Հայաստանը 13րդն է Ք.Ա.Կ.PKK-ին օժանդակող երկիրներու թրքական ցանկին վրայ

11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Թր­քա­կան իշ­խա­նա­մէտ «­Սա­պահ» թեր­թը հրա­պա­րա­կած է ցան­կը այն եր­կիր­նե­րուն, ո­րոնք իբ­րեւ թէ կ­՛ա­ջակ­ցին Քր­տա­կան Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան (Ք.Ա.Կ.-PKK): Ցան­կին մէջ ա­ռա­ջին դիր­քի վրայ է Ռու­սիան, որ ըստ նոյն օ­րա­թեր­թին՝ Ք.Ա.Կ.ին կը մա­տա­կա­րա­րէ «RPG» տի­պի նռնա­կա­նետ­ներ, 60 մմ. ա­կա­նա­նետ­

ներ, զի­նամ­թերք, հե­ռա­կա­ռա­վա­րո­ւող ա­կան­ներ, գի­շե­րա­յին տե­սո­ղու­թեան սար­քեր եւ «­Քա­լաշ­նի­քով» տե­սա­կի գնդա­ցիր­ներ: «Անգ­լիա իր բեռ­նա­փո­խադ­րող օ­դա­նա­ւե­րով Ք.Ա.Կ.ին կը մա­տա­կա­րա­րէ ա­կա­նա­նետ­ներ, իսկ Ք.Ա.Կ.էն գրա­ւո­ւած գնդա­ցիր­նե­րուն մէկ մա­սը բրի­տա­նա­կան ար­տադ­րու­թիւն է»,- կը պնդէ «­Սա­պահ»: Գեր­մա­նիան, ըստ օ­րա­թեր­թին, հրթիռ­ներ կը մա­տա­կա­րա­րէ Ք.Ա.Կ.ին, ինչ­պէս նաեւ կը մար­զէ Ք.Ա.Կ.ի ան­դամ­նե­րը: Ք.Ա.Կ.ին օ­ժան­դա­կող­նե­րու շար­քին կը նշո­ւին նաեւ Ի­տա­լիա, Չի­նաս­տան, Ս­պա­նիա, Իս­րա­յէլ, Սու­րիա, Ի­րաք, Հո­լան­տա, Պել­ճի­քա, Յու­նաս­տան, Ֆ­րան­սա, Դա­նիա եւ Սեր­պիա: Ցան­կին մէջ 13րդ դիր­քին վրայ է Հա­յաս­տան: Թր­քա­կան իշ­խա­նա­մէտ թեր­թը նաեւ կը գրէ, թէ Ք.Ա.Կ.ի ան­դամ­նե­րը «ա­հա­բեկ­չա­կան կրթու­թիւն» կը ստա­նան Հա­յաս­տա­նի հե­տա­խու­զա­կան ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րուն կող­մէ:
ԱԶԱՏՕՐ
http://azator.gr

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail