Ֆրանսահայերը Կը Միանան Ներգաղթեալները Ընդունելու Ազնաւուրի Կոչին

Ֆրանսահայերը Կը Միանան Ներգաղթեալները Ընդունելու Ազնաւուրի Կոչին

Ֆրանսահայերը Կը Միանան Ներգաղթեալները Ընդունելու Ազնաւուրի Կոչին
03 օգոստոս 2015
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը կը միանայ աշխարհահռչակ հայազգի շանսոնիէ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Շառլ Ազանուուրի` Եւրոպա ժամանող ներգաղթեալներուն Ֆրանսայի հեռաւոր գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ ընդունելու կոչին:

«Արցախփրես»-ը կը հաղորդէ՝ վկայակոչելով Nouvelles d`Armenie-ն, «Սուրիան, որ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն դարձաւ բազմաթիւ հայերու ապաստան, այսօր կը տեսնէ, թէ ինչպէս է իր ժողովուրդը բռնած է աքսորի ուղին: Չկայ օր մը, երբ սուրիացիները չփորձեն ապաստան գտնել եւ վերակագնել իրենց բնականոն կեանքը Եւրոպայի մէջ: Շառլ Ազնաւուր Սեպտեմբեր 1-ին կոչ ըրաւ Ֆրանսային իր ներդրումը բերելու փախստականներուն ապաստան տալու գործին: Փախստականները վտանգի եզրին են, սակայն այդ տղամարդիկ եւ կանայք ունին մեծ ներուժ` իրենց հմտութիւններով ու աշխատուժով: Ֆրանսայի հայ համայնքը, հաւատարիմ ըլլալով համերաշխութեան ոգիին Սուրիոյ ժողովուրդին հետ, որոնք իրենց դռները բացին 1915-1916 թուականներուն հայերուն առջեւ, չի կրնար անտարբեր ըլլալ անոնց նկատմամբ: Այսօրուան ներգաղթեալները կրնան Ֆրանսայի համար դառնալ այցեքարտ եւ անոնց հնարաւորութիւն տալու պարագային յաջողութեամբ ծառայել Ֆրանսային` տարբեր ոլորտներու մէջ: Ատոր համար ալ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը կը միանայ Շառլ Ազնաւուրի կոչին, որպէսզի իր ներդրումը բերէ փախստականներուն օգնութիւն ցուցաբարելու եւ գոյութիւնը պահպանելու գործին»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Շառլ Ազնաւուր հանդէս եկած է Եւրոպա ժամանող գաղթականներուն օգնելու կոչով: «Ես ծանր տառապանք կ՛ապրիմ, երբ կը տեսնեմ այդ մարդոց բազմութիւնները, որոնք կը թափառին իրենց երեխաներուն հետ: Բարեբախտաբար, ես անձամբ չեմ ճաշակած նման վիճակի դառնութիւնները, բայց վստահ եմ, որ անոնք բաժին հասած են իմ ներգաղթեալ ծնողներուս: Հարկաւոր է հոգ տանիլ անոնց ապագայի մասին, բարելաւել անոնց վիճակը»,- ըսած է Ազնաւուր:

Այդ առնչութեամբ ան յիշեցուցած է իր կողմէ արդէն առաջադրուած գաղափարին մասին, այն է` գաղթականները բնակեցնել Ֆրանսայի հեռաւոր բնակավայրերու, փոքր քաղաքներու ու գիւղերու մէջ, որոնք գործնականօրէն լքուած են տեղի բնակիչներուն կողմէ:

«Սյդպիսով, այդ բնակավայրերը կը համալրուին նոր ուժով: Այդ գաղթականներուն մէջ կան ամենատարբեր մասնագիտութիւններու տէր մարդիկ` բժիշկներ, մեքենագէտներ, հացթուխներ: Անոնց ջանքերը թոյլ կու տան այդ աւաններու մէջ վերաբանալ դպրոցները, նամակատնային բաժանմունքները»,- նշած է աշխարհահռչակ շանսոնիէն:

http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail