Սփիւռքը Չի Կրնար Ընելիքը Յստակացնել, Եթէ Հայաստանի Մէջ Իշխանութիւնը Չփոխուի․ Խաժակ Մկրտչեան

«Արցախ ֆոնդ» բարեգործական հիմնադրամի պատուիրակութեան անդամ Խաժակ Մկրտչեան

Սփիւռքը Չի Կրնար Ընելիքը Յստակացնել, Եթէ Հայաստանի Մէջ Իշխանութիւնը Չփոխուի․ Խաժակ Մկրտչեան

04 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Հնարաւոր չէ պարտուած իշխանութեան հետ ապագայի յոյսեր կապել՝ Yerkir.am-ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի անդամ, «Արցախ ֆոնդ» բարեգործական հիմնադրամի պատուիրակութեան անդամ Խաժակ Մկրտչեան։

Ան նշեց, որ այն քաղաքական տրամադրութիւնները, որ կը տիրեն Հայաստանի մէջ, նոյնը նաեւ Սփիւռքի մէջ է․ պարտուած իշխանութիւնը պէտք է ընդունի իր անկարողութիւնը, ապաշնորհութիւնը եւ տեղ տայ աւելի կարող, հայրենիքին աւելի սրտացաւ մօտեցող ղեկավարութեան։

«Որպէսզի հնարաւոր ըլլայ այս անկայուն եւ անորոշ վիճակը կայունացնել, որ գոնէ այսուհետեւ ազգն ու հայրենիքը գիտնան ուր կ՝երթան եւ Սփիւռքն ալ, այդ անորոշութիւնները վերանալով, իր նոր ընելիքները կարենայ ձեւակերպել»,- ըսաւ Խաժակ Մկրտչեան

Այսօրուան անորոշութեան պայմաններուն մէջ, ըստ անոր, Սփիւռքի բարեսիրական միութիւնները, քաղաքական, լոպպիստական կառոյցները իրենց ընելիքները ձեւակերպելու դժուարութիւններ ունին, որ չի կրնար յստականալ, եթէ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը չփոխուի։

«Եւ պատահական չէ, որ սփիւռքեան նոյնիսկ գլխաւոր կառոյցները այս կառավարութեան հրաժարականը պահանջած են՝ պարզ այն մօտեցումով, որ այս կառավարութիւնը իր ապաշնորհութիւնը ապացուցեց եւ մեծ չարիք մը բերաւ թէ՛ մեր ազգին, թէ՛ հայրենիքին։ Այս իրականութիւնը ակնյայտ է Սփիւռքի մէջ»,- նշեց ան։

Խաժակ Մկրտչեան, «Արցախ ֆոնդ»ի պատուիրակութեան կազմով, այցելած է Արցախ՝ ընելիքները ճշգրտելու համար։

««Արցախ ֆոնդ»ը կը գործէ տարիներէ ի վեր եւ կը պատկանի Ամերիկայի հայ մշակութային ընկերակցութեան։ Անիկա բարեսիրական միութիւն է, որ Արցախի մէջ կ՝իրականացնէ տարբեր ծրագիրներ։ Բայց այս պատերազմի լոյսին տակ՝ քաջ գիտնալով, որ ընկերատնտեսական եւ այլ տեսակի հարցեր կան, մենք մեր ընելիքները ճշգրտելու համար ուզեցինք այցելել եւ ծանօթանալ ընդհանուր կացութեան։ Բայց նաեւ որոշ բարեսիրական առաքելութեամբ ալ եկած ենք»,- ըսաւ Խաժակ Մկրտչեան։

Արցախի մէջ վիճակը իսկապէս շատ տխուր էր, ըսաւ ան, անզէն աչքով ալ կ՝երեւէր, որ ընկերային-տնտեսական շատ բարդ խնդիրներ կան, որոնց պէտք է դիմագրաւել։

«Առաջին խնդիրը՝ զոհուածներու այս մեծ քանակութեան մէջ կը նշանակէ, որ բաւական մեծ միջոցներ պէտք են, որ զոհուածներու ընտանիքներուն ընկերային խնդիրները մեղմացնենք։ Վիրաւորներու հարց կայ, որ նաեւ խնդիր է, որոնց պէտք է դիմագրաւել։ Կարեւոր երեւոյթը, որ տեսանք, ազրպէյճանցիներու գրաւած տարածքներէն ահագին տեղահանուած արցախցի հայրենակիցներ կան, որոնք այսօր կացարան գտնելու կամ ուղղակի տեղ ունենալու, ապրելու խնդիր ունին։ Եթէ ամփոփենք՝ զոհուածներու ընտանիքներ, վիրաւորներ եւ տեղահանուածներ»,-ըսաւ Խաժակ Մկրտչեան։

Ասոնք, ի հարկէ, առաջնահերթ խնդիրներն են, բայց ապագային արցախցիներու աշխատանքի, անվտանգութեան հարցերը եւս պիտի ուսումնասիրեն եւ փորձեն լուծել։

«Արցախ ֆոնդ»ի գրասենեակը Ստեփանակերտի մէջ է, ունի նաեւ անձնակազմ, որ տեղւոյն վրայ ֆոնդին գործերը կարգաւորելու պարտականութիւն ունի։ Անոնք են, որ ազդակներ պիտի ուղարկեն, երբ արդէն յստակ ըլլայ՝ որուն հետ պէտք է աշխատին սփիւռքեան կազմակերպութիւնները իրենց ծրագիրները իրագործելու համար։

Բարեգործական այս հիմնադրամը համոզուած է, որ միանգամեայ բարեգործութեամբ հարցեր կարելի չէ լուծել, հեռանկար կայ անպայման կայ աշխատատեղեր ստեղծելու, որպէսզի արցախցին կարենայ շարունակել ապրիլ իր հողին վրայ։

«Գիտենք նաեւ, որ ընկերատնտեսական հետեւանքները վերացնելը ինքնին պետութեան պարտականութիւնն է, բայց նաեւ մեզի պէս բարեգործական միութիւններ որոշ չափով, այդ սահմանափակ հնարաւորութիւններու պարագային, լրացուցիչ աշխատանք կը տանին։ Մենք գիտենք, որ չենք կրնար հազարաւոր զոհուածներու բոլոր ընտանիքներուն օգնել կամ աշխատանքով ապահովել բոլոր տեղահանուածները, բայց մենք մեր հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ որոշ չափաբաժին կրնանք մեր վրայ վերցնել՝ թեթեւցնելու տեղահանուածներուն, վիրաւորներուն եւ զոհուածներու հարազատներուն դժուարութիւնները, ինչու չէ նաեւ նպաստելու պետութեան բեռը թեթեւցնելուն։ Հեռանկար ունինք աշխատատեղեր ստեղծելու, բնական է՝ ոչ մեծ ծաւալներով, բայց՝ փոքր, որոնք քիչ թէ շատ աշխատատեղեր եւ արցախցիի համար Արցախի մէջ մնալու հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն»,- ըսաւ Խաժակ Մկրտչեան։

Այս ամբողջ աշխատանքը կազմակերպելու համար դարձեալ պէտք է յստակութիւն, այսօրուան տուեալներով՝ շատ են անորոշութիւնները, որոնք, յոյս ունին, գոնէ ժամանակի ընթացքին պիտի շտկուին, որ ապագային իրենք ալ կարենան աւելի գիտակցուած եւ ծրագրուած ձեւով աշխատիլ։

ԱՄՆ-ի մէջ Արցախէն յոյսը չեն կտրած, իրաւունք ալ չունին կտրելու՝ կը վստահեցնէ Խաժակ Մկրտչեան, հիմա ճիգերը կրկնապատկելու ժամանակն է։

«Ամերիկայի մէջ գոնէ աշխոյժ տարրը, այն, որ լոպպինկով կամ քաղաքական գործունէութեամբ կամ բարեգործութեամբ զբաղող շրջանակներն են, ատոնք բացարձակապէս յոյսերը իրաւունք ալ չունին կտրելու, որովհետեւ ընդհակառակը հիմա ճիգերը կրկնապատկելու ժամանակաշրջան է։ Մեր շրջանին մէջ Հայ Դատի յանձնախումբերը իրենց աշխատանքները կրկնապատկելու ճիգերու մէջ են, որպէսզի ամերիկեան գոնէ մարդասիրական օժանդակութիւններ կարենան ապահովել։ Հետեւաբար, յուսահատութիւնը՝ ոչ, բայց ընդհանուր այս պարտութիւնը իսկապէս կոտրուած հոգեվիճակ ստեղծած է, այդ մէկը կարելի չէ չտեսնել։ Մանաւանդ որ, յաղթանակի մեծ յոյսերով կ’ապրէինք պատերազմի ընթացքին եւ այս խայտառակ պարտութիւնը եւ այս խայտառակ համաձայնագիրը, որ ստորագրուած է․․․ այսօր ողջ Սփիւռքի տարածքին կը տիրէ նոյն կոտրուածութիւնը, ինչ այսօր կը տիրէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ»,- վստահեցուց Խաժակ Մկրտչեան։

Յուսահատուելու տեղ չունինք, ըսաւ, ընդհակառակը ուժերը կրկնապատկելու իրողութեան տակ ենք։

Վերը աստուած, վարը հայկական բանակ – Լեռնային առիւծները, արցախի պաշպանութեան բանակ

yerakouyn.com/2021/01/04/սփիւռքը-չի-կրնար-ընելիքը-յստակացնել-ե/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail