Անդրադարձ – Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մեր Երկարատեւ Արշաւը – ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
28 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020
ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Որեւէ ժողովուրդ կ՛ապրի անմիջական ներկայով, բայց կը ներշնչուի իր անցեալով ու կը յուսայ իր ապագայով: 2020 թուականը մեզի պարտադրեց, որ հաստատենք այս իրականութիւնը:
Աղէտաբեր տարի մըն էր 2020-ը, յատկապէս հայ ազգին համար` սկսելով «Քորոնա» ժահրէն, ապա Լիբանանի քաղաքական-տնտեսական վիճակը, հասնելով Արցախի պատերազմին, ապա վերջինիս «լքումը» ներկայ իշխանութեան որոշումով: Անարգ ճակատագիր:
Տագնապի եւ անորոշութեան ալիքներու վրայ երերացող հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս դէմ յանդիման կը գտնուի մութ փապուղիի մը: Ինչո՞ւ, ո՞վ է յանցաւորը: Երկու հարցումներ, զորս թերեւս ուշացած ենք ուղղելու:
Հայարիւն եւ մշակութապահպան իւրաքանչիւր հայ, որ կը տուայտի այս վիճակէն, իրաւունք ունի գէթ պատասխան ստանալու հայրենիքի ներկայի եւ անցեալի կառավարութիւններու ապիկար, հպանցիկ եւ ոչ հայրենաշէն քաղաքականութեան պատճառով ստեղծուած վիճակին համար: Լոկ պատասխան մը, որովհետեւ արդէն ուշ ենք բան մը փոխելու, դանակը արդէն հասաւ ոսկորին: Չկրցաք պետականութիւնը զօրացնել, չկրցաք ընտիր ժողովուրդի կեանքին մակարդակը բարելաւել, չկրցաք տնտեսութիւն կառուցել, չկրցաք արտաքին ամուր քաղաքականութիւն մշակել, չկրցաք հզօր եւ մշակուած սփիւռքը ներգրաւել, բայց այնուամենայնիւ, շա՛տ լաւ կրցաք ձեր գրպանները լեցնել, մաֆիաները զօրացնել եւ մեր աչքի լոյս հայրենիքը թալանել: Ձեր լեզուով` դուք դարձաք «թալանչիներ»` բառին իսկական առումով: Ձեզի ձեռք երկարեցինք` յուսալով, որ օր մը կը փոխուիք, կարծէք թանկօ մըն էր, որ փորձեցինք պարել կարիճի մը հետ, բայց ի զուր, որովհետեւ կարիճը ամէն անգամ մեզ խայթեց: Այլեւս հերի՛ք է, ո՛չ միայն թալանեցիք սուրբ հայրենիքը, այլ նաեւ «ծախեցիք» Արցախը` ոտնակոխ ընելով հազարաւոր հերոսներու պատիւը, աւելի՛ն` անարգելով կտակը մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:
Ինչո՞ւ այլ պետութիւններ մօտ 30 տարուան ընթացքին մեծ նուաճումներ կը կատարեն ի նպաստ իրենց ժողովուրդին, իրենց երկրին, իսկ մենք` ո՛չ. արդեօք որովհետեւ մեզմէ աւելի զարգացա՞ծ են կամ աւելի հայրենասէ՞ր են. ո՛չ, պարզապէս որովհետեւ ճիշդ անձերն են, որ կը ղեկավարեն հայրենիքը` զայն դասելով ամէն բանէ վեր:
1871 թուականին գերմանացի վարչապետ Օթթօ Վոն Պիսմարք «Տէօչլանտ իւպեր ալես» նշանաբանով, որ կը նշանակէ «Գերմանիա ամէն բանէ վեր», յաջողեցաւ միացնել փոքր իշխանապետութիւնները` կազմելու համար հզօր հայրենիք, իսկ մեր հայրենիքի ղեկավարներէն մէկը երկար տարիներ չներշնչուեցաւ հայրենաշէն նշանաբանէ, որովհետեւ աւա՜ղ, անոնք զբաղած էին այլ «աժանտա»-ով:
Տոգորուած ենք վեհ եւ բիւրեղ հայրենասիրական զգացումներով, զինուած ենք ազգաշէն եւ հայրենաշէն դաստիարակութեամբ, ունինք մէկ տենչ` ծառայել մեր ազգին, մէկ երազ` վերակերտել եւ վերանկախացնել մեզմէ խլուած ամբողջական հայրենիքը: Յամառօրէն եւ հաստատօրէն մենք կը շարունակենք մեր ուղին, մեր տողանցքը: Անկասկած` փշոտ եւ քարքարուտ է այս երկար ճամբան, բայց եւ այնպէս մենք հարց չունինք, անկասկած մեզմէ շատեր պիտի իյնան, շատեր պիտի յոգնին, բայց կրկին մենք հարց չունինք: Ուխտած ենք հասնիլ մեր նպատակին, եւ մեր կամքը երբեք տկարութիւն չի՛ ճանչնար:
Ի յիշատակ արցախեան պատերազմներու անմահացած նահատակներուն, որոնք եղան առաջնորդները մեր երկարատեւ արշաւին:
aztagdaily.com/archives/494205