Եւ մենք պիտի մնանք փոքր, մանկապարտէզի մակարդակի քաղաքական ղեկավարութեամբ՝ իշխանութեան մէջ եւ իշխանութենէն դուրս – Րաֆֆի Տուտագլեան

Րաֆֆի Տուտագլեան

ԽՕՍՈՂԸ ՈՒԺՆ Է – Եւ մենք պիտի մնանք փոքր, մանկապարտէզի մակարդակի քաղաքական ղեկավարութեամբ՝ իշխանութեան մէջ եւ իշխանութենէն դուրս – Րաֆֆի Տուտագլեան

09 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ: – Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Րաֆֆի Տուտագլեան

ԽՕՍՈՂԸ ՈՒԺՆ Է

Արցախի հողերը Ադրբեջանին տալը արդարացնողները, որոնք ի դէպ, ոչ միայն այսօրուան իշխանութիւններու շրջանակներէն են, այլ նաեւ՝ «Մատրիտ» եւ «Կազան» բանակցած նախկիններէն, շարունակաբար կը պնդեն, որ կարելի չէ «դէմ գնալ» միջազգային օրէնքին եւ պարտադրաբար փոխել միջազգայնօրէն ճանչուած սահմանները։ Միջազգային հանրութիւնը, կ՚ըսեն անոնք, պիտի չընդունի ոեւէ փոփոխութիւն եւ ոչ մէկ աջակցութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին, որովհետեւ օրէնքը Ադրբեջանի կողմն է։

Սա, ի հարկէ, ունի ինչ որ տրամաբանութիւն։ Բայց Հայաստանին չօգնելու, Ադրբեջանի յարձակումներուն եւ ոճիրներուն առջեւ աչք փակելու միջազգային հանրութեան ոչ-հայանպաստ կեցուածքը միայն «միջազգային օրէնքո՞վ» պայմանաւորուած է: Բնականաբար՝ ոչ։

Օրէնքը մեր դէմ կամ մեզի ի նպաստ կը գործածուի՝ երբ այդպէս կը պահանջեն մեծ ուժերու շահերը։ Օրէնքի անունով խօսող մեծ պետութիւնները այս պատերազմին Ադրբեջանի կողմն էին, պարզապէս որովհետեւ այդպէս կը պահանջէին իրենց շահերը։ Մնացածը՝ օրէնք, միջազգային սահմաններու անձեռնմխելիութիւն եւայլն, պատրուակներ են, ուրիշ ոչինչ։

Միջազգային խաղերու ոտնատակ չերթալու միակ ճամբան ռազմական եւ տնտեսական հզօր ուժ ըլլալն էր։ Ադրբեջանը անցնող 20 տարիներու, իր նավթով եւ գազով դարձաւ տնտեսական կարեւոր գործօն, կրցաւ նաեւ ապահովել ռազմական մեծ ուժ։ Իսկ Հայաստանը անցնող 25 տարիներուն ի՞նչ իրագործեց՝ բաղդատած Ադրբեջանի։ Ո՞ր երկիրներու համար դարձաւ տնտեսական անփոխարինելի գոծօն, որքա՞ն մեծ ռազմական ուժ ունեցաւ, ո՞ր երկիրները կարիք ունէին Հայաստանի արտադրութիւններուն, ո՞ր երկիրները ռազմական մեր ուժին առջեւ կը դողային։

Թուրքիան 1974-էն ի վեր գրաւած կը պահէ Կիպրոսի մէկ կարեւոր մասը, իսկ ի՞նչ կրցած է ընել միջազգային հանրութիւնը վերականգնելու համար Կիպրոսի իրաւունքներն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։ Ըրած են ոչինչ։ Պարզապէս որովհետեւ միջազգային օրէնքը կոպտօրէն խախտած Թուրքիան հսկայ ուժ է եւ անփոխարինելի գործընկեր՝ մեծ ու փոքր բազմաթիւ պետութիւններու համար։

Իսրայէլը բռնակցած է սիրիական Կոլանն ու Պաղեստինը, եւ ու՞ր են միջազգային օրէնքի պաշտպանները, ի՞նչ կ՚ընեն ամէն օր ամէն տեսակի բռնաբարումներու ենթարկուող պաղեստինցի ժողովուրդի միջազգայնօրէն ճանաչուած իրաւունքներու պաշտպանութեան համար։ Ոչինչ կ՚ընեն, որովհետեւ այդպէս կը պահանջեն մեծերու շահերը։

Արեւմուտքը Քոսովոն անջատեց Սերբիայէն, մոռնալով միջազգային սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքը, անտեսելով Ռուսաստանի բողոքներն ու սպառնալիքները։ Ով ի՞նչ կարողացաւ ընել։

Ռուսաստանը բռնակցեց Աբխազիան եւ Օսեթիան, ով ի՞նչ ըրաւ միջազգային օրէնք պահպանելու համար։ Ռուսաստանը մտաւ Ուքրանիա եւ բռնագրաւեց Խրիմը։ Եղան բողոքներ եւ պատժամիջոցներ, իսկ յետո՞յ…

Իսկ 1991-ին, երբ Սատտամ Հուսէյն ներխուժեց Քուէյթ, Ամերիկան անմիջապէս միջազգային կոալիցիա ստեղծեց Իրաքի դէմ, որովհետեւ այդպէս կը պահանջէին արեւմուտքի շահերը։ Իսկ 2001-ին, ի՜նչ սուտեր ըսես չխօսեցան ամերիկացիները՝ դարձեալ Իրաք ներխուժելու համար։ Մասսայական բնաջնջման զէնքեր, աթոմային ռումբ ու հազար այլ պատրուակներով՝ մտան Իրաք ու ոչ ոք հաշիւ պահանջեց, երբ ջուրի երես ելան ամերիկեան սուտերը։ Ինչու՞, պարզ մէկ պատճառով՝ Ամերիկան հզօրագոյն ուժ է եւ հետը խաղ չըլլար…

Օրէնք, իրաւունք եւ այլ այսպէս քաղցր բառեր սիրուն են, բայց վերջաւորութեան ուժն է խօսողը, շահն է թելադրողը։

Իսկ մենք 1994-էն ի վեր որու՞ համար դարձած ենք անփոխարինելի շահ ներկայացնող պետութիւն։ Տարածաշրջանի մէջ որքա՞ն հզօր ռազմական ուժ դարձած ենք։ Ո՞ր երկիրը կախեալ եղած է մեր տնտեսութենէն, մեր արտադրութիւններէն…

Հիմա աւելորդ-պակաս խօսելու փոխարէն, աջ ու ձախ զիրար մեղադրելու փոխարէն, աշխարհի բոլոր մեղքերը այս կամ այն կողմին, այս կամ այն մարդու ուսերուն վրայ դնելու փոխարէն, ճիշդ կ՚ընենք եթէ նստինք եւ վերլուծենք թէ ինչու՞ տարածաշրջանին մէջ մենք չկրցանք դառնալ անփոխարինելի ռազմավարական արժէք, նկատառելի ուժ, տնտեսական գործօն…

Այլ ձեւ կարելի՞ էր զարգանալ։ Ու՞ր սխալեցանք եւ ի՞նչ կրնայինք իրագործել, որ չըրինք։

Եթէ մենք մնանք քաղաքական վէճի մանկապարտէզային այս մակարդակին վրայ, եթէ մեր նպատակը վենտեթան է եւ աթոռ խլելը կամ պահելը, մոռնանք ուրեմն ամէն ինչ։ Որովհետեւ շուտով մեր ներքին վէճերը պիտի դառնան արտաքին ուժերու շահարկման առարկայ։

Եթէ չեն դարձած արդէն…

Եւ մենք պիտի մնանք փոքր, մանկապարտէզի մակարդակի քաղաքական ղեկավարութեամբ՝ իշխանութեան մէջ եւ իշխանութենէն դուրս։

The Mountain Lions, The defense army of the Republic Artsakh
Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail