Պաքու Իր Յաղթանակը Կը Պարտի Նաեւ Իսրայէլի. Intelligence Online

Պաքու Իր Յաղթանակը Կը Պարտի Նաեւ Իսրայէլի. Intelligence Online

18 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Intelligence online կայքը Արցախեան պատերազմին մասին հրապարակած է ծաւալուն յօդուած մը՝ նշելով, որ Ատրպէյճան հետախուզական պատերազմին մէջ յաղթած է ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ Իսրայէլի շնորհիւ։ Կայքը Ատրպէյճանի յաղթանակին կարեւոր մասը համարած է Իսրայէլի կողմէ Պաքուին տրամադրուած զէնքերը եւ յատկապէս՝ հետախուզական տեղեկութիւնները։

Յօդուածը կը յայտնէ, որ մինչ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Թուրքիոյ եւ սուրիացի վարձկաններու Ատրպէյճանին տրամադրած օգնութեան վրայ, Իսրայէլ Պաքուին նաեւ հետախուզական կենասկան տուեալներ կը տրամադրէր, ինչ որ ապահոված է Ատրպէյճանի բանակի անօդաչու թռչող սարքերուն դիւրին տեղաշարժը։ Այդ տուեալներով, սարքերը կրցած են ճշգրիտ կերպով հարուածել հայկական թիրախները, զգալի կորուստներ պատճառելով։

Վերը աստուած, վարը Հայկական Բանակ – Լեռնային առիւծները, Արցախի Պաշպանութեան Բանակ

asbarez.com/arm/381974/պաքու-իր-յաղթանակը-կը-պարտի-նաեւ-իսրայ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail