«Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ուզէ Ազրպէյճանի Հետ Գործընկերութեան Նոր Համաձայնագիր Կնքել, Մասնակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հոլովոյթին» Կ՛ըսէ Պորել
21 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ Ազրպէյճանի հետ կնքել գործընկերութեան նոր համաձայնագիր, որ նաեւ կ՛ընդգրկէ կազի գնումները, ինչպէս նաեւ մասնակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի լուծման հոլովոյթին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել` Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան գործընկերութեան խորհուրդի նիստէն ետք:
«Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ Ազրպէյճանի հետ կնքել նոր յաւակնոտ եւ համապարփակ համագործակցութեան համաձայնագիր` հիմնուած ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու յարգանքի վրայ: Ասիկա պիտի նպաստէ Ազրպէյճանի տնտեսութեան բազմազանացման եւ մեր առեւտրական յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստէ մեր գործընկերութեան առաւել լայն ձեւով զարգացման: Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի երկարաժամկէտ լուծումին` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին հետ սերտ համագործակցութեամբ», ըսած է Պորել:
Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Օլիվըր Վարկելի իր կարգին ընդգծած է Եւրոպական Միութեան հետաքրքրութիւնը Ազրպէյճանի հետ կազային համագործակցութեան զարգացման հարցին մէջ: Ան մէկ անգամ եւս յիշեցուցած է, որ Պրիւքսել կը նախատեսէ մինչեւ տարեվերջ Ազրպէյճանէն ստանալ կազի առաջին մատակարարումը Հարաւային կազային միջանցքով` նշելով, որ Պրիւքսել կ՛ուսումնասիրէ կազի փոխանցման այս նախագիծը Արեւմտեան Պալքաններ տարածելու կարելիութիւնը:
aztagdaily.com/archives/493786