Հայուն Փրկութիւնը Իր Խելքին Մէջ Է – Եթէ պատերազմը պարտուեցանք, բայց` դէմ կեցանք քանի մը հսկայ երկիրներու եւ անոնց հսկայ բանակներուն

«Հայուն Փրկութիւնը Իր Խելքին Մէջ Է». Դոկտ. Հ. Ճէպէճեան

21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Հայրս դեղագործ էր, բայց երաժշտութիւնը եւ արուեստը իր ամբողջ աշխարհն էին: Երաժշտութեան հանդէպ իր սէրը բոլորովին տարբեր էր: Ան երկար տարիներ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայկական թէ այլ երաժշտական համոյթներու մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ` երգչախմբային թէ երաժշտական նուագարաններու կատարողութեամբ:

Հօրս բարեկամները նոյնպէս երաժշտասէր, մտաւորական եւ կրթական առաքելութեան նուիրուած անձինք էին: Հօրս բարեկամները կը ճանչնայի, քանի որ կար հաճելի եւ կրկնուող սովորութիւն մը: Կիրակի կէսօրէ ետքերը մեր բնակարանը` Էշրեֆիէ, Պէյրութ, բոլորին հանդիպման վայրն էր: Տարիքային տարբերութիւններ կային, բայց այն, ինչ որ կը միացնէր զիրենք, մշակութային եւ մտաւորական հետաքրքրութիւններն ու խօսակցութիւններն էին: Խօսակցութիւններ, որոնք երբեմն ընդհանուր զարգացման մրցումի կը նմանէին եւ երբեմն ալ կը վերածուէին վիճաբանութեան:

Պատանի տարիքիս հօրս բարեկամները «ամմոներ»-ս էին: Բարեկամական այս շրջանակը կը դառնար ընտանեկան ընդարձակուած միաւոր մը, որ աւելիով կը հարստացնէր մեր կեանքերը: Կիրակի կէսօրէ ետքերու կրկնուող այս հաւաքներուն ներկայ կ՛ըլլայի, թէեւ` ոչ անպայման ամէն ինչ հասկնալով: Բայց կը լսէի եւ կը հետեւէի խօսակցութիւններուն, որոնք երեւի կեանքիս զարգացումներուն մէջ իրենց դրոշմը պիտի ձգէին:

Յովիկ Գոնտուրուճեանը հօրս բարեկամներէն մէկն էր: Շատ լաւ, զարգացած եւ բանիմաց անձ էր, նաեւ` հայկական ու համաշխարհային մշակութային, գրական եւ քաղաքական գիտելիքներու մեծ պաշար ամբարած: Յովիկը շատ լաւ մտիկ ընող էր: Թէ՛ շարժումներուն մէջ քիչ մը դանդաղ էր եւ թէ՛ ալ քիչ խօսող, այն աստիճան, որ հայրս զինք «սակաւախօս» կոչած էր: Կիրակի օր մը, ազգային եւ քաղաքական «տաք» զրոյցի մը ընթացքին Յովիկը դուրս եկաւ իր սակաւախօս հանգամանքէն եւ ընդմիջեց խօսակցութիւնները` ըսելով. «Հայուն փրկութիւնը իր խելքին մէջ է»: Այսօր, մօտաւորապէս յիսուն տարի ետք, Յովիկին այս խօսքը մասնաւոր իմաստ կը ստանայ:

9 նոյեմբեր 2020: Սեւ ու դժուար հասկնալի եւ ընդունելի թուական մը հայ ժողովուրդին համար` Արցախ, Հայաստան եւ սփիւռք: Արցախեան պատերազմի քառասուն եւ չորս օրերու հայկական բանակի զօրաւոր դիմադրութենէն ետք Հայաստան ստորագրեց նուաստացուցիչ եռակողմանի համաձայնագիր մը, որ վերջ պիտի դնէր կռիւներուն: Համաձայնագիրը ունեցաւ ոչ բարենպաստ անդրադարձ հայ ժողովուրդին համար եւ անոր անհասկնալի բովանդակութեան ետին կան կատարուած ու ծրագրուած իրականութիւններ: Արցախին մեծամասնութիւնը կորսուեցաւ` իբրեւ հետեւանք ռազմական գործողութիւններուն, իսկ մնացեալը յանձնուեցաւ համաձայնագիրի կէտերուն համաձայն: Կայ աւելին` մեծ թիւով հայ երիտասարդ զինուորներու նահատակութիւնը, աւեր եւ տեղահանուած բազմաթիւ հայ ընտանիքներ:

Հայ ժողովուրդը տխուր է, նեղուած է եւ` վրդոված: Այս բոլորին վրայ կը ծանրանայ անորոշութիւնը, թէ ի՛նչ պատահեցաւ: Հայը իր ցասումը կ՛արտայայտէ Հայաստանի ղեկավարութեան դէմ եւ կը պահանջէ իրականութեան բացայայտումը: Եթէ մէկ կողմէ` բողոքի ցոյցերով, միւս կողմէ` հրաժարականի պահանջով եւ, տակաւին, կը փորձէ գտնել յանցաւորներ եւ մեղաւորներ:

Մարդկային կիրքերն ու բարկութիւններն են, որոնք դուրս կու գան հայուն ներաշխարհէն: Այս բոլորը հասկնալի են: Տեղ մը ժողովուրդը դուրս պէտք է հանէ իր նեղութիւնը: Ու տակաւին, պատերազմի տարբեր ծալքերը եւ ստորագրուած համաձայնագրի (ան)յստակ իրականութիւնները պէտք է բացայայտուին եւ բացատրուին: Այս անխուսափելի է: Մեր հողերը անգամ մը եւս բռնագրաւուեցան, եւ մեր ազգային արժանապատուութիւնը դարձեալ ոտնակոխուեցաւ: Միեւնոյն ժամանակ պիտի անդրադառնանք, թէ Հայաստանի այս մթնոլորտը եւ տրամադրութիւնները պէտք չէ որ երկարին եւ մեզ աւելիով տարանջատեն` մեր ազգային, պետական եւ հայրենի կեանքերը անդամալուծելով: Տակաւին շատ գործ կայ իրագործելու: Պատերազմը տակաւին չէ աւարտած:

Անկախ պատերազմի հետեւանքէն եւ անոր պատճառած մարդկային ու տարածքային ահաւոր կորուստէն` հայ զինուորը պահեց եւ պահպանեց հայուն արժանապատուութիւնը: Մեր քաջարի հայ զինուորները եւ անոնց նահատակութիւնը աննպատակ չէր: Անոնք իրենց նահատակութեամբ փաստեցին, որ հայ ժողովուրդը իրաւունք ունի ապրելու, որ` այլեւս վերջացած է նահատակուելու հոգեբանութիւնը եւ անոր մէջ մնալու բարդոյթը: Մեր նահատակ տղաքը, անկախ պատերազմի արդիւնքէն, այս իրականութիւնն է, որ պաշտպանեցին` ի գին իրենց երիտասարդ կեանքերուն:

Հոս կայ շատ կարեւոր գրաւական մը:

Մարդկային զոհերէն եւ կորսնցուցած տարածքի իրականութիւններէն անդին` կայ անհրաժեշտութիւնը հեռու մնալու հոգեբանական բարդոյթի իրավիճակներէն ու կասկածներէն: Պիտի փորձենք հեռու մնալ եւ դէմ դնել մենք մեզի մեղքանալու եւ զոհի հոգեբանական վիճակներով մեր անձերը նսեմացնելու: Եթէ պատերազմը պարտուեցանք, բայց` դէմ կեցանք քանի մը հսկայ երկիրներու եւ անոնց հսկայ բանակներուն: Այս իրականութիւնը պէտք է օգնէ, որ բարոյալքումէ եւ հոգեբանական բարդոյթէ հեռու մնանք: Դժուար առաքելութիւն է, բայց ոչ անհասանելի եւ անկարելի:

Երեւանի մէջ բողոքի եւ զայրոյթի ցոյցերը շատ արագ պէտք է իրենց բարւոք հասկացողութեան հասնին: Բոլորս զգաստանանք ու համոզուինք, որ տակաւին երկար աշխատանքային ճանապարհ մը կայ մեր առջեւ: Այս ճանապարհին մէջ, որպէս հայ ժողովուրդ` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, պէտք է որ «խելքով» քալենք:

Ռազմական գործօնը` քառասուն եւ չորս օրերու վրայ երկարած, իր խօսքը ըսաւ: Գիտնալով հանդերձ, որ զինուորական ու ռազմական խաղաքարտը տակաւին կրնայ առկայ ըլլալ, բայց այնպէս կ՛երեւի, թէ ներկայի եւ հաւանաբար յառաջիկայ փուլի մեր քաղաքական ու ազգային պահանջները եւ իրաւունքները շատ աւելիով բանակցային եւ դիւանագիտական միջոցներով են, որ պիտի իրագործուին: Բանակցային եւ դիւանագիտական միջոցառումները պէտք ունին հայուն կազմակերպուած միտքին:

Յստակ կը դառնայ, որ արցախեան հիմնահարցը այսօր դուրս եկած է իր հայկական, ազգային եւ հողային պահանջատիրութեան պրիսմակէն` դառնալով տարածաշրջանի ու համաշխարհային քաղաքական եւ ռազմական սակարկութիւններու խաղաքարտ: Տարածաշրջանի տարբեր ուժեր ներգրաւուած են, իւրաքանչիւրը` իր օրակարգով:

Այս բոլոր իրավիճակներէն ու հանգամանքներէն մեկնելով, ըլլայ այդ ներհայկական, տարածաշրջանային թէ միջազգային, ահա կու գայ անհրաժեշտութիւնը` վերստեղծելու հայկական «խելքը»: Հոն, ուր կարելի պիտի ըլլայ մէկտեղել ու միասնականացնել հայկական միտքը, որպէսզի կարենայ պաշտպանել հայուն իրաւունքը: Զէնքը եթէ ներկայիս լռած է, բայց` երբեք խելքը: Նոյեմբեր 9-ի տխրահռչակ ու պարտուողական համաձայնագիրը վերջակէտ մը չէ: Ան համաձայնագիր մըն է, որուն մէջ տակաւին կան շատ մը առկախ ու (չ)յստակացած իրավիճակներ:

Այս օրերուն շատ ձայներ կան հայկական բեմահարթակին վրայ` մամուլ, տեսերիզ, հարցազրոյց ու, ի՛նչ խօսք, Դիմատետր: Անոնք մէկ կողմէ կ՛ողողեն մեր մտքերը վերլուծումներով եւ բացայայտումներով եւ միւս կողմէն` ապատեղեկատուութիւն կը կը տարածեն: Հայը պէտք ունի վերակազմակերպել իր «խելքը», որպէսզի ստեղծէ հասարակ յայտարարը մեր ազգային միասնականութեան եւ կազմակերպէ ազգային, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ոլորտներուն մէջէն հայուն կեանքը:

Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագիրը աղէտ է, բոլորս ալ գիտենք այդ մէկը: Բայց ինչպէս ժողովրդային ասացուածքը կ՛ըսէ. «Իւրաքանչիւր աղէտի մէջէն կրնայ նոր պատեհութիւն մը մէջտեղ գալ»: Հայը պիտի հաւատայ, որ այս աղէտէն նոր ազգային պատեհութիւն մը կրնայ մէջտեղ գալ: Պատեհութիւնը կու գայ, երբ կայ վերակազմակերպուած հայուն խելքը: Այն խելքը, որ կրնայ ստեղծել միասնականութեամբ դրոշմուած ազգային միտքը: Ազգային միտքը, որ հայուն կու տայ ապրելու եւ հայրենիք կերտելու ռազմավարութիւնը եւ իր իրաւունքը պահելու գրաւականը: Այս ազգային միտքը ուժ է, որ կը փրկէ:

«Հայուն փրկութիւնը իր խելքին մէջ է»:

Յովիկը մեկնեցաւ այս աշխարհէն, բայց իր խօսքը կը շարունակէ մնալ ապրող իրականութիւն:

yerakouyn.com/2021/01/21/հայուն-փրկութիւնը-իր-խելքին-մէջ-է-դո/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail