Չաւուշօղլու. «Եթէ Զինադադարը Երկարաժամկէտ Ըլլայ, Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Կրնան Քայլերու Ձեռնարկել Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Համար»
19 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2021 – ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ. Աւելի լաւ է, դուք ձեզ կարգաւորեք եւ հայկական հողերէ հեռանալ.
19 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: /Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին — Հայաստան պետության եւ Ադրբեջանի Հանրապետության միջեւ սահմանի (սահմանազատման) վերաբերյալ/
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հաստատած է Երեւանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Անգարայի մտադրութիւնը եւ նշած, թէ ատիկա ո՛ր պարագային տեղի պիտի ունենայ: «Վեսթնիք Քաւքազա» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին թրքական դիւանագիտութեան պետը յայտնած է իր գերմանացի պաշտօնակից Հայքօ Մաասի հետ տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Չաւուշօղլու յիշատակած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ձեռք բերուած զինադադարի դրութիւնը` ստեղծուած իրավիճակը կոչելով «լաւ կարելիութիւն»:
«Եթէ զինադադարը երկարաժամկէտ պիտի ըլլայ, Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կրնան քայլերու ձեռնարկել Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար: Մենք Ազրպէյճանի հետ միասին պիտի համակարգենք այդ հոլովոյթը», աղբիւրին համաձայն` ըսած է թուրք նախարարը:
aztagdaily.com/archives/496294