«Մեր հողը պահողներուն համար, ամէն ինչով օգնելու պատրաստ ենք» Պարոյր Հարմանտայեան
12 Յունուար 2021 – ՀԱՐ կազմակերպութիւնը կը մերժէ այս համաձայնագիրը, կազմակերպութիւնը հայերու ի նպաստ շահ չի տեսներ ոչ ներկայի ոչ ալ ապագայի համար –
Օրերս «Արեւելք» կապ հաստատեց Փարիզ հաստատուած մեր հայրենակիցներէն՝ Պարոյր Հարմանտայեանին հետ, որ վերջերս դիմատետրի միջոցով դրամահաւաք կազմակերպած էր յօգուտ Աղաւնոյ գիւղի հայորդիներուն։
Ան անդրադառնալով Աղաւնոյի բնակիչներուն օգնութեան ձեռք մեկնելու պատմութեան մասնաւորապէս ըսաւ ՝ «Երբ համացանցով լուրերուն կը հետեւէի, տեսանիւթի մը մէջ տեսայ երիտասարդ կամաւոր մը, որ կը խօսէր Աղաւնոյ գիւղի բնակիչներուն մասին, նկատի առի, որ այդ երիտասարդ տղուն դէմքը շատ ծանօթ էր, ճիշդ է մազերը երկար էին, մօրուքով էր եւ այլն:
Սկիզբը անմիջապէս չճանչցայ, բայց մէկ երկու օր մտածելէ ետք, յիշեցի զինք, իմ մանկութեան ընկերս էր Լիբանանէն: 15 տարի առաջ մեր կապը կտրուած էր, երբ ես Ֆրանսա տեղափոխուած էի:
Յիշեցի անուն մականունը եւ դիմատետրի միջոցով գտայ զինք ու կապ հաստատեցի հետը: Ան պատմեց թէ ինչպէս ինք Աղաւնոյ գիւղ հասած է:
Պէյրութի պայթումի հետեւանքով իր տունը փլատակ ըլլալէն ետք, փոխադրուած է Արցախ, Աղաւնոյ գիւղ, ու 27 սեպտեմբերի սկսած պատերազմէն ետք, ինք այնտեղի գիւղացիներուն հետ այդ ճգնաժամին մէջ մնացած է:
Նիւթական նեղութիւններու մէջ էին, ելեքդրականութիւն չկար, սնունդի հարց ունէին, եւ ամէն տեսակ դժուարութիւն կար, քանի որ գիւղը շրջապատուած էր ազերիներով: Հողամասեր կային, որ ազերիներուն պիտի յանձնէին: Իրենց հողամասն ալ վտանգի տակ էր, բայց ինք որոշած էր հոն մնալ:
Հետեւաբար ես ուզեցի իմ աջակցութիւնս բերել, եւ մտածեցի այս քայլին դիմել եւ դիմատետրի միջոցով «Fond raise» (դրամահաւաք) կազմակերպել, նշանակէտը դնելով 1000 եւրոյի գումար մը: Դրամահաւաքը սկսաւ 25 դեկտեմբերին եւ 3 օր անց արդէն գումարը անցած էր 1000 եւրօն:
Հետեւաբար նշանակէտը բարձրացուցի 2000 եւրոյի, եւ 3 յունուարին հաւաքուած գումարը այդ թիւն ալ անցաւ , կրկին եւ վերջին անգամ բարձրացուցի գումարը մինչեւ 2500-ի եւ վերջնական գումարը հաւաքուեցաւ մօտաւոր 2260 եւրօ, եւ դրամահաւաքը փակեցի, որովհետեւ որոշուած նախնական գումարի կրկնապատիկը անցած էինք:
Անշուշտ այս դրամահաւաքին մէջ մեծ օգնութիւն ցուցաբերեցին բարեկամներս, մտերիմներս, որոնք աջակցեցան այս առած քայլիս: Նաեւ «Ռատիօ եան»ը , որ քաջալերեց զիս, որպէսզի ապահովենք մեր նշանակած գումարը։
Ես ուզեցի մեր ընկերոջ աջակցիլ, նախ որովհետեւ իմ մակութեան մտերիմ ընկերներէս էր, եւ երկար ժամանակէ ի վեր կապ չկար մեր միջեւ, երկրորդ որովհետեւ կ’ուզէր Ղարաբաղ մնալ եւ չլքել Աղաւնոն:Եւ այնքան ատեն, որ մարդիկ կը փափաքին այնտեղ մնալ, պէտք է աջակցինք: Ի վերջոյ մարդիկ այդ հողին կառչած պէտք է մնան»:
arevelk.am/am/content/2/5532/«Մեր-հողը-պահողներուն-համար,-ամէն-ինչով-օգնելու-պատրաստ-ենք»-Պարոյր-Հարմանտայեան.html?