11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
«Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կրկին անցած է չափը՝ իր ուղերձին մէջ յիշատակելով հիտլերական Գերմանիան, ինչ որ զարմանալի չէ, հաշուի առնելով Էրտողանի բռնատէր առաջնորդի կեցուածքը, որ հակուած է խախտելու մարդու իրաւունքները, օրէնքի գերակայութիւնը, խօսքի ազատութիւնն ու միւս
քաղաքական ազատութիւնները»,- Գրած է The New York Times
Ամերիկեան մեծազդեցիկ թերթը կը յիշեցնէ, որ իշխանութեան գլուխ գալէն ի վեր՝ արդէն 10 տարի է, որ Էրտողան կ՚օգտագործէ իր նախարարական, իսկ յետոյ նաեւ նախագահական լիազօրութիւնները՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցները ճնշելու, արհեստակցական միութիւններն ու միւս ընդդիմադիրները հալածելու նպատակով: Ըստ յօդուածագրին՝ Թուրքիոյ նախագահին վերաբերեալ վատթարագոյն կասկածները հաստատուեցան անոր գլխաւորած կուսակցութեան յաղթանակէն յետոյ, Նոյեմբերին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Դեռ քուէարկութենէն առաջ Էրտողան վերսկսած էր պատերազմը Ք.Ա.Կ.ի դէմ՝ փորձելով բարձրացնել իր վարկանիշը ընտրութիւններէն առաջ, իսկ յետոյ սկսաւ գործել Ժողովրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան դէմ, որ հնարաւորութիւն էր ստացած պաշտպանելու ազգային փոքրամասնութեանց իրաւունքները նաեւ խորհրդարանէն ներս: 2015ին սպաննուած են մօտ 3100 քիւրտ ապստամբներ եւ անյայտ թուով խաղաղ բնակիչներ:
ԱԶԱՏՕՐ
www.azator.gr