«Մեր Դիրքորոշումը Չէ Փոխուած. Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Միջին Արեւելքէն Զինեալներ Պէտք Չէ Ըլլան» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը
23 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Օլեկ Սիրոմոլոթով «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին մեկնաբանած է ղարաբաղեան վերջին պատերազմին ընթացքին Միջին Արեւելքէն զինեալներու մասնակցութիւնը:
«Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ զինուորական գործողութիւններու մէջ Միջին Արեւելքէն զինեալներու գոյութիւնը արձանագրուած փաստ է, որ ո՛չ միայն մենք հաստատած ենք: Անոնց թիւը շուրջ 2000 էր:
«Մենք սկիզբէն մտահոգութիւն յայտնած ենք ժիհատականութեան գաղափարախօսութիւնը դաւանող ծայրայեղ տրամադրուածութիւններով վարձկաններու այնտեղ յայտնուելուն կապակցութեամբ: Անոնց վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը չէ փոխուած. անոնք պէտք չէ այնտեղ ըլլան», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:
aztagdaily.com/archives/494038