Տարեփակի Խոհեր Ա. – Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ. Ս. Մահսէրէճեան
30 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
«Երնէկ թէ այս նոր տարին
Վերջ տար հայի ցաւերին…»
«Երնէկ թէ այս նոր տարին
Հայ ազգ ի մի գումարուէր…»:
ԳԱՄԱՌ ՔԱԹԻՊԱ
Քանի Մը Ընդհանրութիւն
Նոր տարին դիմաւորող աշխարհն ու բոլոր ժողովուրդները հասարակաց մէկ մաղթանք ունին անկասկած. «Թող 2020 տարին երթայ անվերադարձ, իրեն հետ տանի իր բոլոր պատուհասները, աղէտները եւ մահ ու աւեր սփռող արհաւիրքները…»:
Մարդկութիւնը սպառող տարուան ընթացքին դիմագրաւեց հասարակաց պատուհասներ, որոնք հարուածեցին քիչ թէ շատ բոլորը. ուրիշներ ունէին տեղական բնոյթ, նոր իմաստ տուին «կրակը ինկած տեղը կ՛այրէ» խօսքին:
Բնականաբար պսակաձեւ ժահրը եղաւ ողջ մարդկութիւնը պատուհասող համայնակուլ աղէտը` միաձայն անէծքներ բարձրացնելով բոլոր ցամաքամասերուն վրայ. անոր դէմ պատուաստին գիւտը տարեվերջի օրերուն յոյսի ալիք մը տարածեց, սակայն անկէ լիովին ձերբազատելու համար դեռ բաւական պէտք է սպասենք:
Համատարած այս պատուհասէն անդին, տարբեր երկիրներ ու ժողովուրդներ ապրեցան առանձին դժբախտութիւններ. Լիբանան ահաւոր ցնցումներ ապրեցաւ մէկ կողմէ նաւահանգիստի պայթումին, միւս կողմէ` տնտեսական-դրամատնային տագնապներուն պատճառով, երկար սպասեց, որ քաղաքական կողմեր համախոհութիւն գոյացնեն եւ զայն մարմնաւորեն համաձայնական կառավարութեան մը կազմութեամբ: Միացեալ Նահանգներ չորրորդ տարին բոլորեցին Տանըլտ Թրամփ կոչուած բազմերես աղէտին հովանիին տակ, հիմա կը յուսան, որ ընտրեալ նախագահը` Ճօ Պայտըն, գոնէ մասամբ յաջողի վերականգնել քիչ մը ամէն կալուածի մէջ քանդուածը (եթէ անշուշտ վարագոյրին ետին գործող «չաստուածները» կամենան): Եւրոպական երկիրներ շարունակեցին կքիլ գաղթականներու ալիքներուն տագնապին տակ, որուն դիմաց նոր թափ ստացան տարօրինակ մրցակիցներ` ոճրային ահաբեկչական գործողութիւններ: Բազմաթիւ քաղաքներու մէջ անմարդկային ոճիրներ տեղի ունեցան օր-ցերեկով, ահազանգերը բազմաձայն երգչախումբ կազմեցին, բացայայտ դարձաւ, թէ թրքական գործօնը ինչպիսի՛ բաժին ունի այդ ոճիրներուն մէջ, Գերմանիա, Ֆրանսա եւ այլք սկսած են կտրուկ քայլերու դիմել` էրտողանական «Գորշ գայլեր»-ը չէզոքացնելու եւ ժանիքները արմատախիլ ընելու համար: Ոճրային ահաբեկչական արարքները տագնապեցուցին նաեւ ափրիկեան եւ ասիական երկիրներ, հասնելով մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք: Մարդկութիւնը այլապէս կրեց բնական աղէտներու ծանր հետեւանքները, քիչ մը աւելի իրազեկ դարձաւ, որ կենսոլորտի «ողջակիզման» ընթացքը պէտք է վերջ գտնէ, իսկ խտրականութիւն կոչուած հին-նոր պատուհասը եւս ազնիւ մարտահրաւէրներու դիմաց դրաւ աշխարհը:
Աշխարհի այս կամ այն գօտին պատուհասող բնական ու մարդակերտ աղէտներու ցանկը աւելի՛ երկար է, քան` 2020 տարուան ամիսներուն, շաբաթներուն ու օրերուն թիւը: Հեւքոտ թափով զիրար հալածող պատուհասները պատճառ դարձան, որ մարդիկ, երկիրներ ու ժողովուրդներ օրը օրին շնչասպառութեամբ հետեւին իրադարձութիւններուն` մոռնալով, որ շատ մը պատուհասներ նորաստեղծ չեն, այլ շարունակութիւնն ու նորագոյն զարգացումներն են անցեալ տարիներուն, տասնամեակներուն` մարդկութիւնը «գերեվարած» ահաւոր իրադարձութիւններուն: Փաստօրէն, այսօր ո՜վ կը յիշէ, թէ ճիշդ 10 տարի առաջ, Թունուզէն ծայր տուաւ «Արաբական գարուն» կոչուած սեւ ու կարմիր «սառնամանիքը», մահ ու աւեր տարածեց մօտակայ եւ հեռաւոր երկիրներու մէջ, կարգ մը հրդեհներ մարեցան, ուրիշներ կը շարունակեն փոշիացնել աշխատող զանգուածներու կարողականութիւններն ու մարդոց վաստակը, որպէսզի զէնքի եւ այլ ճարտարարուեստներ… «գարուններ» ապրին: Այս եղելոյթին մէջ եւս հիմա շա՛տ աւելի յստակ է, որ Թուրքիա ինչպիսի՛ վատ դերակատարութիւն ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ, արաբական եւ այլ երկիրներու աչքերը կը սկսին աւելի յստակ տեսնել ոճրածին եւ ոճրագործ պետութեան «նոր-կայսերական նուաճումներ»-ը:
2020 տարին այլապէս աղէտալի վիճակ ստեղծեց պաղեստինցիներուն համար (չենք մոռնար Եմէնը եւ ուրիշներ…), որովհետեւ Թրամփի եւ իր խմբակին կնքահայրութեամբ, արաբական կարգ մը երկիրներ սկսան սիրաբանիլ Իսրայէլի հետ` մոռնալով կամ հարկադրաբար անտեսելով, որ իրենց երկարատեւ տագնապներուն կերտիչներէն մէկն ալ նոյնինքն Իսրայէլն է, այն երկիրը, որուն դէմ արաբական աշխարհը անցեալ դարու կէսերէն սկսեալ բարձրաճակատ եւ միակամ կը կանգնէր ազգային դատերու խրամատին մէջ, յետոյ, այդ ճակատին քայլ առ քայլ խորտակումը շատ բան չձգեց արաբ ազգայնականութենէն: Փաստօրէն, նիւթը, առեւտուրի եւ տնտեսական վերելքի սին հրապոյրները նոր տեսակի նահանջներու եւ անկումներու հորիզոններ բացին արաբական թէ այլ աշխարհներուն դիմաց, կը փորձեն կլանել նաեւ մեր հայրենիքն ու հայութիւնը…: «Ազատական» մտածողութիւնը կը փորձէ մարդկութիւնը համոզել, որ ազգային շահերը, նկատումները, մինչեւ իսկ հայրենի հողն ու ինքնութիւնը ժամանակավրէպ արժէքներ են, հիմա ամէն բան կը սկսի, պէտք է սկսի նիւթական շահով, նիւթը հետապնդելով եւ… նիւթով տիրապետութիւն տարածելով: «Որտեղ հաց` այնտեղ կաց» խօսքը նոր իմաստ եւ մեկնաբանութիւն կը գտնէ, տխեղծութեան կը տանի աշխարհը:
Մեր «Փոքր Ածու»-ն Պատուհասող Աղէտը
Մենք` հայ ժողովուրդի զաւակներս ալ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կրեցինք յիշեալ (եւ այլ) բազում պատուհասներու ծանր հետեւանքները: Սակայն կասկած չկայ, որ մեզ ցաւցնող իւրայատուկ պատճառներ ունինք մաղթելու, որ 2020 տարին անհետ կորսուի պատմութեան աղբանոցին մէջ, որովհետեւ անիկա մեզի բերաւ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱԶՈՒԱԴԷՊ ԱՂԷՏ մը. 27 սեպտեմբերին, Արցախի դէմ շղթայազերծուած թուրք-ազերիական-ահաբեկչական պատերազմը մեր նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրեց ամէնէն սեւ էջերը, ամէնէն մութ էջերը` Ցեղասպանութենէն եւ Արեւմտեան Հայաստանի կորուստէն ասդին (Մուսա Լերան 40 օրերու հերոսամարտէն 105 տարի ետք` հակաբեւեռ 44 օրեր), աղէտ, որուն տարողութիւնը կարծէք թէ տակաւին կը մնայ շատերու ըմբռնողութեան սահմաններէն դուրս, աղէտ, որուն «յաւելուածները» կ՛արձանագրուին պատերազմին կասեցումէն աւելի քան 40 օր ետք, աղէտ, որ մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը դրած է այնպիսի՛ ծանր բեռներու եւ ահաւոր մարտահրաւէրներու ճնշումին տակ, որոնք բառերով անբացատրելի կը մնան: 10 նոյեմբերին հրապարակ եկած եւ ամբողջ հայութիւնը ափ ի բերան թողած, յուսախաբութեան մատնած համաձայնագիրը ո՛չ միայն դիմակազերծեց իշխանաւորներու ստապատիր ու կեղծ վարմունքը, այլ ահա օր ըստ օրէ յստակ կը դառնայ, որ մեր կորուստներուն եւ վնասներուն ցանկը չէ սահմանափակուած համաձայնագիրին պայմաններով, այլ Արցախէն մնացած տարածքներ, նոյնինքն Հայաստանէն տարածքներ կը գտնուին կորուստի մատնուելու ընթացքի մէջ: Թիկունքը Թուրքիոյ տուած Ազրպէյճանը անսանձ կամայականութեամբ, կամակորութեամբ կը վերադասաւորէ սահմանները, իսկ հայկական կողմը կը մնայ գլուխն ու ձեռքերը վար կախած հանդիսական, կը շարունակուին ուրիշներու մէջ յանցաւորներ փնտռելու վրան բաց ճիգերը: Իշխանութիւնը ունի կոտրուած ձեռքեր, սակայն կ՛ուշանայ առողջ ձեռքեր ապահովելու իր կողքին. արտերկիրը եւս մատնուած է շշմած կացութեան, կ՛ուշանայ կենսաւորելու իր կարողականութիւնները, որոնք թէ՛ պատերազմի օրերուն եւ թէ՛ անկէ առաջ գործնական նեցուկ կը տրամադրէին հայրենիքին` Հայաստան-Արցախ ամբողջութեան: Ողբերգութեան մէկ այլ երեսն ալ հոն է, որ շատեր կը թուին կուլ տուած ըլլալ ազգային աղէտը, զգայազիրկ կրաւորականութեամբ տրամադիր են «եոլա գնալու» ամօթալի պարտութեան հետեւանքներուն հետ, «ի՞նչ կրնանք ընել», կամ` «աղէտը դեռ մեր դուռը չէ բախած» (ան)տրամաբանութեամբ:
Եթէ փորձենք քանի մը նախադասութեան մէջ ամփոփել Հայաստանի ու հայութեան վիճակը, կրնանք արձանագրել հետեւեալ անառարկելի իրականութիւնները:
Կորսնցուցած ենք Արցախի մեծագոյն տարածքը (կորուստին մեծ բաժինը` զինեալ ուժով չգրաւուած հողեր), սկսած ենք կորուստներ ունենալ նաեւ Հայաստանէն (հիւսիս եւ հարաւ), մեր զինուժը մատնուած է (ամենամեղմ բառերով) ոչ-նախանձելի անգործութեան, կորսնցուցած է մարդուժ, զինական կազմածներ, պաշտպանական դիրքեր, զինաթափ կ՛ընէ մեզի պատկանող հողամասեր, իրողապէս մատնուած է բարոյալքումի, որ արձանագրուած մարդկային կորուստներուն չափ ողբերգական է: Ունինք շուրջ 100 հազար գաղթական, որոնք Արցախի եւ Հայաստանի մէջ անորոշ ապագայի դէմ յանդիման են, ամիսներ շարունակ (եթէ ոչ տարիներ) պիտի չկարենան վերականգնիլ (ամօ՞թ է Գիւմրիի երկրաշարժի տնակորոյսներուն վիճակին հետ բաղդատական մը ընելը…): Արձանագրուած քանդումներն ու վնասները (պարտէզներու, մշակուած հողերու կորուստ` սկսելու համար) պետական մեքենան կը դնեն հսկայական ճնշումի եւ անյաղթահարելի թուացող մարտահրաւէրներու դիմաց: Քաղաքական-դիւանագիտական կալուածին մէջ եւս ունինք մեծ կորուստ եւ նահանջ: Հետզհետէ աւելի պարզ կը դառնայ, որ մեր արտաքին յարաբերութեանց վիճակը եթէ աւելի բարերար դասաւորում ստացած ըլլար, այս տարողութեամբ կորուստներ պիտի չունենայինք:
Յիշեալ կալուածներուն մասին տեղեկութիւններու կուտակումը կը լեռնանայ օր ըստ օրէ, անհաշիւ մեկնաբանութիւններ, մեղադրանքներ եւ տեսութիւններ մրցումի ելած են իրարու հետ: (Մինչեւ իսկ նահատակներուն յարգանքի տուրքերը անասելի մրցակցութեան առիթ դարձան): Իշխանութիւնը կը փորձէ պաշտպանել իր դիրքորոշումները, չքմեղանքներ որոնել, իսկ ընդդիմադիրները լիաթոք կը հակաճառեն, փաստացի տեղեկութիւններով եւ տուեալներով կը ցուցադրեն, թէ իշխանութիւնը ինչպիսի՛ սխալներ գործած է, անտեսած է չոր իրականութիւններ եւ աջակցութեան ձեռքեր, փորձառու զինուորականներու եւ հմուտ դիւանագէտներու յորդորները: Մատնուած ենք վիճակին այն կռփամարտիկին, որ քաջաբար կռուելէ ետք, անակնկալ հարուած մը ստացած է գլուխէն եւ տապալած է գետին, իրաւարարը 10 համրելէ ետք բարձրացուցած է հակառակորդին բազուկը, իսկ գետին տապալած մարզիկը ոտքի կանգնելու փորձի պահուն գինովի պէս կը տատանի եւ չի գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛անցնի-կը դառնայ իր շուրջը, օգնութեան փութացողներն ալ հակասական եւ ապաշնորհ դարմաններ կը փորձեն` աւելի ծանրացնելով «գինովութիւնը»: (Սա կ՛արձանագրենք իբրեւ օրինակ` ընդունելով, որ Արցախի մէջ եղածը մարզական բնոյթով մենամարտի չէր նմաներ, գալիքին մէջ ալ մարզական ոգի պէտք չէ փնտռենք):
Որքան ալ ճիշդ ու տեղին ըլլան մեկնաբանութիւնները, խոցելի կէտերուն թւումը, իրականութենէն բան չի փոխուիր: Կարճ` մենք այս հանգրուանին պարտուած ենք (գոնէ այս ճշմարտութիւնը կ՛ընդունին բոլորը), պէտք ունինք վերականգնումի, անցեալը յենակէտ ընելով` նայելու դէպի անմիջական եւ հեռաւոր ապագային, յաջորդ փուլերուն, դէպի վերականգնում եւ նոր նուաճումներ. այսօր «նոր նուաճումներ» բառը կրնայ երազային ու անիրականանալի թուիլ, մինչդեռ այդպէս չէ, եթէ սթափումը չուշացնենք, այլ մեր ոտքերը դնենք գետնի վրայ, որքան ալ որ լպրծուն եւ անկայուն դարձած ըլլայ մեր ենթահողը: Հայութեան ու հայրենիքին շահերուն գերադասումը եւ անոր հիմամբ` ամբողջական հեռապատկերի մը մշակումը հրամայական է եւ մեկնակէտ, հիմ պիտի ծառայէ նոր փուլի բազմաճիւղ աշխատանքներուն, ձեռքերը միացնող աշխատանքին:
Ներքին Եւ Արտաքին Դաշտեր
Արցախի մէջ սկսած հողակորուստը, որ կը սպառնայ նոյնինքն Հայաստանին, ունի արտաքին եւ ներքին պատճառներ: Անոնց ցանկագրումը կը կատարուի ամէն օր, սակայն դարման չի բերեր կացութեան: Աւելի՛ն. ներքին բեմին վրայ ստեղծուած հակադրութիւնները, արդար քննարկումներն ու յանցաւորներուն ուղղուած քննադատութիւնները, բացայայտումները, քիչեր կ՛անդրադառնան, թէ ինչպիսի՛ վնասներ կը հասցնեն մեր դատին: «Կլասթնոսթ»-ին հաւատարիմ մնալու նախանձախնդրութեամբ, կը հրապարակուին որոշ գաղտնիքներ, կը ցուցադրուին աղտոտ լաթեր, որոնց քուլիսներու մէջ դարմանումը շատ աւելի օգտակար եւ արդիւնաբեր կրնայ ըլլալ. եւ թող ո՛չ ոք ըսէ, որ մեր հակառակորդները արդէն ծանօթ են ամէն ծալքի, այլ հարց տայ, թէ աշխարհը մեզ ի՞նչ աչքով եւ դատողութեամբ կը դիտէ: Ի վերջոյ, դուրսէն դիտողը չունի հինի-նորի, սեւի-սպիտակի հայեցակէտ, այլ մեզ կը դիտէ իբրեւ Հայաստան-Արցախ եւ հայ ժողովուրդ:
Նոյնքան կարեւոր է որ իրարմէ զատորոշենք ներքին ու շրջանային-արտաքին գործօնները, թէեւ ո՛չ ոք կ՛անգիտանայ, թէ ինչպիսի՛ սերտ աղերս կայ անոնց միջեւ: Իսկ եթէ որոշենք, որ ճակատէն պիտի դիմագրաւենք աղէտը եւ պիտի վճռենք յաղթահարել զայն, ամէն բանէ առաջ, պարտաւոր ենք յստակացնել մեր ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՔԱԳԻԾԸ` քաղաքականութիւն-մարտավարութիւն-ռազմավարութիւն, եւ այդ «աստղ»-ին շուրջ թաւալող մեծ ու փոքր «մոլորակներ»-ը: Առանց հայակեդրոն, Հայաստան-Արցախակեդրոն ուղեգիծի բիւրեղացման, մեր բոլոր ճիգերն ու առաջադրանքները, որքան ալ ըլլան անկեղծ ու հայրենասիրական, պիտի չարդիւնաւորուին ցանկալի չափով:
Աւելի՛ն. ներքին ու արտաքին բեմերուն զատորոշումը եւ իւրաքանչիւրին վրայ մեր դիմաց բարձրացող մարտահրաւէրները ըստ կարելւոյն` իրարմէ անկախաբար հետապնդելն ու փոխազդեցութիւններէ առաւելագոյն չափով հեռու պահելը պիտի նպաստէ մեր գործին: Պատերազմին յաջորդած օրերուն ու շաբաթներուն, ահաւասիկ մօտաւորապէս երկու ամիսէ ի վեր, օր աւուր ծագող «մանր», բայց երբեք արհամարհելի տագնապները, դաժան իրականութիւններու բացայայտումը բնականաբար իշխանութիւն եւ ընդդիմադիրներ ընկղմած են անոնց քայլ առ քայլ հետեւելու, զանոնք արծարծելու տղմուտ ջրափոսին մէջ, կը կլանէ գրեթէ մեր ամբողջ ներուժը, անորոշ պահելով ընդհանուր պատկերը, գոնէ անոր մեծ մասը, ինչ որ սակայն տեսանելի պիտի ըլլայ` վեր բարձրանալով առօրեայ (կրկնենք` ո՛չ արհամարհելի) տաղտուկներու մակարդակէն:
yerakouyn.com/2020/12/29/տարեփակի-խոհեր-ա-պիտի-վերականգնենք/