Ընդփոյթ Ետ Շպրտե՛լ Թշնամիին Ներխուժումը Մեր Հայրենի Բնակավայրերէն
18 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Հակառակ նախագահ Փութինի հրապարակային հաւաստիացումներուն եւ հակառակ վարչապետ Փաշինեանի կրկնակի պնդումներուն, որ կացութիւնը ՀՀ զինեալ ուժերու եւ ՌԴ խաղաղապահ զօրքերու հակակշռին տակ կը գտնուի, ճակատէն հասնող լուրերը բոլորովին այլ բան կ՛ըսեն եւ կը հաստատեն։ Անոնք ցոյց կու տան, որ թշնամին կը գործէ համարձակ եւ անպատիժ եւ անխնայ եւ առանց նուազագոյն չափով փոխած ըլլալու իր յարձակապաշտ (aggressive) վարքագիծը։ Թող ոչ ոք այլեւս փորձէ իր ապաշնորհ քարոզով աղաւաղել այս մերկ իրականութիւնը։
Թշնամին կ՛արհամարհէ կնքուած զինադադարը։ Թշնամին յառաջխաղացքի մէջ է, երբ մեր ուժերը, լաւագոյն պարագային, կանգնած են անգործ։ Կանգնած են առանց յստակ յանձնարարութեան։ Առանց առաքելութեան։ Առանց բովանդակութեան։ Թշնամին նոր գերիներ կը վերցնէ, երբ մենք զբաղուած ենք ռազմագերիներու եւ մեռեալներու փոխանակման գործընթացներով։ Թշնամին վերջնագրեր կը յղէ մեր բնակավայրերուն, մինչդեռ մեր ուժերը հրահանգ ունին իրենց դիրքերը յանձնելու թշնամիին։ Եւ մինչ մենք հլու բծախնդրութեամբ կը ջանանք մրցանիշ կոտրել Նոյեմբեր 9ի Եռակողմանի Համաձայնագրին ենթադրեալ պայմանները կիրարկելու, թշնամին բացէ ի բաց կ՚արհամարհէ բոլոր համաձայնագրերը եւ թքա՜ծ ունի թէ՛ Փաշինեանի անկեանք դիտարկումներուն եւ թէ Փութինի «հարցազրուցային» ազդարարութիւններուն վրայ…Ան կը քալէ դէպի Կապան եւ կը պահանջէ մեր նժդեհեան ազատամարտի ամրոցը պահող բոլոր ռազմավարական բարձունքները…եւ մենք – ի՜նչ հեգնանք եւ ի՜նչ ստորնութիւն – պատրա՜ստ ենք զանոնք յանձնելու առանց դոյզն առարկութեան եւ առանց փամփուշտ մը իսկ կրակելու…Ո՞ւր կ՛երթանք, պարոնա՛յք։ Ո՞ւր կը կարծէք, թէ կը տանիք հայոց հայրենիքն ու հայոց ազգը։ Դուք որո՞ւն ոսկին որո՞ւն կը յանձնէք, Ձէնով Օհաննե՛ր։ Ո՞րն է յաջորդ զոհը ձեր բախտախնդրութեան։ Գորի՞սը, Քաջարանն ու Մեղրի՞ն, թէ Եղէգնաձորն ու Սեւանը։
Մեր ժողովուրդը այլեւս իրաւունք չունի երկիր վստահելու պարտուած այս իշխանութեան։ Բոլոր փաստերը կը վկայեն, որ այս իշխանութիւնը այլեւս դադրած է խօսելէ մեր պետութեան ինքնիշխանութեան դիրքերէն։ Հակառակ Ազգային Ժողովէն ներս յամեցող մեծամասնական ճակատի առկայութեան՝ ան վաղուց կորսնցուցած է ՀՀ հանրութեան — այլ մանաւանդ մեր պատմութեան եւ մեր արժէքային համակարգի — բարոյական լիազօրութիւնը եւ հետեւաբար պէտք է մեկնի անյապաղ։
Մեր ժողովուրդը պէտք է գիտնայ, որ այսօր արդէն նժարի վրայ է մեր անկախ պետականութեան եւ մեր ազգի լինելիութեան դատը։ Մենք պէտք է գիտնանք ՈՉ ըսել մեզի պարտադրուող այս նահանջականութեան, զայն հնարող ներքին եւ արտաքին ուժերուն եւ «բոլոր չար կոտորակաց նոցա»…Մենք պէտք կասեցնենք այս գահավէժ անկումը (free fall)։ Պէտք է կասեցնենք մեր զաւակներու եւ մեր թոռներու սիրոյն։ Պէտք է կասեցնենք երկրի եւ արտերկրի բոլոր մեր ուժականութիւնները հաւաքագրելով եւ միանգամընդմիշտ ետ շրջելով այս ծուռ դարձած անիւը։ Ասկէ անդին մեր մարդու տեսակն է, որ հաւաքաբար կանչուած է ինքզինք փաստելու։ Մենք ԱՅՍՕՐ պիտի որոշենք, թէ ի՞նչ մետաղէ շինուած ենք մենք։ Ի՞նչ մետաղէ շինուած է հայը։
Պատասխանատւութիւնը մերն է, միայն մե՛րը եւ զայն այլեւս կարելի չէ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն։ Մենք պիտի գիտնանք հայր ըլլալ եւ մայր ըլլալ մեր ապագային։ Ասիկա հայրերու եւ մայրերու պարտաւորիչ գրաւն է։ The buck stops here!
Դեկտեմբեր 18, 2020
asbarez.com/arm/381953/ընդփոյթ-ետ-շպրտե՛լ-թշնամիին-ներխուժո/