Կարմիր Գիծեր – Հարցում մը, բոլոր անոնց, որոնք մինչ այս պահը Նիկոլը կը պաշտպանեն, – ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

ARARAD

Կարմիր Գիծեր – Հարցում մը, բոլոր անոնց, որոնք մինչ այս պահը Նիկոլը կը պաշտպանեն, – ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

21 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Հարցում մը, բոլոր անոնց, որոնք մինչ այս պահը Նիկոլը կը պաշտպանեն, կը փորձեն զայն արդարացնել, կամ, լաւագոյն պարագային, լուռ ու մունջ կրաւորական կեցուածքով կը հետեւին վերջին զարգացումներուն. ԴԵՌ Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԷ (ԿԱՄ ՉԸՆԷ) ան, որպէսզի ձեզի համար ալ «կարմիր գիծերը» հատած ըլլայ: Ի՞նչ փորձանք դեռ պէտք է գայ մեր ժողովուրդին ու պետութեան գլխուն, որպէսզի «կարմիր գիծեր» անցնելու վերագրուին: Որո՞նք են ձեր «կարմիր գիծերը», խնդրեմ, ըսէ՛ք:

Ըստ երեւոյթին, գաղտնաբար կործանարար անձնատուութեան (կապիտուլյացիա) յայտարարութիւն ստորագրելը, հայրենի Արցախի տարածքին աւելի քան 70% կորուստն ու զիջումը, հազարներու ՀԱՅՐԵՆԱԶՐԿՈՒՄՆ ու տեղահանութիւնը, փան-թուրանական երազին ճամբայ հարթելը, ամբողջ հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը խոցելը «կարմիր գիծեր» չեն ոմանց համար:

Պատերազմը կանխարգիլելու կամ նախօրօք դադրեցնելու ձախողումը, անցնող երկամեակին արտաքին դիւանագիտութեան եւ բանակցութիւններուն ահռելի տապալումը, լրջօրէն վտանգները չգնահատելն ու համապատասխան քայլերու չձեռնարկելը, 44 օրեր հանրութիւնը մոլորեցնելը, համակարգուած զօրահաւաք ու համալրում չկազմակերպելը, բանակին վիրաւոր ու անմխիթար ներկայ վիճակը, պատերազմի ընթացքին գործուած մարտավարական ու կազմակերպչական ահաւոր սխալները «կարմիր գիծեր» չե՞ն ձեզի համար:

Ռազմագերիներու եւ անհետ կորածներու խնդրին ապիկար ու անկարող տնօրինումը, կործանարար յայտարարութենէն աւելի քան մէկ ամիս անց, մինչ այս պահը օրական դրութեամբ արձանագրուած ապահովական անախորժ գործողութիւններն ու շրջափակումները, նո՛ր զոհերու եւ ռազմագերիներու թոյլ տալը անբացատրելիօրէն «կարմիր գիծեր»-ու սահմանը չեն անցած ոմանց համար:

Այս ծիրին մէջ շատեր այդ տպաւորութիւնը կը ձգեն, որ պարտուած ու հեղինակազրկուած այս իշխանութեան ակնյայտ անկարողութիւնը` 9 նոյեմբերի յայտարարութեէնէն բխած կէտերը իրաւականօրէն հայանպաստ համաձայնագրերու վերածելու այդքան ալ էական նշանակութիւն չունի իրենց համար: Միջ-պետական սահմանագծումէն, մինչեւ ճանապարհներու ապաշրջափակում ու այլ բանակցային գործընթացներու անյստակութիւնը, անորոշութիւնը երկրորդական կը թուին ըլլալ շատերու համար:

Աւելի պարզ. ըստ երեւոյթին, Հայաստանի ու Արցախի օրէ օր դե՛ռ տկարացող ազգային անվտանգութիւնը, անկախութիւնն ու ամբո՛ղջ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ «կարմիր գիծեր» չեն ոմանց համար: Աւելի՛ն. մօտաւոր 5000 երիտասարդներու` գրեթէ սերունդի՛ մը կեանքերը խլելու եւ հազարաւոր վիրաւորներու ու մնայուն հաշմանդամներու պատասխանատուութեան մէջ մեղաւորութեան զգացումի բացակայութիւնը, ընդհակառակը, ուրիշները մեղադրելը (բանակ-ժողովուրդ-հիներ), հանրութեան մէջ պարակտում խորացնելը ու դեռ` արիւնահոսող վէրքին վրայ աղ ցանելը զարմանալիօրէն «կարմիր գիծեր» չեն, ըստ երեւոյթին, Նիկոլի պատշպաններուն ու անտարբերներուն համար:

