Պատմութիւնը Ինքզինք Կը Կրկնէ. Հայ Ժողովուրդը Դարձեալ Ապրեցաւ Տեղահանութեան Եւ Պարտութեան Արհաւիրքն Ու Մորմոքը

Պատմութիւնը Ինքզինք Կը Կրկնէ. Հայ Ժողովուրդը Դարձեալ Ապրեցաւ Տեղահանութեան Եւ Պարտութեան Արհաւիրքն Ու Մորմոքը

21 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Սեղմիր ատամդ, դու ամէնքի մօտ
Բացէ ի բաց լալու իրաւունք չունես,
Թէկուզ վիրաւոր, թէկուզ արնաքամ`
Զէնքերդ տալու իրաւունք չունես,
Դու, հայ բանաստեղծ, ինչ էլ որ լինի,
Վերջին զինուորդ էլ ընկնի յուսահատ,
Քո ժողովրդի յաւերժութեանը
Չհաւատալու իրաւունք չունես…»

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

Հոգեբանութեան մէջ տխրութիւնը յառաջ կու գայ հիասթափութեան, յուսալքուածութեան, անյուսութեան եւ վիշտի պատճառով: Այս զգացումները ընդհանրապէս կ՛ազդեն մարդուն տրամադրութեան վրայ եւ, նայած մարդ արարածին հոգեբանական կառուցուածքին, առհասարակ կրնայ ժխտական միտքեր յառաջացնել եւ անդրադարձ ունենալ ենթակային մօտ, որ երբեմն կը դրսեւորուի պոռթկումի, անտեսումի, ջղագրգռութեան եւ անկայուն վիճակներով, երբեմն ալ` լռակեաց կերպով: Անշուշտ ամէն հոգեբանական վիճակ իր պատճառը ունի կեանքին մէջ եւ` իր հետեւանքը: Տխրութիւնը հոգեբանութեան մէջ անձի մը կորուստի եւ նպատակակէտի մէջ ձախողութեան պատճառով յառաջ կու գայ: Տխրութեան եւ հիասթափութեան խառն եւ անհաւասարակշիռ զգացումներ ապրեցաւ Հայաստան եւ Արցախ աշխարհներու եւ սփիւռքի տարածքին ապրող իւրաքանչիւր հայու ոգեղէն աշխարհին ողջ էութիւնը, որուն ժխտական անդրադարձները երկար ատեն պիտի տողանցեն մեր յիշողութեան նկարաշարին մէջ: Այս յօդուածիս նպատակը ցեխարձակումներ, ամբաստանութիւններ, յերիւրանքներ կատարել չէ այս կամ այն քաղաքական գործիչի կամ կազմակերպութեան հասցէին, այլ նշել, թէ ի՛նչ դասեր պէտք է քաղել արցախեան պատերազմէն եւ ինչպէ՛ս պատրաստուիլ ու յոյսով նայիլ ապագային` ի յարատեւութիւն հայ նոր սերունդի եւ ի հզօրացումն հայոց աշխարհի:

Ամէն բանէ առաջ լաւապէս ընկալելու համար Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը, հարկ է քննական միտքի ակնոցով տեսնել իրավիճակը, որպէսզի կարենանք յղանալ նոր գաղափարներ, որոնք պիտի մղեն փոփոխութեան:

Պատերազմի Նպատակակէտը

Վերլուծաբան մը արցախեան այս պատերազմը կը նկատէ Բրիտանիոյ կողմէ մղուած պատերազմի շարունակութիւնը Կովկասի մէջ` սանձելու համար Ռուսիոյ ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը Ասիոյ մէջ: Այս նպատակին իրագործման աջակից են Միացեալ Նահանգներն ու ՕԹԱՆ-ի երկիրներ:

Պատերազմին մէկ այլ նպատակն էր Հարաւային Կովկասի մէջ անկախութեան խախտումը: Պատերազմը մղողը Բրիտանիան էր, հովանաւորը` Միացեալ Նահանգները, իսկ գործակատարները` Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը:

Արագընթաց այս պատերազմին (պլից կրիք) վարձկաններու ներմուծումը պատերազմական այլ թեքնիք ազդակ է:

Կասկածէ հեռու չէ նաեւ, որ ի մօտոյ պիտի հռչակուէր թուրանական միացեալ բանակի հիմնադրութիւնը Թրքախօս երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի վեհաժողովին ընթացքին, այդ յայտարարութիւնը սակայն տեղի չունեցաւ:

Պէտք չէ բացառել, որ Ռուսիան հարաւային սահմանին մէջ հազարաւոր ահաբեկիչներով շրջափակելու ծրագիր կար: Ասոր ի տես, Ռուսիան, առանց զինուորապէս ներառուելու այս պատերազմին մէջ դիւանագիտական ճամբով` ստորագրուած եռակողմ փաստաթուղթի միջնորդութեամբ յաջողեցաւ կասեցնել այս ծրագիրը:

Հոգեւոր Ու Պատմական Ժառանգութեանց Սրբապղծում

Կարծէք միշտ հայ քրիստոնեային վերապահուած է ականատես դառնալ իր հաւատքի ու տոկունութեան խարիսխը հանդիսացող հոգեւոր ու պատմական ժառանգութեան սրբապղծման եւ ոչնչացման տխրահռչակ երեւոյթին: Արդ, պատերազմի պարտութեան յաջորդեց մեր պատմական ժառանգութեան, մշակութային եւ հոգեւոր կառոյցներուն (որոնց շարքին` բազմատասնեակ վանքեր եւ եկեղեցիներ) եւ շիրմաքարերու սրբապղծումն ու ոմանց ոչնչացումը: Ի՞նչ կարելի է սպասել արիւնարբու Կարմիր սուլթանին ժառանգորդներէն եւ քոչուոր, անմշակոյթ ժողովուրդէ մը, իմա` թուրքերէն եւ ազերիներէն: Մենք` Հայոց ցեղասպանութեան չորրորդ սերունդի պատկանողներս, որ մեր հայոց պատմութեան դասապահերուն եւ մշակութային ձեռնարկներուն ընթացքին լսեցինք թուրքին բարբարոսութեան մասին, լսեցինք մեր վերապրող մամիկներու ու պապիկներու սրտաճմլիկ իրապաշտ պատմութիւնները, իսկ այժմ դարձեալ կ՛ապրինք պարտութեան եւ տեղահանութեան աներեւակայելի ցասումն ու իրականութիւնը:

1921-ին Խորհրդային Ռուսիան Կարսն ու Արտահանը յանձնեց Թուրքիոյ, իսկ 2020-ի նոյեմբեր 10-ին ստորագրուած եռակողմ փաստաթուղթով Արցախի Հանրապետութենէն համարեա 10.000 քառ. քմ յանձնուեցաւ Ազրպէյճանին: Ինչպէ՞ս չտխրիլ եւ չհիասթափուիլ, երբ հայրենի հողի պաշտպանութեան ի խնդիր առիւծասիրտ ծնողներու ծոցէն ծնած արի երիտասարդներ իրենց մատղաշ կեանքը նուիրաբերեցին հայրենի սուրբ բագինին: Եռաբլուրը ամէն օր իր բազուկները լայնատարած իր սուրբ հողին մէջ ընդունեց հերոսածին նահատակներու անշնչացած մարմինները: Ան սգաւոր մայրերուն եւ որբացած մանուկներուն պոռթկումին ու ցասումին թարգմանը հանդիսանալով` խուլ աշխարհին կարծես կ՛ըսէր. «Ա՛լ բաւ է հայուն այսքան տառապանք, այսքան սուգ, այսքան նահատակ»:

Վնասուց Հատուցո՞ւմ

Արդեօք աշխարհը օրէնք, տրամաբանութիւն, քաղաքական մտքի հաւասարակշռութիւն չունի՞: Ինչպէ՞ս կարելի է արտօնել ջարդարարի մը վնասուց հատուցում պահանջել Հայաստանէն: Այս իմաստով, երկու տարի առաջ արդէն Ազրպէյճան ահազանգը հնչեցուցած էր, թէ Արցախի եւ 7 շրջաններու կապակցութեամբ 50 միլիառ տոլարի վնասուց հատուցում կը պահանջէ Հայաստանէն: Այս եռակողմ ստորագրութիւնը ապացոյց կը նկատուի Ազրպէյճանի կողմէ եւ Հայաստանը այդ գումարը վճարելու հարկադրանքի տակ կը դնէ (Հայաստանի գլխաւոր նախկին դատախազի գրառում): Մինչ Ազրպէյճան ի՛նք հայ ժողովուրդին պէտք է կատարէ վնասուց հատուցում` նախապէս իր կատարած բոլոր նախճիրներուն եւ ջարդերուն համար, սկսեալ Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերէն մինչեւ օրս:

Փանթուրքիզմի Ծրագիրի Մեկնարկ

Եռակողմ այս փաստաթուղթի ստորագրութեամբ Մեղրիով փոխադրական հաղորդակցութիւն կը տրամադրուի Ազրպէյճանին, եւ վերջինս ցամաքով կը կապուի Նախիջեւանի: Արաքսի հովիտը դուրս գալով հայկական հսկողութենէն` կ՛անցնի Ազրպէյճանի հսկողութեան տակ: Ասիկա որքանո՞վ ապահովութիւն կը ներշնչէ Իրանին, իսկ միւս կողմէ` վտանգ կը սպառնայ Սիւնիքի: Այս փաստաթուղթի ստորագրութենէն Հայաստան ձեռնունայն դուրս եկաւ: Մենք յիշեցինք Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ շերեփ»¬ի պատմութիւնը, երբ Պերլինի վեհաժողովին դատարկաձեռն դուրս եկանք ժողովէն, որովհետեւ միայն թուղթէ շերեփ ունէինք:

Միասնականութիւն Եւ Ապագայատեսիլ Ծրագիր

Հայ ժողովուրդը այսքան տարածք կորսնցուց, տեղահան եղաւ, նահատակներու արեամբ շաղախուած արծուեբոյն Շուշին, Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին, պատմամշակութային կոթողները, վանքերն ու եկեղեցիները յանձնուեցան արիւնարբուին: Հազարաւոր նահատակներ իրենց արիւնով ոռոգեցին հայրենի հողը` հայրենասիրութենէ մղուած, իսկ մենք ինչպիսի՞ հեռատես ծրագիրներ կը մշակենք, մեր դիւանագիտութիւնն ու ռազմավարութիւնը ինչպէ՞ս կը զօրացնենք, ի հարկին` ամէնէն ժամանակակից զէնքերուն գնումով, պատերազմի համար մնայուն ի՞նչ պատրաստութիւն կը կատարենք: Այս բոլորը հարկ է, որ կատարուին, որպէսզի բոլոր նահատակները հանգիստ ննջեն Եռաբլուրի սրբավայրին մէջ եւ չզղջան իրենց նահատակութեան սուրբ խորհուրդին դիմաց:

Սթափելու եւ պատրաստուելու ժամանակն է:

Կ՛ըսեն, որ ժամանակը վէրքը կը բուժէ: Բայց ոչ: Այսպիսի վէրք կը բուժուի միայն հողերու վերադարձով (որուն համար արի անձեր նահատակուած են), լիիրաւ ինքնիշխանութեամբ, միասնականութեամբ եւ հայրենիքը գերիվեր դասելու վեհ գաղափարով:

Համօ Սահեանի բանաստեղծութիւնը բոլորիս ցաւերու արտայայտիչը կը դառնայ.

«Ամէն ինչ անցաւ:
Ականջներիս մէջ
Կռուի առաջին որոտը մնաց,
Եւ սրտիս վրայ
Այնքան ընկերներ թաղելուց յետոյ
Այսքան ապրելուս ամօթը մնաց,
Եւ ուրիշ ոչինչ:
Ամէն ինչ անցաւ:
Իմ երգերի մէջ
Հողիս ցրտութիւնն ու շոգը մնաց,
Եւ մնաց խղճիս խաչբուռ-նախընծան,
Եւ կորուստներիս մորմոքը մնաց,
Եւ ուրիշ ոչինչ»:

aztagdaily.com/archives/493724

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail