10-11 Յունուար 1920: Մարաշի հայութիւնը ինկաւ քեմալական զօրքի յարձակման տակ

marash-1920

11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
96 տա­րի ա­ռաջ, ­Յու­նո­ւար 10-11ի այս օ­րե­րուն, ­Կի­լի­կիոյ հա­յա­շատ կեդ­րոն­նե­րէն ­Մա­րա­շի մէջ, 1915ի տա­րագ­րու­թե­նէն եւ ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն մա­զա­պուրծ փրկո­ւած, այ­նու­հե­տեւ 1918ի ­Դաշ­նա­կից­նե­րու յաղ­թա­նա­կէն ետք հայ­րե­նի տուն վե­րա­դար­ձած հա­յու­թիւ­նը թիրախ դարձաւ քե­մա­լա­կան զօր­քի յար­ձա­կու­մին, հերոսաբար դիմադրեց եւ ի վերջոյ կրկին տեղահանուեցաւ։

­Մա­րաշ գա­ւա­ռի ա­ւե­լի քան 64 հա­զար հա­յե­րէն միայն 30 հա­զա­րը վե­րապ­րած էր թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած 1915ի ­Հա­յաս­պա­նու­թե­նէն, որ ըն­թա­ցաւ տա­րագ­րու­թեան կազ­մա­կեր­պու­մով՝ ծե­րու­նի­նե­րու եւ մա­նուկ­նե­րու, կի­նե­րու եւ պար­մա­նու­հի­նե­րու բռնի տե­ղա­հա­նու­թեամբ եւ աք­սո­րի ճամ­բուն վրայ… սպան­դով։

­Մա­րա­շի վե­րապ­րած հա­յե­րու պա­րա­գա­յին եւս, ա­նոնց կա­րե­ւոր մա­սը մաս կազ­մած էր ­Դաշ­նա­կից­նե­րու կող­մէ կեան­քի կո­չո­ւած կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րու ­Հայ­կա­կան ­Լե­գէո­նին՝ հե­րո­սա­բար կռո­ւե­լով ֆրան­սա­կան ու­ժե­րու կող­քին, ընդ­դէմ օս­մա­նեան եւ գեր­ման-կայ­սե­րա­կան զօր­քին։

Իսկ երբ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ եւ Ֆ­րան­սա­յի մի­ջեւ 1918ին կնքո­ւե­ցաւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը ա­նոնց «հո­գա­տա­րու­թեան» են­թա­կայ գօ­տի­նե­րու բաժ­նող ­Սայ­քըս-­Փի­քո­յի գաղտ­նի հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, ­Կի­լի­կիան յանձ­նո­ւե­ցաւ ֆրան­սա­կան իշ­խա­նու­թեանց։ Իսկ կրտսեր ­Դաշ­նա­կի­ցի կար­գա­վի­ճա­կին մէջ յայտնուած վե­րապ­րող հա­յու­թեան «շնոր­հո­ւե­ցաւ» հայ­րե­նի տուն վե­րա­դառ­նա­լու ի­րա­ւուն­քը…

Այդ «շնոր­հո­ւած ի­րա­ւունք»ին սպա­սե­լու պէտք չու­նէր, ան­շուշտ, ­Կի­լի­կիոյ հա­յու­թեան ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած զան­գո­ւա­ծը, որ ­Սու­րիա­կան ա­նա­պատ­նե­րէն եւ ­Հա­լէ­պէն բռնեց հայ­րե­նիք վե­րա­դար­ձի ճամ­բան։ ­Մա­րա­շի հա­յու­թիւ­նը յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն ե­ղաւ, ո­րով­հե­տեւ Ա­տա­նա նա­հան­գի վար­չա­կան կեդ­րո­նը ըլ­լա­լով՝ ­Մա­րաշ քա­ղա­քը կը հան­դի­սա­նար ­Կի­լի­կիոյ տնտե­սա­պէս ա­մէ­նէն աշ­խոյժ շրջա­նը։

­Հայ­րե­նի իր տան վե­րա­դառ­նա­լու եւ ա­մէ­նօ­րեայ իր գոր­ծին ու բար­գա­ւաճ կեան­քին վե­րա­տի­րա­նա­լու հայ մար­դուն խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը, սա­կայն, եր­կար չտե­ւեց։ ­Միեւ­նոյն Ֆ­րան­սան՝ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան փլա­տակ­նե­րուն վրայ նոր ­Թուր­քիոյ վե­րա­ձեւ­ման հե­տա­մուտ մե­ծա­պե­տա­կան իր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­շո­ւարկ­նե­րով՝ գաղտ­նի գոր­ծար­քի մէջ մտաւ ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի նո­րա­յայտ շար­ժու­մին հետ… հայ­կա­կան ­Կի­լի­կիոյ տա­րած­քէն զի­ջում­ներ խոս­տա­նա­լով եւ, փո­խա­րէ­նը, ա­ռանձ­նաշ­նոր­հում­ներ ստա­նա­լով Ա­րա­բա­կան Աշ­խար­հին մէջ, յատ­կա­պէս ­Սու­րիոյ եւ ­Լի­բա­նա­նի վրայ իր գաղ­թա­տի­րա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու հա­մար։

­Քա­ղա­քա­կան այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, քե­մա­լա­կան զօր­քը 1920ի ա­ռա­ջին իսկ օ­րե­րէն ձեռ­նար­կեց յար­ձա­կում­նե­րու՝ ֆրան­սա­կան զօր­քե­րու եւ հայ լե­գէո­նա­կան­նե­րու իշ­խա­նու­թեան տակ գտնո­ւող ­Մա­րա­շի վրայ։ ­Հա­կա­ռակ ֆրան­սա­կան «հո­գա­տար» իշ­խա­նու­թեանց ձեռն­պահ կե­ցո­ւած­քին, ­Մա­րա­շի հա­յու­թիւ­նը լծո­ւե­ցաւ իր ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կազ­մա­կեր­պու­մին։ ­Յու­նո­ւար 10-11ին բռնկե­ցան կռիւ­նե­րը եւ տե­ւե­ցին ամ­բողջ քսան օր՝ հե­րո­սա­կան դի­մադ­րու­թեան պատ­մա­կան էջ մը կտա­կե­լով հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն։

­Թէ՛ քա­ղա­քա­կան եւ թէ ռազ­մա­կան ա­ռում­նե­րով՝ ­Մա­րա­շի հե­րո­սա­մար­տը էա­պէս Ի­մա­ցեալ ­Մա­հով Ան­մա­հու­թիւ­նը նո­ւա­ճե­լու ընտ­րանք մըն էր ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած հա­յու­թեան հա­մար։ Ու­ժե­րը ան­հա­ւա­սար էին, իսկ ­Կի­լի­կիոյ ինք­նա­վա­րու­թիւ­նը հաս­տա­տե­լու հայ­կա­կան յոյ­սե­րը քա­ղա­քա­կան հե­ռան­կար չու­նէին։ ­Բայց ­Հա­յաս­պա­նու­թիւ­նը ամ­բող­ջաց­նե­լու նպա­տա­կով յար­ձա­կող քե­մա­լա­կան զօր­քին դէմ սե­փա­կան ու­ժե­րու վեր­ջին լա­րու­մով կռիւ մղե­լէ զատ ելք մնա­ցած չէր հա­յու­թեան հա­մար։ Այդ­պէս ալ ե­ղաւ եւ գրո­ւե­ցաւ ­Մա­րա­շի հե­րո­սա­պա­տու­մը։

Ք­սա­նօ­րեայ դի­մադ­րու­թիւ­նը վերջ գտաւ, երբ ֆրան­սա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ո­րո­շե­ցին պար­պել ­Կի­լի­կիան ու ա­ռա­ջին հեր­թին ­Մա­րա­շը։ ­Շուրջ 15 հա­զար հա­յեր հե­տե­ւե­ցան ֆրան­սա­կան հե­ռա­ցող զօր­քին, բայց ցմրան ա­մէ­նէն ցուրտ ե­ղա­նա­կին հե­տիոտն այդ նա­հան­ջը շատ ծանր… ար­ժեց։ 12էն 13 հա­զար հա­յեր բա­ռա­ցիօ­րէն սա­ռե­ցան եւ մա­հա­ցան նա­հան­ջի ճամ­բուն վրայ։

­Մա­րա­շի գիւ­ղերն ու քա­ղա­քը մնա­ցած շուրջ քսան հա­զար հա­յե­րուն վի­ճա­կո­ւե­ցաւ քե­մա­լա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը։

7 ­Մարտ 1920ին ­Պոլ­սոյ ֆրան­սա­կան դես­պա­նա­տու­նէն ղրկո­ւած ­Մա­րա­ջախտ տը ­Ռո­պէ­քի ծած­կա­գիր զե­կոյ­ցէն ի յայտ կու գայ, որ ­Մա­րա­շի գա­ւա­ռին մէջ 18 հա­զար հայ կո­տո­րո­ւե­ցաւ եւ միայն եր­կու հա­զար հո­գի կրցաւ փրկո­ւիլ ու ա­պաս­տա­նիլ մեր­ձա­կայ Ա­տա­նա քա­ղա­քը։

­Մա­րա­շի հա­յու­թեան նո­ւի­րո­ւած կո­թո­ղա­կան գործ մը լոյս տե­սաւ 1980ա­կան­նե­րուն, Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ, Ս­թէն­լի Ի. ­Քեր­րի հե­ղի­նա­կու­թեամբ եւ «­Մա­րա­շի Ա­ռիւծ­նե­րը» խո­րագ­րով։ Այդ գոր­ծով ալ աշ­խար­հով մէկ հռչա­կո­ւե­ցան ա­նունն ու յի­շա­տա­կը հայ­կա­կան այս հի­նա­ւուրց ա­ւա­նին ու քա­ղա­քին։

­Ներ­կա­յիս ­Քահ­րա­ման­մա­րաշ ա­նո­ւա­նո­ւած ­Մա­րա­շի գա­ւա­ռը (որ պատ­մու­թեան ծա­նօթ է ­Գեր­մա­նիկ, ­Գեր­մա­նի­կա, ­Մա­րաշ, ­Մա­րա­շայ աշ­խարհ եւ ­Մա­րա­շու գա­ւառ ա­նուն­նե­րով) կը գտնո­ւի ­Կի­լի­կիոյ Ա­տա­նա նա­հան­գին մէջ։ 1880էն յե­տոյ կա­տա­րուած օս­մա­նեան վար­չա­կան բա­ժա­նու­մով մտած էր ­Հա­լէ­պի նա­հան­գի կազ­մին մէջ։ ­Կեդ­րո­նը ­Մա­րաշ քա­ղաքն Էր։ ­Սահ­ման­ներն էին հա­րա­ւէն՝ ­Հա­լէ­պի, ա­րե­ւել­քէն՝ ­Խար­բեր­դի, հիւ­սի­սէն՝ ­Սե­բաս­տիոյ նա­հանգ­նե­րը, իսկ ա­րեւ­մուտ­քէն՝ Ա­տա­նա­յի գա­ւա­ռը: ­Կազ­մո­ւած էր 5 գա­ւա­ռակ­նե­րէ եւ 552 գիւ­ղե­րէ. ­Մա­րա­շի գա­ւա­ռակ­ներն էին՝ ­Մա­րաշ, ­Զէյ­թուն, Ալ­պիս­թան, Անտ­րու­նի (Ան­տէ­րու­նի) եւ ­Պա­զար­ճաք:

­Մա­րա­շը 10րդ ­դա­րու վեր­ջե­րուն ու­նե­ցած է 178 հա­զար բնա­կիչ, ո­րուն 50 հա­զա­րը` հայ, իսկ մնա­ցա­ծը` թուրք, քիւրտ եւ ա­րաբ էին։ Իսկ 20րդ ­դա­րու սկիզ­բը ու­նէր 18.105 քառ. կմ. տա­րածք, ո­րուն 105.100 հեկ­տա­րը մշա­կե­լի հո­ղեր, իսկ 45 հա­զար հեկ­տա­րը ան­տառ­ներ էին: ­Գա­ւա­ռի մե­ծա­գոյն մա­սը լեռ­նա­յին է: Ջ­րա­ռատ է, գե­տե­րով հա­րուստ. գլխա­ւոր գե­տը ­Ճա­հան (­Փի­ռա­մոս) գետն է:

­Մա­րա­շի հա­յե­րը կը զբա­ղէին ցո­րե­նի, բամ­պա­կի, բրին­ձի եւ ծխա­խո­տի մշա­կու­թեամբ ու այ­գե­գոր­ծու­թեամբ, նաեւ՝ խա­ղո­ղա­գոր­ծու­թեամբ: Ու­նէր ըն­դար­ձակ ա­րօ­տա­վայ­րեր, ո­րոնք կե­րի բնա­կան շտե­մա­րան­ներ էին շրջուն ա­նաս­նա­պա­հու­թեան հա­մար։ Բ­նակ­չու­թեան մէկ մա­սը կը զբա­ղէր նաեւ ար­հեստ­նե­րով (ա­տաղ­ձա­գոր­ծու­թիւն, կա­ւա­գոր­ծու­թիւն, թամ­բա­գոր­ծու­թիւն)։ ­Մա­րաշ ու­նի եր­կա­թի, վար­դա­գոյն եւ սեւ մար­մա­րի հան­քեր: ­Յայտ­նի են ­Զէյ­թու­նի, Ալ­փիս­տա­նի, ­Մա­րա­շի հան­քա­յին ջու­րե­րը:
ԱԶԱՏՕՐ
http://azator.gr

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail