Կրկին Հայաստանի եւ Արցախի տիրութեան եւ բնակեցման մասին

11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Յ. Պալեան
Ո՛ւր որ ալ գտնո­ւիմ, Լի­բա­նան, Ֆ­րան­սա, Ա­մե­րի­կա (Ա­րե­ւե­լեան եւ Ա­րեւմ­տեան), կը խօ­սո­ւի Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մա­սին, թէեւ միայն Հա­յաս­տան պէտք է ը­սել, քա­նի որ քա­ղա­քա­կան-դի­ւա­նա­գի­տա­կան ճապ­կում­նե­րը ազ­գի մէ­կու­թեան չեն վե­րա­բե­րիր, Ար­ցա­խը Հա­յաս­տան է, զա­նոնք տար­բեր հա­մա­րել` ազ­գավ­

նաս զի­ջում է:

Զար­մա­նա­լի՛. Հա­յաս­տան չեմ լսեր վե­րաբ­նա­կեց­ման եւ հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան մա­սին: Կը խօ­սո­ւի «միկ­րա­ցիա»ի մա­սին, բայց չես գի­տեր` ո՞ր գործ­նա­պաշ­տու­թեամբ, չի գոր­ծա­ծո­ւիր շրթնե­րը այ­րե­լու վտանգ ներ­կա­յաց­նող «հայ­րե­նալ­քում» բա­ռը:

Մա­նուկ էի եւ կը յի­շեմ, թէ ինչ­պէ՞ս հա­յեր հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւն ապ­րե­ցան: Ներ­գաղթ էր: Հա­կա­ռակ ա­նոր որ հրէի եւ հե­թա­նո­սի տար­բե­րու­թիւն­ներ ե­ղան, հայ­րե­նա­հա­նու­մէն ե­րե­սուն տա­րի ետք, մե­րո­ւե­լու, հա­մար­կո­ւե­լու, պատ­շա­ճե­լու, կեն­սա­մա­կար­դա­կով ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լու, օ­տա­րա­նա­լու, այ­լա­սե­րե­լու եւ ծա­գու­մով հայ դառ­նա­լու տխրու­թիւն­նե­րը չէին պա­տած մեր կեան­քը, գաղ­թա­կա­նի մեր մտա­հո­րի­զո­նը, հայ­կա­կան զան­գո­ւած­նե­րը ըն­դա­ռաջ գա­ցին հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան: Ո­մանք գա­ցին, ու­րիշ­ներ մեր­ժո­ւե­ցան: Թէ օ­րո­ւան խորհր­դա­յին-հա­մայ­նա­վար իշ­խա­նու­թիւ­նը ըստ ար­ժան­ւոյն չգնա­հա­տեց հայ­րե­նա­դարձ­նե­րու կա­տա­րած ընտ­րան­քը, պատ­ճառ ե­ղաւ, որ ա­նոնց մօտ զար­գա­նայ հայ­րե­նալք­ման մի­տու­մը, ան­ցեա­լի տխրեց­նող ի­րա­կա­նու­թիւն է:

Թէեւ այդ օ­րե­րու ի­մաս­տուն հրա­պա­րա­կա­գիր-մտա­ւո­րա­կան­նե­րէն Շա­ւարշ Մի­սա­քեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան հիմ­նա­կան գա­ղա­փար մը ար­տա­յայ­տեց, երբ ը­սաւ, որ «հայ­րե­նի­քը պան­դոկ չէ»: Այ­սօր ալ պէտք է յի­շել եւ կրկնել այդ ազ­գա­յին ի­մաս­տու­թիւ­նը: Ար­դա­րեւ, երբ հիւ­րա­նո­ցի սե­նեա­կէն դժգոհ ըլ­լանք, սե­նեակ կամ հիւ­րա­նոց կը փո­խենք: Հայ­րե­նալ­քու­մը յա­ւե­լեալ հան­գիս­տի կամ բա­րօ­րու­թեան հա­մար հիւ­րա­նոց կամ սե­նեակ փո­խե­լու չի նմա­նիր:­Հիւ­րա­նո­ցին կամ ա­նոր սե­նեա­կին տէ­րը չենք, բայց հայ­րե­նի­քին տէրն ենք, կամ՝ պէտք է ըլ­լանք-ըլ­լա­յինք: Հայ­րե­նալ­քու­մը մարդ­կա­յին եւ ազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քէ զի­ջում է, հրա­ժա­րում: Միշտ մտա­ծած եմ, թէ ինչ­պէ՛ս կա­րե­լի է Հա­յաս­տան, հա­յու­թիւն, հայ մշա­կոյթ, հայ լե­զու սի­րել, հայ­կա­կան հար­ցե­րու գծով քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն խա­ղալ` հե­տե­ւե­լով հայ­րե­նալք­ման ու­ղիին:

Հայ­րե­նի­քին տէր ըլ­լա­լը ո՛չ խրախ­ճան­քի նմա­նող պա­հե­րու խօ­սո­ւած ճառ է, ո՛չ բա­րե­սի­րա­կան յու­զում եւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն: 20 Հոկ­տեմ­բեր 2011ին եւ 31 Օ­գոս­տոս 2012ին գրած էի այս հար­ցի մա­սին: Այդ պատ­ճա­ռով ալ խո­րագ­րի ա­ռա­ջին բա­ռը «կրկին» է, քա­նի որ հայ­րե­նալք­ման-հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան միաս­նա­բար ներ­կա­յա­ցող հար­ցը կար­ծէք այլ մո­լո­րա­կա­յին­նե­րու կը վե­րա­բե­րի: Ո՛չ Հա­յաս­տան եւ ո՛չ ալ սփիւռք­նե­րու մէջ հար­ցը ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ի­րաւ օ­րա­կարգ չէ:

Կը խոր­հիմ, որ հա­ւա­քա­բար մե­ղա­ւո­րի լռու­թիւն կը պա­հենք կամ պար­զա­պէս մենք մե­զի կը մեր­ժենք գի­տակ­ցիլ, թէ ի՛նչ վտան­գի են­թա­կայ ենք: Ինչ­պէ՞ս խօ­սիլ այս մա­սին, երբ գի­տենք, որ Քամ­չաթ­քա, Վ­լա­տի­վոս­թոք, Փա­րիզ, Նից­ցա, Լոս Ան­ճե­լըս եւ այ­լուր նստած մար­դոց հայ­րե­նի­քի տի­րու­թեան ճա­ռե­րը գի­նար­բու­քի սե­ղա­նի ա­սու­պա­յին յու­զում­ներ են:

Այս­քա՛ն ճշմար­տու­թիւն ե­թէ ը­սո­ւի, հրա­պա­րա­կը կը պայ­ծա­ռա­նայ:

Ա­ւե­լի պա՛րզ. հայ­րե­նի­քը հե­ռո­ւէն սի­րել յու­զում է, այդ յու­զու­մը ո՛չ են­թա­կան եւ ո՛չ ալ ու­րի­շը կ’ան­հանգս­տաց­նէ:

Հայ­րե­նի­քի տի­րու­թիւ­նը ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ի­րա­ւու­թիւն է: Ա­րե­ւել­քի ի­մաս­տու­նին պէս հե­ռո­ւէն մո­մի լոյ­սով ջեր­մա­նա­լու ա­ռաս­պե­լին չի նմա­նիր:

Հա­յաս­տան-Ար­ցախ տա­րած­քի տի­րու­թիւ­նը բնա­կու­թեամբ կ’ըլ­լայ: Թող աշ­խար­հա­գէտ­նե­րը ը­սեն, թէ քա­նի՞ միլիոն մարդ կրնայ բնա­կիլ այդ տա­րած­քին վրայ եւ այ­սօր ի՞նչ է այդ տա­րած­քի բնա­կիչ­նե­րուն թի­ւը: Եւ քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը, ներ­սի եւ դուր­սի, թող ը­սեն, թէ նօս­րա­ցած բնակ­չու­թեամբ ինչ­պէ՞ս հայ­րե­նի­քի տէր պի­տի մնանք, ինչ­պէ՞ս հայ­րե­նիք պի­տի պա­հենք:

Զ­գա­ցա­կան-ճա­ռա­յին-բա­րե­սի­րա­կան հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը այդ­քա՛ն է միայն, հա­մեմ է: Այլ խօս­քով, այ­սօր ներ­սի եւ դուր­սի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը պէտք է չա­փել եւ դա­տել հայ­րե­նալքման-հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան ի­րենց ու­նե­ցած դիր­քո­րո­շու­մով եւ բե­րած լու­ծում­նե­րով:

Հե­տաքրք­րա­կան պի­տի ըլ­լար ի­մա­նալ, թէ այս կամ այն կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, կամ՝ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, անց­նող տա­րի կամ տաս­նա­մեա­կին, քա­նի՞ հա­յու հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան պայ­ման­նե­րը ստեղ­ծե­ցին: Հա­յաս­տան ընտ­րա­պայ­քար­նե­րու ըն­թաց­քին այս հար­ցով ա­ռա­ջադ­րանք­ներ չե­ղան, դուր­սի զան­գո­ւած­նե­րը (ե­թէ այդ­պէս բան գո­յու­թիւն ու­նի) կը քնա­նան եւ զա­նոնք կը քնաց­նեն ցե­ղաս­պա­նու­թիւն-ճե­նո­սայտ յան­կերգե­լով, չսպա­ռող խօս­քի դրա­մագ­լուխ, կամ՝ տե­ղա­կան մա­կար­դա­կով մե­րուած ըլ­լա­լու փաս­տը տա­լու հա­մար կը հե­տապնդենք այս կամ այն թա­ղա­պե­տա­կան ա­թո­ռակ մը կամ այլ ա­թոռ­ներ:

Մեր գու­նա­գեղ զբօ­սաշր­ջա­յին եւ խրախ­ճա­նա­յին ի­րա­րան­ցում­նե­րէն հե­ռա­նա­լով ին­չո՞ւ չենք դի­տեր մեր ան­մի­ջա­կան ժա­մա­նա­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցող բնակ­չու­թիւն­նե­րու տե­ղա­փո­խու­թեան յա­րա­շարժ ա­լի­քը, որ ոչ հե­ռու ա­պա­գա­յին պի­տի փո­խէ նոյ­նիսկ մեծ հա­մա­րո­ւած եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քակր­թա­կան-մշա­կու­թա­յին դի­մա­գի­ծը: Եւ Հա­յաս­տա­նի շուրջ չի­նա­կան պա­րիսպ չկայ:

Նօս­րա­ցած հայ բնակ­չու­թեամբ հայ­կա­կան տա­րածք­նե­րը բաց պի­տի ըլ­լան բազ­մա­թիւ պատ­ճառ­նե­րով յա­ռա­ջա­նա­լիք ժա­մա­նա­կա­կից ա­ճող եւ անզսպե­լի գաղ­թա­կա­նա­կան ա­լի­քին առ­ջեւ, որ կրնայ հա­յու­թիւ­նը իր հայ­րե­նի­քին մէջ փոք­րա­մաս­նու­թեան վե­րա­ծել, ե­թէ հայ­րե­նալ­քու­մը չկա­սի եւ չկազ­մա­կեր­պո­ւի հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւ­նը:

Հա­յուն նոր ո­րա­կով հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը եւ քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ջադ­րան­քը վե­րաբ­նա­կե­ցում-տի­րու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ եւ չէ: Տա­րին քա­նի մը ան­գամ թի­ւեր կը տրո­ւին, ինչ­պէս կ’ը­սո­ւի, «միկ­րա­ցիա»ի մա­սին, եւ կար­ծէք` ոչ ոք կ’ան­հանգս­տա­նայ, ար­դա­րա­ցում­ներն ալ ան­պա­կաս են: Եր­բեմն կը մտա­ծեմ, որ պերճ հիւ­րա­նո­ցի փո­խա­րէն` կա­րե­լի չէ՞ վերս­տին բա­նեց­նել գոր­ծա­րան մը, գոր­ծա­րան­ներ կա­յին, իւ­րա­քան­չիւ­րը` իր հա­զար եւ ա­ւե­լի աշ­խա­տա­ւոր­նե­րով, ինչ որ կը նշա­նա­կէ` հա­զար եւ ա­ւե­լի ըն­տա­նիք: Ե­րե­ւա­նի մէջ եւ շուրջ, նաեւ գիւ­ղե­րու մէջ, հա­զար ու մէկ գի­շեր­նե­րու ա­պա­րանք­նե­րը յի­շեց­նող ա­ռանձ­նա­տու­նե­րու իւ­րա­քան­չիւ­րին գու­մա­րով կա­րե­լի է գիւ­ղատն­տե­սա­կան միա­ւոր­ներ ստեղ­ծել, որ­պէս­զի մար­դիկ Լոս, Չե­լիա­պինսք կամ Նոր­վե­կիա չեր­թան: Ո՛չ Մոս­կո­ւան եւ ո՛չ ալ Լո­սը հա­յու հայ­րե­նիք են, պի­տի չըլ­լան, եւ ինչ­պէս բո­լոր մեծ քա­ղաք­ներ հաս­տա­տո­ւող գաղ­թա­կան­նե­րու պա­րա­գա­յին, այդ ոս­տան­նե­րը ի­րենց ինք­նու­թեան գե­ղե­ցիկ գե­րեզ­ման­նե­րը պի­տի ըլ­լան, ուր դեռ ժա­մա­նակ մըն ալ եր­գիչ-նո­ւա­գա­ծու­ներ կամ թա­տե­րա­կան-աս­մուն­քող­ներ շա­բա­թա­վեր­ջի աղ­մուկ պի­տի ստեղ­ծեն:

«­Հա­կակշ­ռո­ւած» հայ­կա­կան լրատուա­մի­ջոց­նե­րը, ներ­սը եւ դուր­սը, ան­մի­ջա­կան շա­հախնդ­րու­թիւն­նե­րը եւ մար­դոր­սա­կան ճապ­կում­նե­րը գե­րան­ցե­լով` ին­չո՞ւ հայ­րե­նալ­քում-հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւն հիմ­նա­հար­ցը լու­սա­բան­ման եւ պայ­քա­րի ա­ռանցք չեն դարձ­ներ:

Մի՞­թէ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան վե­րա­բե­րում է գաղ­թա­կան դար­ձած սու­րիա­հա­յու­թիւ­նը ա­մե­րի­կեան ցա­մա­քա­մա­սի այս կամ այն քա­ղա­քը տա­նիլ ա­պա­հո­վու­թեան եւ բա­րօ­րու­թեան հա­մար, երբ կայ Հա­յաս­տան-Ար­ցա­խը: Ան­մի­ջա­կան օ­րի­նակ էր: Եւ ին­չո՞ւ այդ հա­յու­թիւ­նը հոն պի­տի չեր­թայ, այ­լա­պէս կա­րե­ւոր հար­ցում է, ո­րուն պա­տաս­խա­նը այ­լա­պէս ցաւց­նող կրնայ ըլ­լալ, յի­շեց­նե­լով, որ գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան դա­տար­կու­թիւն կայ:

Ո՞վ կամ ո­րո՞նք պի­տի ստեղ­ծեն հա­մազ­գա­յին ի­րաւ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը, որ­պէս­զի այ­լեւս հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը չշփո­թո­ւի բա­րե­սի­րու­թեան, հա­յա­սի­րու­թեան եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան հետ, Հա­յաս­տա­նի հա­յը, նոյ­նիսկ հան­գա­մա­նա­ւոր, դադ­րի իր աչ­քը դէ­պի Լոս յա­ռե­լէ եւ Ե­րե­ւան նստած, ա­պա­հո­վու­թեան հա­մար «Գ­լեն­տել» տուն գնե­լէ եւ դրամ փո­խադ­րե­լէ:

Այդ ի­րաւ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան կը հան­դի­պինք եր­բեմն ան­հա­տա­կան եւ միա­ւոր­նե­րու մա­կար­դա­կին, երբ հայ հա­րուս­տը Ա­մե­րի­կա­յի իր գեր-հան­գիստ պայ­ման­նե­րը ձգե­լով` Հա­յաս­տան կու գայ քա­ղաք կա­ռու­ցե­լու եւ աշ­խա­տանք ստեղ­ծե­լու հա­մար, կամ՝ Լի­բա­նա­նի հայ­կա­կան աղ­քատ թա­ղա­մա­սի տղան, որ գիւ­ղի մը մէջ կը հաս­տա­տո­ւի, իր աշ­խա­տան­քը ստեղ­ծե­լով, զա­ւակն ալ կը ղրկէ իր տան դի­մաց գտնո­ւող դպրո­ցը: Այս տղան եր­բեք հե­ռա­տե­սի­լէն պի­տի չխօ­սի, թիկ­նա­պահ­նե­րով սրահ պի­տի չմտնէ ճառ խօ­սե­լու հա­մար, գլուխ պի­տի չջար­դէ հան­գա­մանք որ­սա­լու հա­մար: Ան գիր­քի մը մէջ, թեր­թի մը ճա­կա­տին գրո­ւած մե­ծա­տառ գո­վեր­գու­թիւն չէ, կեն­դա­նի գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն է…

Ով զունկն ու­նէի, լո­ւի­ցէ, պի­տի ը­սէին գրա­բա­րով խօ­սող մեր ի­մաս­տուն­նե­րը…

Այ­սօր մեր նա­մակ­նե­րը, ա­տե­նագ­րու­թիւն­նե­րը, գիր­քե­րը, ճա­ռե­րը կը դառ­նան օ­տա­րա­լե­զու, Հա­յաս­տան եւ սփիւռք­ներ, ի՞նչ ը­նե­լու հա­մար, ո՞ր սնա­փա­ռու­թիւ­նը բա­ւա­րա­րե­լու հա­մար…հա­յալք­ման այլ փաստ մըն ալ տա­լով:

Հայ­րե­նալ­քում-հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւն ե՞րբ ի­րաւ օ­րա­կարգ պի­տի ըլ­լան, որ­պէս­զի հե­ռո­ւի մո­մի լոյ­սով ջեր­մա­ցող հայ­րե­նա­սի­րա­կան զե­ղում­նե­րը դառ­նան հայ­րե­նա­տի­րու­թիւն… Այս կ’ըլ­լայ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն, կը փո­խա­րի­նէ ճո­ռոմ քա­ղա­քա­կան ճա­ռե­րը եւ ե­րե­ւե­լիա­կան ծա­ռա­յա­միտ եր­թե­ւե­կը:

Ներ­սը եւ դուր­սը, հայ­րե­նա­տի­րու­թիւ­նը փու­չիկ չէ, ձրի չէ, իր գի­նը ու­նի:

ԱԶԱՏՕՐ
http://azator.gr

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail