Պատմութիւնը, անկասկած, գրի պիտի առնէ այդ անծայր մարտիրոսութիւնը,– Պայքարի Նոր Փուլը. Ռազմիկ Շիրինեան
30 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Պատմութիւնը, անկասկած, գրի պիտի առնէ այդ անծայր մարտիրոսութիւնը, զոր հայ զինուորը ցոյց տուաւ Արցախեան պատերազմին: Այսօր, անհրաժեշտ է հաստատել, որ այդ շքեղ երիտասարդութիւնը, այդ ամբողջ պատերազմի տեւողութեան, ցոյց տուաւ իր հայրենասէր, ազգային ու մարտնչող նկարագիրը եւ հնչեցուց ահազանգը Արցախահայուն ու հայ ազատագրական պայգարի նոր փուլին: Մարտունակ ու յեղափոխական երիտասարդն էր այդ՝ հաւատարիմ Արցախի դատին:
Անկասկած նաեւ, ռուս-թրքական համագործակցութիւնը 2020ի պատերազմին մեծ դեր պիտի ունենայ հայ երիտասարդի քաղաքական-գաղափարական նոր յեղաշրջումին մէջ:
9 Նոյեմբերին ստորագրուած պարտուողական պայմանագիրը պիտի դառնայ ազգային շարժումի մը նոր ազդակը, որովհետեւ այդ պայմանագիրը թուղթէ շերեփ մըն էր միայն, աղերսագիր մը, որ անգամ մը եւս փորձեց հայը ներառել թրքական լուծին տակ: Այդ պայմանագիրը, անկասկած, պիտի առաջնորդէ ազատագրական նոր պայքարին: Որովհետեւ, դժուար եւ վտանգաւոր օրեր կ՛ապրի այսօր հայրենի ժողովուրդը: Տրտում ու տխուր է հայ քաղաքացին իր ներկայ կենցաղին մէջ: Ազգային իր իմացականութիւնէն տժգունած կը թուի ըլլալ սովորական հայ անհատը: Տառապող հայ քաղաքացին կորսնցուցած է իր հաւատքը իշխանութեան հանդէպ, պետական իրաւականութեան հանդէպ, տակաւին կեանք չվայելած հազարաւոր հայ երիտասարդներ արցունք բերին հարազատի, մերձաւորի, ծանօթի ու անծանօթի աչքերէն:
Սակայն, ներկայ մեր իրավիճակին մէջ ապրող երիտասադութեան միտքէն կը քաղենք այն համոզումը, որ այդ երիտասարդութիւնը բնազդօրէն ազատագրական ձգտում ունի իր խորքին մէջ, իր հոգիի ու միտքի կուռ կառուցուածքով: Ա՛յս է հայ քաղաքական միտքի ներկայ իտէալիզմը հայ կեանքին համար: Ազատամիտ հայ երիտասարդութիւնը ցոյց կու տայ արդէն, որ իր մասնագիտութիւններով, իր գաղափարապաշտ ու կորովի վճռականութեամբ՝ դուրս կը բերէ հայը ներկայ իր տագնապէն, կը բանայ պայքարի նոր էջը, ուր կը կառուցուի ու կը զարգանայ մեր երկիր-պետականութինը:
Պայքարի նոր փուլին մէջ կը պարզուի նաեւ, որ հայ քաղաքական միտքը մշակոյթ ունի: Կը քննէ ու իրեն կը կապէ ոչ միայն իր հարազատ ժողովուրդին ճակատագիրը, այլ նաեւ դրացի երկիրներու կիսավայրենի ու ցեղասպանական խաւարէն դուրս բերելու ճիգը, լուսաւորութիւնը: Համակեցութեան դաստիարակութիւնը բարիքներ ունի նոյնիսկ թշնամիին եւ դաւաճանին համար ու կը փշրէ թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին նախապաշարումները: Հայ քաղաքական միտքը, ի վերջոյ, գաղափարական նկարագիր մը ունի, մարդկային է:
Անիկա կ՛անդրադառնայ, որ մեր տագնապը ոչ միայն քաղաքական եւ ազգային է, այլ նաեւ համամարդկային:
yerakouyn.com/2020/12/29/պայքարի-նոր-փուլը-ռազմիկ-շիրինեան/