Ակնարկ. Բանակցային Նոր Ռազմավարութեան Անհրաժեշտութիւնը
23 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԵԱՀԿ-ի գործունէութեան հայեցակարգային փաստաթուղթ նկատուող Հէլսինքեան եզրափակիչ աքթի հիմնական սկբունքներու վերյիշեցումը հաւանաբար այժմէական հնչեղութեամբ կը յատկանշուի` յատկապէս ուղենշելով բանակցութիւններու վերաձեռնարկման պարագային այն առանցքները, որոնց շուրջ կարելի պիտի ըլլայ բանակցային ռազմավարութիւն մշակել:
Բայց նախ այդ սկզբունքները, ընդհանուր կէտերով.
Ա.- Ինքնիշխան հաւասարութիւն, ինքնիշխանութեան յատուկ իրաւունքներու յարգում,
Բ.- Ուժ կամ ուժի սպառնալիք չկիրարկել,
Գ.- Սահմաններու անխախտելիութիւն,
Դ.- Պետութիւններու տարածքային ամբողջականութիւն,
Ե.- Վէճերու խաղաղ կարգաւորում,
Զ.- Ներքին գործերուն չմիջամտել,
Է.- Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու յարգում` ներառեալ միտքի, խիղճի, կրօնի կամ դաւանանքի ազատութիւնը,
Ը.- Ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքներ,
Թ.- Պետութիւններու համագործակցութիւն,
Ժ.- Միջազգային իրաւունքով ստանձնած պարտաւորութիւններու բարեխիղճ կատարում:
Արցախեան հակամարտութեան բանակցութիւններուն համար ընտրուած էին այս սկզբունքներէն 2-րդ, 3-րդ եւ 8-րդ կէտերը: Սեպտեմբերեան պատերազմէն ետք, ըստ էութեան մնացած է միայն այս փաստաթուղթին 8-րդ կէտը, կամ բանակցային հիմքին երրորդ բաժինը: Պաքուն, շրջանցելով առաջին սկզբունքը, ըստ էութեան ուժի կիրարկումով լուծած է նաեւ իր տարածքային ամբողջականութեան հարցը, որոշակիօրէն: Մնացած է միայն երրորդ բաժինը` ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը:
Հակասութիւններ կան այստեղ սակայն: Երբ Ազրպէյճանի նախագահը մէկ կողմէ կը յայտարարէ, որ Ղարաբաղի հարցը այլեւս անցեալին կը պատկանի, միւս կողմէ կը խօսի տակաւին «ազատագրելի» տարածքներու մասին` նկատի ունենալով ԼՂԻՄ-ի տարածքի մնացորդացի վերագրաւումը:
Միայն բանակցային երեք առանցքները չեն, որ շրջանցուած են կամ էովին խախտած ու տապալած: Վերջին կէտը` միջազգային իրաւունքով ստանձնած պարտաւորութիւններու բարեխիղճ կատարումը այս պարագային լրիւ ցանկութեան սահմաններուն մէջ տեղաւորուած է իբրեւ տեսութիւն միայն: Պաքուն մի՛շտ միակողմանիօրէն տարիներ շարունակ խախտած է իր կողմէ առաջարկուած, իր յանձնառութիւնը կրող հրադադարի միջազգային պայմանաւորուածութիւնը. իսկ ապրիլեան պատերազմ սանձազերծելէ ետք խոչընդոտած Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի համաձայնութիւնները:
Անկախ Պաքուի հակամիջազգային պետական պահուածքներէն, դժբախտաբար հայկական կողմը պատրուակ տուած է Պաքուին այս բոլոր շրջանցումները, խախտումներն ու տապալումները կատարելու: Ստեփանակերտի մէջ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» պաշտօնապէս յայտարարելը արդէն համազօր է բանակցութիւններէ դուրս գալու: Գաղափարականօրէն որքան ալ հասկնալի ըլլայ Արցախի Հայաստանին պատկանած ըլլալու առաջադրանքը, բանակցողին կողմէ նման յայտարարութիւն մը արդարացում չի կրնար գտնել միջազգային ընտանիքին կողմէ: Աւելի՛ն. ան կը վերածուի անառարկելի խաղաթուղթի` թշնամիին կողմէ պատերազմ սանձազերծելու:
Հիմա փաստի առջեւ կանգնած հայկական կողմը բանակցային ռազմավարութիւն վերամշակելու հրամայականին առջեւ կանգնած է: Մոսկուան իր բարձրագոյն պաշտօնատարին ճամբով յայտարարած է արդէն, որ Ռուսիոյ դաշնութիւնը գլխաւոր երաշխաւորն է Արցախի անվտանգութեան` հարցականի տակ առնելով ցարդ իբրեւ անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորի կարգավիճակով բանակցութիւններուն մասնակցող Երեւանի մասնակցութիւնը: Իսկ եթէ Ալիեւի յայտարարութիւնը նկատի ունենանք, թէ` ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցը անցեալին կը պատկանի, ինչի՞ շուրջ պիտի բանակցի Պաքուն:
Յամենայն դէպս ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափին վերադառնալու պահանջներ կը հնչեն աշխարհաքաղաքական տարբեր կեդրոններէ: Բանակցելին կը մնայ ԼՂԻՄ-եան տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը եւ այդ տարածքներուն վրայ ինքնորոշման իրաւունքի իրագործումը: Փաստօրէն հելսինքեան եզրափակիչ աքթի 8-րդ կէտը միայն: Որմէ կը բխի նաեւ 4-րդը: Միայն ճանչցուած պետութիւնն է, որ կրնայ սահմանազատման-սահմանագծման գործողութիւններ իրականացնել տարածքային վէճ ունեցող երկրորդ երկրին հետ:
Միջազգային համաձայնութիւնները կամ նման աքթերու սկզբունքները Պաքուի կողմէ խախտած ըլլալու մեղադրանքներով հայկական կողմը շատ աւելի իրաւական ելակէտներ կրնար ունենալ, եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, վարչապետին բերնով միջազգային օրինաչափութիւնները անտեսող եւ բանակցային մեր դիրքերը թուլացնող ելոյթներ չունենային եւ նման ուղղութեամբ քայլերու չդիմէին:
Այս բոլոր նախադրեալները նկատի ունենալով` բանակցային նոր ռազմավարութեան մշակումը հրամայական է:
«Ա.»
aztagdaily.com/archives/494010