջեր­նիս եր­կա­թեայ սե­րունդ կա՞յ։ Կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը եր­կա­թեայ սե­րունդ կը պատ­րաս­տե՞ն։ Կը թո­ւի, թէ հար­կադ­րա­բար բաղ­դա­տա­կան հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու օ­րեր կ’ապ­րինք։ Պէտք կա՞յ…

Պատ­րաս­տու­թեան թէ նա­խա­պատ­րաս­տու­թեան ե­ռու­զեռ կա՞յ, ե­թէ բառն ու ի­մաս­տը մեծ չէ։ Ս­փիւռ­քը շար­ժուն ա­ւա­զի պէս բան մը ե­ղած է. ը­սել կ’ու­զեմ, հին թէ նոր խպնող բա­ռամ­թեր­քով։ Ա­նա­պա­տա­յին Սա­հա­րա մը կ’ե­րե­ւի հո­րի­զո­նի վեր­ջա­լոյ­սին։ Գու­ցէ մտա­յին ու հո­գե­կան ա­ղօտ պլպլա­ցում­նե­րով։ Ձ­գե­ցէք, որ մար­դիկ շնչեն։

Մեր ապ­րած կեան­քի խու­զար­կու գնա­հա­տու­մը ճիշդ պի­տի ը­նե՞նք։ Շատ խօ­սած ու գրած ենք Հա­յաս­տա­նի, Ար­տերկ­րի ու այլ նման նիւ­թե­րու մա­սին, սա­կայն քիչ խօ­սած ենք կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կայ ու ա­պա­գայ դե­րին մա­սին։ Կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը այ­լեւս ո՛չ ամ­բո­խա­յին դեր ու­նին, ոչ ալ ամ­բո­խա­յին ընդ­դի­մու­թիւն են։

Ճե­պըն­թա­ցը չի հաս­նիր կան­գա­ռին։ Կ­’ըեսնք՝ կու­գայ ու կու­գայ, բայց չ’ե­րե­ւիր, չի յայտ­նո­ւիր։ Այս բա­նե­րը կը հասկ­նայ պատ­մու­թեան նո­ւա­զա­գոյն ճա­նա­չում ու­նե­ցող մար­դը։

Մար­դիկ կան, մա­նա­ւանդ Հա­յաս­տա­նի մէջ, որ կ’ը­սեն. միայն մենք կու­սակ­ցու­թիւ­նը ա­ռաջ չտա­նինք, կու­սակ­ցու­թիւնն ալ մե­զի ա­ռաջ թող տա­նի։ Ո­մանք ան­տե­սո­ւած կը զգան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն, պատ­մու­թե­նէն։

Կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը կը հա­սուն­նան ներշն­չող ու վա­րա­կող գոր­ծով։ Գոր­ծը կ’ինք­նաս­նու­ցո­ւի հա­սու­նա­ցու­մով։ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը՝ սկզբուն­քի կու­սակ­ցու­թիւն է. դաշ­նակ­ցա­կա­նը՝ սկզբուն­քի մարդ է։ Պատ­մա­կան վե­րի­վայ­րում­նե­րու իբ­րեւ ար­դիւնք՝ ըմ­բոս­տու­թիւն­նե­րու յե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րու հուն­տէ սե­րած մարդ է։ Պատ­մու­թիւ­նը ո­մանց տո­ւաւ շատ ա­ւե­լին, քան կ’ակն­կա­լէր։ Ո­մանց ալ ի՞նչ տո­ւաւ… ։

Մեր նա­խա­հայ­րե­րը զէն­քով կռուե­ցան. նոր մար­դը քո­ւէով կը կռո­ւի։ Կը հասկ­նա՞նք, որ մեր տո­ւեալ­նե­րը փոխուած են։

Իսկ յի­շա­տա­կի պա­հեստ­նե՞­րը։ Յի­շա­տա­կը կը շալ­կես միշտ ու­րի­շի կեան­քով։ Յի­շա­տա­կը կ’օգ­տա­գոր­ծե՞նք պէտք ե­ղած ձե­ւով նոր սե­րուն­դը դաս­տիա­րա­կե­լու հա­մար։

Մեր յի­շա­տա­կը հա­րիւր եւ ա­ւե­լի տա­րի­ներ դաշ­նակ­ցե­ցաւ մե­զի հետ։ Հա­րիւր տա­րի վերջ շատ մը բա­նե­րու հիմ­նար­կէ­քը չենք տօ­ներ, ժա­պա­ւէն կտրե­լու փա­փաք չու­նինք։

Կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը դադ­րե­ցան դաս­տիա­րա­կե­լէ, ո­րով­հե­տեւ ի­րենք դադ­րե­ցան դաս­տիա­րա­կո­ւե­լէ։ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը փակ ըն­կե­րու­թիւն մը չէ, բաց է եւ բաց ե­ղած է հայ կեան­քին հան­դէպ, բայց այ­սօր իր աշ­խար­հագ­րու­թիւ­նը պէտք է փո­խէ, նաեւ աշ­խար­հագ­րու­թեան ա­ռա­ջադ­րու­թիւ­նը։ Երբ պատ­մու­թիւն կը գրենք, պի­տի մոռ­նանք կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը. հոն միայն ազ­գը դե­րա­կա­տար է։

Հե­ռու չեն այն ժա­մա­նակ­նե­րը, երբ Հ.Յ.Դ.ն­ ու­նէր սփիւռ­քեան կեան­քի «ինք­նի­շա­նու­թիւ­նը»։ Կար­ծեմ այ­սօր ալ ու­նի եւ ոե­ւէ մէ­կը այս հար­ցով կաս­կած չի կրնար յայտ­նել։ 19րդ, 20րդ­ եւ 21րդ դա­րե­րու սփիւռ­քեան հայ կեան­քի ղե­կա­վա­րը Դաշ­նակ­ցու­թիւնն է։ Հա­մոզուած եմ, որ հա­ման­ման հա­շո­ւե­փակ կա­տա­րե­լու ժա­մը ե­կած չէ։ Հաշուե­փա­կի փո­խա­րէն, սա­կայն, ա­պա­գայ ստեղ­ծա­րար նոր ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցի մը սկիզ­բը պէտք է դրո­ւի։ Զան­գակ մը, որ արթնց­նէ ժո­ղո­վուր­դը։

Սի­րե­լի ըն­թեր­ցող, գրու­թիւնս կը վե­րա­բե­րի այ­սօ­րո­ւան ու վա­ղո­ւան կշռոյթ­նե­րուն հա­մա­հուն­չու­թեամբ։ Ինչ որ կը կար­դաք ու կը հասկ­նաք՝ այդ է. տա­կը ու­րիշ բան չկայ. պէտք ալ չէ։

Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը թե­րեւս միակ կու­սակ­ցու­թիւնն է, որ միւս­նե­րէն, նաեւ հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն, ա­ռանց վա­խի, քիչ մը ա­ւե­լի հրա­պա­րա­կաւ ու հա­ճո­յա­կամ ինք­նաքն­նա­դա­տու­թիւն կա­տա­րած է։

Կ­’ը­սեմ. ե­թէ Հ.Յ.Դ.ն չըլ­լար, հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թիւ­նը տար­բեր պի­տի ըլ­լար, տար­բեր պի­տի գրո­ւէր, տար­բեր պի­տի կար­դա­ցո­ւէր, մեր ի­րա­կա­նու­թիւնն ալ տար­բեր պի­տի ըլ­լար։ Չեմ գի­տեր, ե­թէ պատ­մու­թիւ­նը տար­բեր գրո­ւէր, ճիշդ կամ սխալ պի­տի ըլ­լար, բայց վստա­հա­բար այս մէ­կը պի­տի չըլ­լար։

Ժա­մա­նակ­նե­րը ե­կան ու ան­ցան եւ մեր ի­տէալ­նե­րու հե­տե­ւանք­նե­րը յա­ճախ թիւ­րի­մա­ցու­թեան մատ­նո­ւե­ցան։ 70 տա­րի­ներ Հ.Յ.Դ.ն­ ին­չո՞ւ չար­տօ­նուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ, ու խնա­յո­ղու­թեամբ թոյլ տրո­ւե­ցաւ միայն 20 տա­րի ա­ռաջ, այդ ալ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն­նե­րու չա­րա­բաս­տիկ հանգ­րո­ւան­նե­րով։

70 տա­րի ին­չո՞ւ Ե­ռա­գոյն չկար, «­Մեր հայ­րե­նիք»ը չկար, Զի­նան­շա­նը չկար։ 70 տա­րի­նե՞ր պի­տի սպա­սէինք, որ­պէս­զի մեր ազ­գա­յին խորհր­դա­նիշ­նե­րը յաղ­թա­նա­կեն։

Հայ­րե­նի­քը ստեղ­ծո­ւե­ցաւ իր պայ­ման­նե­րով, Հ.Յ.Դ.ն­ ալ Ս­փիւռ­քի մէջ ստեղ­ծեց իր նոր գոր­ծու­նէու­թեան պայ­ման­նե­րը, շալ­կե­լով իր վտա­րան­դի ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հո­ղին ցա­ւը, այ­լեւ հո­ղին փառ­քը, հո­ղին ա­ւան­դու­թիւ­նը։ Լ­րիւ կեանք մը ձեռ­նոց նե­տել, ձեռ­նոց վերց­նել, վա­ռօդ հո­տո­տալ, մէջ­քէն վար հա­րո­ւած­ներ ստա­նալ։

Հի­մա հե­քիա­թին ու ա­ռաս­պե­լին շղար­շը քա­շո­ւած է։ Ա­մէն մարդ միա՛յն ար­հես­տա­վարժ քա­ղա­քա­ցի դար­ձած է։ Միա­կող­մա­նի մար­դը ա­զատ պայ­ման­նե­րու մէջ ալ ստրուկ կ’ըլ­լայ։ Սոր­վե­ցանք ալ, թէ ան­կախ ու միա­հե­ծան ըլ­լա­լը հար­կադ­րա­բար դժո­ւար է, ստրուկ ըլ­լա­լէ ա­ւե­լի դժո­ւար, երբ կը պակ­սին ծա­ռա­յու­թեան հա­ւատքն ու ի­տէա­լը։

Դաշ­նակ­ցու­թեան դա­սե­րը այժ­մէա­կան կը մնան։ Դա­սեր, որ շրջա­դարձ բե­րին հա­յու­թեան։ Վա՜յ ե­կեր է ա­նոր, որ ե­ղունգ չու­նի իր գլու­խը քե­րե­լու հա­մար։

Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը պատ­մու­թեան մէջ ա­նուն ձգե­լու հա­մար չէ, որ յե­ղա­փո­խու­թիւն ը­րաւ։ Այդ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը այ­լեւս նա­հա­տակ չեն։ Մեր ե­կե­ղե­ցին սրբա­ցուց նա­հա­տակ­նե­րը, հա­յու­թիւ­նը պէտք է սրբաց­նէ իր հե­րոս­ներն ալ։

Այս­պէս կ’ըլ­լայ յե­ղա­փո­խու­թեան բա­րո­յա­կան ար­ժէ­քը, Ա­րա­րա­տա­հա­յեաց բար­ձունք­նե­րու հե­ռան­կա­րա­յին տես­լա­կա­նով։ Մեր հե­րոս­նե­րը ներ­կայ չեն, բայց բա­ցա­կայ ալ չեն. մեր մշա­կոյ­թի ժա­ռան­գու­թիւնն են. մեր խորհր­դա­նիշ­ներն են։

Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած է։ Ձե­ւա­կան բան չէ ը­սածս։ Ա­զա­տու­թեան ու ան­կա­խու­թեան ընտ­րու­թիւ­նը զուտ ժո­ղովրդա­վա­րու­թեան խնդիր է։ Հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը գոր­ծով յայտ­նի է՝ ո՛չ խօս­քով, ո՛չ ճա­ռով։

Ժա­մա­նա­կը ժա­մա­նա­կով կը վե­րա­բե­րի մե­զի հան­դէպ։ Ուշ է այ­լեւս նոր ճշմար­տու­թիւն­ներ հնա­րե­լու հա­մար։ Ինչ որ կ’ապ­րինք՝ ար­ժէք է։ Եր­բեմն նաեւ ի՛նչ որ կը պակ­սի։ Հա­սու­նու­թիւ­նը իր ժա­մա­նա­կը կ’ու­զէ։

Հ.Յ.Դ.ն պատ­մա­կան կու­սակ­ցու­թիւն է։ Նոր սե­րուն­դը նա­խորդ սե­րունդ­նե­րէն ստա­ցած պատ­գամ­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թիւնն է, եւ պի­տի ծա­ռա­յէ այդ պատ­գամ­նե­րու շա­րու­նա­կու­թեան, մին­չեւ որ հե­քիաթն ու ա­ռաս­պե­լը շղար­շը վերց­նե­լով ձգո­ղա­կա­նօ­րէն վե­րա­կեն­դա­նա­նան ու վե­րա­կեն­դա­նաց­նեն տես­լա­պաշտ նոր սե­րունդ­նե­րու եր­կար եր­թը։

Ե­կէ՛ք, հա­մա­ձայ­նի՛նք գա­ղա­փար­նե­րու շուրջ, հայ­րե­նի­քին շուրջ։ Մեր ժո­ղո­վուր­դը յոյ­սի ի­րա­ւունք ու­նի։ Թա՛րմ յոյ­սի։ Յոյ­սի՛ մկրտա­րա­նի։

Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մու­թիւ­նը ճամ­բոր­դու­թիւն մըն է, որ պէտք է հաս­նի իր վերջ­նա­կան նա­ւա­հան­գիս­տին։ Այ­սօ՛ր եւ վա՜­ղը… ։

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ
http://www.azator.gr

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail