Անդրադարձ – Սլաք. Ծիծաղելիութիւնը Սահման Չի Ճանչնար… – Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
06 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հայաստանի իշխանութիւններուն ծիծաղելիութիւնը (դուք կրնաք ըսել նաեւ անմտութիւնը, անհեթեթութիւնը կամ այլ) սահման չի ճանչնար եւ իւրաքանչիւր օրուան հետ նոր ողբերգութեամբ մը «կը հարստանցնէ» մեր նորագոյն պատմութիւնը:
Նորագոյն գիւտը. պատերազմի օրերուն կորսուած նկատուողներուն՝ սպանեալ կամ գերի ինկած զինուորներուն մասին տեղեկութիւն տալը կարելի չէ (եղեր), որովհետեւ մէկուն խելապատիկէն ծներ է, թէ սա… պետական գաղտնիք է:
Սկսելու համար, կրնանք, ուրեմն, ըսել, որ մինչեւ հիմա հրապարակուած անուններն ու թիւերը պետական գաղտնիքներու բացայայտում էին, որուն համար չենք գիտեր թէ ո՞վ որմէ՞ հաշիւ պիտի պահանջէ, դատական հետապնդումի պիտի ձեռնարկէ: Ուրեմն, բանակին ու հայրենիքի պաշտպանութեան համար զաւակ-հարազատ նուիրաբերած, պատերազմի դադրեցումէն մօտաւորապէս 2 ամիս անց՝ շատերէ տեղեկութիւն չունեցող եւ ամէն օր բանակին, պաշտպանութեան նախարարութեան ու կառավարական այլ սպասարկութեանց դուռները մաշեցնող ծնողները անիրաւ են (եղեր), որովհետեւ կը պահանջեն պետական գաղտնիքներու բացայայտումը: Վաղը, անոնք կրնան դատական հետապնդումի ենթարկուիլ եւ դասուիլ… «նախկիններու» կամ «չար ընդդիմադիրներու» ցանկին:
Փոխանակ ըսելու, որ սիրելի ցաւակիր ծնողներ, հարազատներ, հայրենիքի զաւակներ. հիմա մեր բազում (չ)արժանիքներուն հետեւանքով մատնուած ենք ամէն բան տուողի, ամէն իմաստով պարտուածի վիճակին, կարող չենք Ազրպէյճանին պարտադրել, որ յարգէ իր ստորագրած համաձայնութեան այս կէտը, թէեւ մենք կը գործադենք համաձայնութեէնէն շատ աւելին, անկարողութեան (չըսելու համար թէ անգործութեան) մատնուած ենք այս հարցը միջազգային իրաւասու մարմիններու եւ կազմակերպութեանց միջոցով տեղ հասցնելու՝ ահա կը կատարուի նոր «գիւտ» մը, որ քիչ մը արքիմետեսեան բոյր ունի: Ուրեմն, «լռեցէ՛ք եւ ձեր տեղը նստեցէք. չենք կրնար պետական գաղտնիք բացայայտել»: Ո՞վ որո՞ւ վրայ կը խնդայ…
***
Հարցում. ինչո՞ւ կը վախնան նման «գաղտնիքի» մասին խօսելէ: Ինչո՞ւ չվախցան 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրը ԳԱՂՏՆՕՐԷՆ ստորագրելէ… Ինչո՞ւ քաջութիւնը ունեցան, գրաւորին կողքին՝ ԳԱՂՏՆՕՐԷՆ բանաւոր համաձայնութիւններ տալու, եւ ահա ամէն օր կ’իմանանք, թէ (Արցախի մեծ մասը «մարսելէ» ետք) ազերիները պատառ-պատառ կը յօշոտեն նաեւ Սիւնիքը, դանակները կը սրեն հասնելու Տաւուշ, Գեղարքունիք, Ջերմուկ եւ այլուր: Անո՞նք ալ «պետական գաղտնիք» էին-են, եւ ժողովուրդը իրաւունք չունի՞ գիտնալու, թէ վաղը, ազերի զինուորը ո՞ր գիւղի դրան առջեւ պիտի կանգնի եւ իր դրօշակը ծածանելով՝ «սըրփրա՜յզ» պիտի բացագանչէ, բնակիչներուն «աւետելով», որ իրենց «Ճի. Փի. Էս.»-ները գտած են, թէ այդ գիւղը կամ անոր կէսը իրենց կը պատկանի…
Իսկապէ՛ս որ յետ-10 Նոյեմբերի Հայաստանին մէջ, հասկացութիւնները նոր սահմանում կը գտնեն, եւ մարդիկ պէտք է վարժուին ամէն տեսակ զիջումի, կորուստի, բացատրութիւն-լուսաբանութիւն չպահանջեն կորսուած կամ նահատակուած զինուորներու մասին, որովհետեւ կան… անհպելի պետական գաղտնիքներ:
Կամ արդեօք պետական «հանճարները» սկսած են անդրադառնա՞լ, թէ իրենց անատակութեան հանդէպ հանդուրժողութիւնը սպառած է, թէ՝ ժողովուրդը, եւ ո՛չ միայն ընդդիմադիր հռչակուած կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները ամէն օր կը բացագանչեն. «Կը բաւէ՜, վե՛րջ տուէք ապիկարութեան եւ առիթ տուէք, որ բանիմաց մարդիկ փորձեն բան մը փրկել, փորձեն վերականգնել ձեր քանդածը…»: Բաւարար չէ ըսել, որ «կրակը ինկած տեղը կ’այրէ» (այսինքն՝ միայն որդեկորոյս ծնողները կը ճենճերէ), որովհետեւ կրակը, Արցախը լափելէ ետք, սկսած է ճարակել Հայաստանը:
5 Յունուար 2021
aztagdaily.com/archives/495102