Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի Որոշումը Լրացուցիչ Բանակցութիւններ Կը Պահանջէ. Մադվիենգօ
25 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի որոշումը կը պահանջէ լրացուցիչ բանակցութիւններ, այս հարցով Ռուսիան կ՝ապաւինի Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներու ջանքերուն: Այս մասին, ըստ TASS-ի, իր եզրափակիչ համաժողովին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան դաշնային խորհուրդի խօսնակ Վալենթինա Մադվիենքոն:
«Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը փակագիծէն դուրս է, ատիկա կը պահանջէ լրացուցիչ բանակցութիւններ: Մենք, անշուշտ, կ՝ապաւինինք ԵԱՀԿ-ի, Ֆրանսայի նախագահի, ԱՄՆ-ի եւ այլ պետութիւններու ջանքերուն, որոնք ներգրաւուած են ԼՂ կարգաւորման գործընթացին մէջ: Դեռ շատ դժուար գործ կայ ընելու»,- ըսած է Մադվիենքոն:
Ըստ անոր՝ այս հակամարտութիւնը «մարմրած, բռնկած, տեւած էր աւելի քան երեսուն տարի ու լուծում չէր գտներ»:
«Մենք դադրեցուցինք զոհը, թոյլ չտուինք հակամարտութեան յետագայ սրումը, մարդկային նոր զոհերը: Ատիկա շատ դժուար համաձայնութիւն էր, ատոր հասնիլը շատ դժուար էր: Հաւատացէք ինծի, ես գիտեմ, որ անոնք ծանր, լարուած հաշտեցման աշխատանքի օրեր ու գիշեր էին: Այսօր հակամարտութեան գօտիին մէջ գտնուող ռուս խաղաղապահներն են, որ կը պահպանեն այս համաձայնագիրը, թոյլ չեն տար խախտել անոր պայմանները, վերադառնալ զինուած բախումներուն, նպաստելով խաղաղ կեանքի հաստատման, փախստականներու վերադարձին», – աւելցուցած է Դաշնութեան խորհուրդի խօսնակը:
Մադվիենքոն նշած է, որ «Ռուսիան իրեն թոյլ չի տար միջամտելու ԱՊՀ տարածքին կամ այլ երկիրներու ներքին բախումներուն: Բայց մենք միշտ պատրաստ ենք օգնութիւն եւ աջակցութիւն ցուցաբերելու՝ եթէ խնդրեն, բայց մենք մեր տեսակէտը չենք փաթաթեր, մենք չենք փորձեր քայքայիչ գործողութիւններով որոշակի իրավիճակի վրայ ազդել, թէեւ մենք լաւ գիտենք եւ կը հասկնանք, որ շատ գործընթացներ, նաեւ յետխորհրդային տարածքի մէջ, տեղի կ՝ունենան շարք մը պետութիւններու ակնյայտ միջամտութեամբ: Եւ ատիկա կը բերէ շատ լուրջ հետեւանքներու»:
yerakouyn.com/2020/12/24/լեռնային-ղարաբաղի-կարգավիճակի-որոշո/