«Գուցէ Աստծոյ Ամենակարող Աջը Հասնի Մեզ». Յ. Պալեան
30 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Մենք հայ ենք, Աստծու անէծքը գրած է մեր ճակատի վրայ: Անմիաբանութիւնը, երկպառակութիւնը, նախանձը, թշնամութիւնը եւ հազար ու մէկ այս տեսակ չարութիւններ շատ ժամանակներից բոյն են դրել մեր հոգու մեջ, եւ մենք կրում ենք այդ մեղքերի պատիժը: Թշնամին մեղաւոր չէ, եթէ մեր մէջ սիրտ լինէր, միութիւն լինէր, յիմար թշնամին ի՞նչ կարող էր անել:
Ռաֆֆի
Ելեկտրոնային նամակատուփիս մէջ գտայ հայրենի յանձնառու եւ յարգելի մտաւորականի մը ամանորեան դասական բարեմաղթութենէ տարբեր խօսքը, որ ընթացիկ լրատուութենէ անդին՝ ահազանգ է:
Ներսը եւ դուրսը, թեր ու դէմ եղողներ, հին քէներ որոճացողներ, իշխանատենչութեամբ բթացածներ, պարտութիւն եւ հայրենիքի կորուստ կ’անտեսեն: Պատմական պահու հարուածին տակ կքած ենք: Փոխանակ ինքնամաքրուելու, չարացած ենք իրարու դէմ, մենք մեզի դէմ, թափահարումներ՝ սպառնալիք եւ վտանգ չտեսնելու, չքմեղանք փնտռելով:
Կրկին կարդացի Ամանոր եւ այլ հետաքրքրութիւններ մոռցնող տողերը հայրենի մտաւորականին. «…մեր հրաշք երկիրը դարձել է ողբի եւ որբի հայրենիք, մեր հպարտ ժողովուրդը՝ մոլորուած եւ գլխիկոր։ Ո՞վ կը պատկերացնէր։ Գնալով ոչ թէ վիճակը լաւանում է, այլ գլորուում ենք անդունդը։ Չգիտեն ինչ կը բերի մեր ազգին, պետութեանը 2021-ը, բայց ակնկալենք, որ գուցէ Աստծոյ ամենակարղ Աջը հասնի մեզ»։
Ապաւինիլ «Աստծոյ ամենակարող Աջին» ճակատագրապաշտութիւն է, անզօրութեան զգացում, դառնացնող խոստովանութիւն՝ որ նահանջած է ազգի վերականգնումի ներուժը:
Քանի մը տողեր, որոնք զիս տարին մինչեւ Արիստոտէլ, որուն գործածած catharsis բառը միշտ մտածելու մղած է զիս: Անոր բառարանային պարզ իմաստը ինքնամաքրում է, ինքնաբիւրեղացում: Արիստոտէլ յունական ողբերգական թատրոնին մէջ կը տեսնէր այդ դերը. հանդիսատեսը ազատել իր կիրքերէն, մաքրել անոր հոգին, զանոնք արտայայտելով խորհրդանշականօրէն, բեմին վրայ, խորհրդանիշ-տիպարներով (հերոսներ): Խաղցուած ողբերգութիւնը, փոխանորդաբար, հանդիսատեսէն կը հեռացնէր կիրքերը, կը մաքրէր անոր հոգին: Ինչ որ հետագային, անցեալ դարուն, հոգեվերլուծումով (psychanalyse), պիտի ընէր Սիկմունտ Ֆրէօյտ, այսօր կ’ընեն հոգեվերլուծողները, խորհրդանշականօրէն կրկնելով արարքները:
Կարդացած տողերուս մէջ կայ արձագանգը Յովհաննէս Թումանեանի. ողբի եւ որբի հայրենիքի… Ցեղասպանութենէ ճողոպրած եւ Հայաստան հասած փախստական-գաղթական ամբոխներու մասին էր իր խօսքը, հազարաւոր որբերու: Այդ դար մը առաջ էր:
Համացանցի վրայ կարդացած էի Րաֆիի վերեւ յիշուած խօսքը. ցաւագին հաստատումը…« Թշնամին մեղաւոր չէ, եթէ մեր մէջ սիրտ լինէր, միութիւն լինէր, յիմար թշնամին ի՞նչ կարող էր անել:
Հիմա, թուրք-ազերի յարձակման հետեւանքով զոհուած են աւելի քան հինգ հազար երիտասարդներ, անոնք իրենց ետին կը ձգեն որբեր, կին, որդեկորոյս հայր եւ մայր: Ազգին ժառանգ մնացած են տասը հազար հաշմանդամներ: Հնձուած երիտասարդ կեանքեր, ազգի երիտասարդացման եւ աճման ներուժը, ինչպէս Հայաստան կ’ըսեն՝ կենեֆոնդը, կորուստը գալիք սերունդի…
Կրկին իրենց անունը չըսող ցեղասպանութիւն եւ հայրենահանում…
«…մեր հպարտ ժողովուրդը՝ մոլորուած եւ գլխիկոր»:
Խաբուած ժողովուրդ, ներսը եւ դուրսը: Յաճախ մեր հաւաքական հոգեվիճակը կ’արտայայտենք հպարտութիւն կորսնցուցածի յատուկ ընկճախտ բառով:
Մոլորուած, կամաւոր կերպով յանձնուած ամբոխահաճութեան (populisme), քէնի եւ դժգոհութեան բաւարարման խոստումը քաղաքական ընտրանք համարած ժողովուրդ, որ իր առաջնորդութիւնը եւ հայրենիքը յանձնեց անփորձութեան եւ սիրողականութեան: Մեր կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդը, եւ անոր հայրենիքը, կարիք ունէին պատրաստուած, բանիմաց եւ փորձ ունեցող մարդոց ղեկավարութեան: Քաղաքականութիւնը արհեստ-արուեստ է, միտքի մարզանք չէ, ղեկավարը գիտաշխատանոցի մէջ փորձեր ընող գիտնական չէ, որ կրնայ ձախողիլ եւ վերսկսիլ: Քաղաքական կեանքի մէջ սխալը աններելի յանցանք է եւ ժողովուրդը, ազգը եւ հայրենիքը կը վճարեն, անդառնալիօրէն:
Գուցէ Աստծոյ ամենակարող Աջը հասնի մեզ… Ըսուած է՝ գուցէ…
Կը նշանակէ, որ առանձին ենք մեր ճակատագրին դէմ: Այդ ԱՄԵՆԱԿԱՐՈՂը կամ կը յայտնաբերենք մեր մէջ, ազգային իրաւ գիտակցութեամբ եւ առաքինութեամբ (միշտ բառին հռոմէական իմաստով՝ virtus, հոգեկան ուժ), կամ կը շարունակենք կրպակային տնավարի հաշիւները եւ շուն ու կատուի գզուըռտուքը, կամ կը մէկտեղենք մեր ամէն գոյնի եւ հորիզոնի ուժերը, իմացական եւ տնտեսական կարողութիւնները: Հաւաքական լարում, ըսելով՝ որ իրաւունք ունին միայն ազգը եւ հայրենիքը, լռեցնելով մրցակցութիւն, ես, քէն, սխալներու գերանցումով, որպէսզի հաւաքաբար եւ նոյն ուղղութեամբ նայինք ապագային:
Երկրի մը ներկան քաղաքականութիւն է, սրճարանային զրոյց չէ, ընթրիքի սեղանին շուրջ ասէկոսէի շատախօսութիւն չէ: Երկիր մը չ’առաջնորդուիր յուզումով, քէնով եւ հաւկուրութեամբ: Անհրաժեշտ են պատմութեան, աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական պայմաններու գիտակցութիւնը: Այսօր ազգը եւ հայրենիքը կարիք ունին առաջնորդի մը, որ մտածէ Վիքթոր Հիւկոյի պէս եւ ըսէ. «Ժողովուրդ մը որ ազատութիւն ունի, պարտի ունենալ նաեւ կամք»: Կամք՝ ընդդէմ ճակատագրապաշտութեան, պարտութեան, ընկճուածութեան:
Յիշել Մաքիաւէլի դասը. «Հոն ուր կամքը հզօր է, դժուարութիւնները կը նուազին»: Աւելի սրամիտ է ամերիկացի գրող Մարք Թուէյն, որ ըսած է. «Քաղաքագէտները եւ նորածիններու ներքնաշորերը յաճախ պէտք է փոխուին եւ նոյն պատճառով»… Արդարեւ, անոնք միշտ ցանկութիւն կ’ունենան յաւերժանալու, եւ այդ ընելու համար միջոցներու միջեւ խտրութիւն չեն դներ, կը դառնան բռնակալներ, հոլովելով ժողովուրդ եւ ծառայութիւն բառերը, երբ կ’առաջնորդուին եսով եւ չարաշահումով:
Ֆրանսացի մտածող Փոլ Վալերի կ’ըսէր, թէ «մտաւորականները սին են եւ բառերը կը կրեն հետեւանքները»: Հայրենի մտաւորականը կ’ըսէ. երկիրը դարձել է ողբի եւ որբի հայրենիք, մեր հպարտ ժողովուրդը՝ մոլորուած եւ գլխիկոր: Աւելի քան երբեք ազգը եւ հայրենիքը կարիք ունին կամքի եւ տեսիլքի, բաժանումները միացնող հեղինակութեան, որ տէր ըլլանք մեր ճակատագրին, հրաշքը փնտռենք մեր մէջ:
Ոչ միայն պարտուած ենք մոլորուած եւ գլխիկոր ենք, այլ այն պատճառով խախտած է վստահութիւնը ինչպէս նախկին եւ հիմա նաեւ ներկայ իշխանութիւններու նկատմամբ, ընդհանրապէս՝ քաղաքական կեանքի դերակատարներու: Ժողովուրդը դադրած է յարգելէ իշխանութիւնները: Եզրակացութիւնը այն է, որ ժողովրդավարութիւնը արժեզրկուած է, խրած ըլլալով ամբոխահաճութեան (populisme) ոչ մէկ ապագայ խոստացող տիղմին մէջ: Միայն իշխանաւորները դեռ զօրավարի ուսնոցներու նմանող ժողովրդավարութեան զարդարանքով կը շպարուին:
Հայրենասիրութիւն, ծառայութիւն, իրաւունք, պարտականութիւն, հաւատարմութիւն, հաւասարութիւն, օրէնք, դարձած են սնամէջ, անոնք կը ծածկեն անհեռանկարը, պարտութիւնը, անյուսութիւնը, ոտքի կը քնացնեն խաբուելու պատրաստ ամբոխը:
Ինչպէ՞ս ունենալ իր ճակատագրին տէր դառնալու կամք ունեցող ժողովուրդ:
Ո՞վ պիտի ըսէ որ խաբուած ըլլալ վերջնական պարտութիւն չէ:
Պիտի գա՞յ առաջնորդ մը, որ ֆրանսացի Ալպէր Քամիւի պէս ըսէ. «Ճշմարտութիւնն այն է, որ ճամբան նուազ կարեւոր է, հասնելու կամքը կը բաւէ»: Եւ կրաւորականութեան թմբիրէն արթնցնէ ամէն քայլափոխի յիշուած ժողովուրդը, որպէսզի ան ոտքի կանգնի՝ հասնելու կամքով, որ այսօ՛ր պէտք է, երբ պարտուած ենք, երբ ամէն օր կը նահանջենք: Ի հարկէ, մի՛շտ ներսը եւ դուրսը:
Եւ բուժուինք Ռաֆֆիի բնորոշած ախտէն: Բուժումը ո՛չ երկինքէն եւ ո՛չ դուրսէն պիտի գայ:
yerakouyn.com/2020/12/30/գուցէ-աստծոյ-ամենակարող-աջը-հասնի-մե/