Բնականաբար այս բոլորին վրայ կ՛աւելնայ, քաղաքական բազմաթիւ շրջանակներու եւ հազարաւոր ցուցարարներու կողքին, հայ ժողովուրդի պետական, ազգային, գիտակրթական ու հոգեմտաւոր հեղինակութիւններուն (ՀՀ նախագահ, զոյգ կաթողիկոսներ, Երեւանի պետական համալսարան, Ազգային գիտութիւններու ակադեմիա, շարք մը մտաւորականներ սփիւռքեան կազմակերպութիւններ, եւ այլն) իշխանութենէն հրաժարկան պահանջելու կոչերը անտեսելը: Մի՞թէ այս հեղինակութիւնները այդքան անխելք, անհեռատես ու անփորձառու են, կամ բոլորը փտած են (կոռումպացուած), կամ անձնական շահե՞ր կը հետապնդեն, որ Նիկոլի հրաժարականը կը պահանջեն: Հաստատ ո՛չ: Մի՞թէ Նիկոլին վարչապետի, արդէն իսկ հեղինակազրկուած, աթոռին յամառօրէն կառչիլ փորձելը ժողովրդավարութեան տեսակետէ եւս «կարմիր գիծեր» հատել չի նշանակեր:

Եթէ այս բոլորը ձեզի համար «կարմիր գիծեր» չեն, ապա որո՞նք են անոնք: Ըսէ՛ք, ծանօթանանք, երկխօսինք: Միայն` երկու խնդրանք. առաջին` հիներու-նորերու կամ աթոռակռիւի արդէն հինցած ու ծիծաղելի արդարացումին մի՛ վերագրէք ձեր կրաւորական կամ նիկոլամէտ կեցուածքը, որովհետեւ մեր դիմագրաուած ՃԳՆԱԺԱՄԸ շա՜տ աւելի խորն է ու օրհասական, քան լոկ` աթոռակռիւ (որ բնականաբար կայ ու միշտ պիտի ըլլայ), իսկ եթէ տակաւին չէք անդրադարձած ճգնաժամի ահաւորութեան, խնդրեմ` բաղդատեցէք մեր իրականութիւնը սեպտեմբեր 27-էն առաջ, նոյեմբեր 9-էն ետք ու մանաւանդ` ԱՅՍՕՐ, 16 դեկտեմբեր 2020-ին, ու տեսէք, թէ պետականութեան, անկախութեան եւ անվտանգութեան իմաստով ո՛ւր կանգնած ենք այսօր եւ ու՛ր կրնանք կանգնիլ (կամ դադրիլ կանգնելէ) մօտիկ ապագային: Երկրորդ` «միասնականութեան» պատրուակին ետին մի՛ պահուտիք: Այո՛, այս ծանր օրերուն միասնականութիւնը ջուրի ու օդի նման հարկաւոր է բոլորիս, բայց` ո՛չ Նիկոլի շուրջ, որ վերջին ողբերգութիւններուն իրաւական, քաղաքական ու բարոյական գլխաւոր պատասխանատուն է, այլ` ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ու հայրենիքը այս ճգնաժամէն փրկելու կարողներուն շուրջ… Չհաւատա՛ք, որ անփոխարինելի մարդիկ կան:

Չհաւատա՛ք, որ մենք չենք կրնար մեր ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ տալ անոնց, որոնք կրնան այս պարտութեան դասերը սորված` յաղթանականերու եւ կայուն խաղաղութեան առաջնորդել մեզ բոլորս: Ցեղասպանութենէ ու 600 տարուան պետականազրկութենէ ետք հանրապետութիւն կերտող հայ ժողովուրդը իր ծիներուն մէջ վստահաբար ունի վերականգնելու եւ յառաջ շարժելու անկոտրում կամք ու կարողականութիւն: Սահմանադրական, օրինական եւ ժողովրդավարական ճանապարհներով վստահեցէ՛ք ու առիթ տուէք մասնագիտացա՛ծ, հայրենասէ՛ր, խիզա՛խ ու արհեստավարժ մարդուժին:

Լաւ է ուշ, քան երբեք. գործենք այնպէս, որ մեր ազգային ու պետական արժեհամակարգին բոլոր հիմնական «կարմիր գիծերը» հատողները անցնցում ու քաղաքակիրթ կերպով րոպէ առաջ լուսանցքայնանան ու նո՛ր որակով դուրս գանք այս ճգնաժամէն: Այլապէս կարմիր գիծ պիտի քաշուի մեր պետականութեան ու հայրենիքին վրայ:

16 Դեկտեմբեր 2020

aztagdaily.com/archives/493720

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail